Որոնել

Թէզէի համամիութենական Միաբանութեան Հիմնադիր՝ Եղբայր Ռոժէ Թէզէի համամիութենական Միաբանութեան Հիմնադիր՝ Եղբայր Ռոժէ 

Թէզէի համամիութենական Միաբանութեան Հիմնադիր՝ Եղբայր Ռոժէի սպանութեան 14-րդ տարեդարձը։

Թէզէյի հասարակութեան այսօր մաս կը կազմեն տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան ու 25 երկիներէ ժամանող հարիւրէ աւելի եղբայրներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

16 օգոստոսին կը յիշատակուի Թէզէի համամիութենական Միաբանութեան Հիմնադիր՝ Եղբայր Ռոժէի սպանութեան 14-րդ տարեդարձը։

Արդարեւ 16 Օգոստոս 2005 Ֆրանսայի Պիւրկիւնտի մարզին մէջ գտնուող Թէզէի համամիութենական Միաբանութեան հիմնադիրը՝ հոգեշնորհ Եղբայր Ռոժէ Շուլցը հաշտութեան Եկեղեցւոյ մէջ կայացած երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին սպաննուեցաւ մտային հիւանդութեամբ Լումինիթա Սոլքան անունով 36 տարեկան ռումանացի կինի մը ձեռքով, որ ժամերգութեան ընթացքին յարձակելով 90 ամեայ հոգեւորականին վրայ դաշունահարեց զինք։

Լումինիթա Սոլքան բազմիցս դիմած էր հոգեւոր քոյր դառնալու համար, սակայն իր մտային հիւանդութեան պատճառաւ անոր խնդրանքը միշտ ալ մերժուած էր։

Եղբայր Ռոժէ որ ծնունդով զուիցերացի էր, ու մաս կը կազմէր  բողոքական եկեղեցւոյ, եղած է հիմնադիրը Թէզէի համամիութենական Միաբանութեան։ 1915-ի ծնունդ ապագայի կղերականը 1937-1940 տարիներուն ուսանած է Սթրազպուրկի եւ Լոզանի բողոքականներու Աստուածաբանութեան համալսարաններու մէջ եւ 1940-ին՝ 25 տարեկանին կը փոխադրուի Ֆրանսա, ուր սակայն թոքախտի վարակիչ հիւանդութենէ կը տառապի, որուն ընթացքին սակայն անոր մէջ կը հասուննայ կրօնաւորական միաբանութիւն  մը հիմնելու կամքը, որուն արժէքները ըլլան պարզութիւնը, սրտի բարութիւնը ու Աւետարանի նկատմամբ հաւատարմութիւնը։

Համաշխարհային Բ պատերազմի ընթացքին ուզելով հետեւիլ իր մեծ մօր օրինակին, որ առաջին աշխարհամարտի ընթացքին օգնութեան հասած էր պատերազմէն տառապող բազմաթիւ անձերուն, ինք եւս տեղ մը կը փնտռէ ուր հաստատել իր կեդրոնը ու զայն կը գտնէ Ֆրանսայի Քլիւնի քաղաքի մօտ Թէզէի գիւղաքաղաքին մէջ, ուր ձեռք կը բերէ կառոյց մը ու իր քրոջ Ճընըվիեվի հետ միասին սկիզբ կու տայ «ընկալումի» ծառայութեան, տան դուռը բանալով պատերազմի փախստականներուն ու յատկապէս հրեաներուն առջեւ։

1942-ին ընտանիքի մէկ բարեկամ զինուորական մը Եղբայր Ռոժէն կը զգուշացնէ ու կը խրատէ ժամանակաւոր կերպով հեռանալ այդ վայրէն որովհետեւ  Գերմանիոյ նացիական գաղտնի ոստիկանութիւնը «Կէսթափօն» զինք կ՛ուզէր ձերբակալել։  Եղբայր Ռոժէն ու իր քոյրը կը հեռանան այդ վայրէն ու վերադարձ կը կատարեն միայն երկու տարիներ ետք՝ 1944 թուականին, երբ սակայն ան այլեւս միակ չէր ու Թէզէի հասարակութեան մաս սկսան կազմել այլ անձինք։

1945-ին հասարակութիւնը կը հիւրընկալէ պատերազմի որբեր ու 1949-ին հասարակութեան ադդաները կ՛որոշեն ուխտել ողջախոհութիւնը, որուն բերումով 1952 – 1953 ձմռան՝ Եղբայր Ռոժէ կը շարադրէ Թէզէյի հասարակութեան Կանոնը։

Եղբայր Ռոժէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ զոր կաթողիկէ ծէսով նախագահեց Կարդինալ Վալթեր Քասփեր,  տեղի ունեցաւ 23 օգոստոսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 հազար անձինք։ Եղբայր Ռոժէին յաջորդեց Եղբայր Ալուա Լոզէրը։

Թէզէյի հասարակութեան այսօր մաս կը կազմեն տարբեր քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան ու 25 երկիներէ ժամանող հարիւրէ աւելի եղբայրներ, որոնք իրենց համամիութենական գործունէութեան ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացնեն նաեւ երիտասարդներուն, առիթ ընծայելով անոնց իմաստ տալ իրենց կեանքին ու յանձնառու ըլլալ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ,  զանոնք խրախուսելով դառնալու խաղաղութեան եւ հաշտութեան պատգամաւորը։։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2019, 07:44