Որոնել

«Համբարձման տօն»  «Համբարձման տօն»  

«Համբարձման տօնը» Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի խորհրդածութիւնը։

«Դուք պիտի ըլլաք վկաներս՝ Երուսաղէմ, (…) եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»: Այս խօսքերէն ետք, մինչդեռ անոնք կը նայէին, Յիսուս վերացաւ եւ ամպ մը խլեց զինք անոնց աչքերէն: Անոնք ակնապիշ կը նայէին անոր վերացումին դէպի երկինք (…)» (Գործք 1, 8-10):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Համբարձման տօնը, մեր եկեղեցական կեանքին մէջ, կը նշէ Յիսուսի երկրաւոր կեանքին վերջին դէպքը եւ մեր առջեւ, Աւետարանին միջոցաւ, կը պարզէ կարեւոր տեսարան մը: Այս դէպքին եւ տեսարանին մէջ երկու յատկանշական կէտեր կան, որ հաւատացեալը հրաւիրուած է մտածելու անոնց մասին: Այս կէտերէն մէկը՝ Յիսուսի իր առաքեալներէն բաժանումն է եւ երկրորդը՝ անոր տուած վերջին պատուէրն է:

Երբ բաժանում ըսենք, բնական պատկերը, որ մեր միտքը կու գայ, տխուր մթնոլորտի մէջ նկարագրուած պատկեր մը կրնայ ըլլալ: Սակայն այդպէս չէ այսօրուան իրականութեան մէջ, որովհետեւ Աւետարանը կը գրէ, թէ Յիսուսի մեկնումէն ետք աշակերտները ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ: Պատուէրը այնքան զօրաւոր, կենսական ու գեղեցիկ էր, որ բաժանումը երկրպագութեամբ աւարտեցաւ աշակերտներուն կողմէն:

Այս դէպքը հիմնականօրէն կը նկարագրուի մեզի Ղուկասի աւետարանին մէջ եւ կը կրկնուի Առաքեալներու Գործերուն մէջ: Մարկոս ալ տողով մը կը յիշէ համբարձման տեսարանը:

Ղուկասի Աւետարանէն կը կարդանք. «Յետոյ Յիսուս տարաւ զանոնք Բեթանիա եւ ձեռքերը բարձրացնելով օրհնեց զանոնք, եւ մինչ կ'օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ եւ վերացաւ դէպի երկինք: Անոնք երկրպագութիւն ըրին առջեւը եւ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ: Անոնք Տաճարն էին շարունակ…» (Ղուկաս 24, 50-52):

Իսկ Առաքեալներու Գործերուն մէջ կը կարդանք. «Դուք պիտի ըլլաք վկաներս՝ Երուսաղէմ, (…) եւ մինչեւ երկրի ծայրերը»: Այս խօսքերէն ետք, մինչդեռ անոնք կը նայէին, Յիսուս վերացաւ եւ ամպ մը խլեց զինք անոնց աչքերէն: Անոնք ակնապիշ կը նայէին անոր վերացումին դէպի երկինք (…)» (Գործք 1, 8-10):

Ոչ մէկ տխրութեան նշանի, կամ ցաւալի բաժանումի մթնոլորտի մը նկարագրութիւնը կայ հոս: Այլ կայ երկրպագութիւն՝ այսինքն հնազանդութիւն, եւ զարմանքով նայուածք դէպի ամպը, որ անոնցմէ վերջնականապէս հեռու կը տանի իրենց սիրելի Վարդապետը:

Ահա նորէն կը վերադառնամ աշակերտներուն կարեւոր երկու կեցուածքներուն:

«Երկրպագութիւն ըրին», կը կարդանք Ղուկասի մօտ, եւ «ակնապիշ կը նայէին ամպին» կը կարդանք Գործք Առաքելոցի մէջ:

Համառօտ Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գիրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Քրիստոս, քառասուն օր իր առաքեալներուն երեւնալէն ետք՝ Յարուցեալի իր փառքը ծածկող սովորական մարդու երեւոյթին ներքեւ, երկինք համբարձաւ եւ Հօր աջակողմը բազմեցաւ» (132):

Իսկ աշակերտները ի՞նչ ըրին: Եւ մենք ի՞նչ ընելու հրաւիրուած ենք այսօր:

Այս դէպքը թէեւ մարմնով վերջնական բաժանումը կը նշէ աշակերտներէն, սակայն տխրութիւն չկայ մթնոլորտին մէջ, այլ երկրպագութիւն, այսինքն հնազանդութիւն եւ ընկալում: Կայ զարմանք, որովհետեւ խորհուրդի մը դիմաց կը գտնեն իրենք զիրենք:

Ինչպէ՞ս կարելի էր, որ իրենց Վարդապետը իրենցմէ կը բաժնուէր եւ անոնք տխուր չէին, այլ անոնց սիրտերը խաղաղ էին, եւ խոստումին համաձայն, սպասումի մէջ էին:

Հոս է որ աշակերտները կը մտնեն ուրախ սպասումի շրջանին մէջ եւ համբարձման այս տեսարանը անոնց սրտերուն մէջ արդէն կը վառէ առաքելութեան կրակը:

Մարմնով թէեւ բացակայ, սակայն անոնց հետ մնալու եւ անոնց հետ խորհրդաւոր կերպով բնակելու սկիզբը կը նշէ:

Այսօրուան Շարականին մէջ, Հայաստանեայց Եկեղեցին կ'երգէ.

«Այսօր փառքով երկինք՝ Հօր մօտ համբարձար հրեշտակներու գունդերով

եւ մեզ երկրի վրայ պահեցիր» (հարց):

Շարականագիրը այս «պահեցիր» բայով կը բացայայտէ երկու կէտերուն՝ բաժանումին ու պատուէրին իմաստը: Բաժանումը, որ ուրախութեան մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ եւ պատուէրը, որ ընելն էր այն ինչ որ պատուիրեց անոնց որ ընեն, որպէսզի ան միշտ անոնց հետ մնար:

Դուն մեզ երկրի վրայ պահեցիր, կը մտածէ շարականագիրը, պահպանելով ապահով պահեցիր, զօրացուցիր, զօրաւոր պահեցիր, եւ դուն, ով Տէր, փառքով երկինք՝ Հօր մօտ համբարձար:

Վարդապետն ու աշակերտները մինչեւ համբարձման օրը նոյն հարթակի վրայ էին:

Սակայն Համբարձումէն ետք այլեւս չեն:

Այսինքն անոնց աչքերը ալ կարող պիտի չըլլան տեսնելու Յիսուսը, նոյնիսկ յարուցեալ եւ փառաւորեալ մարմնով:

Ան սակայն հանգրուանային կերպով աշակերտները կազմաւորած ու պատրաստած էր, որպէսզի անոր ֆիզիքական ներկայութենէն անցնէին խորհրդաւոր ներկայութեան՝ նախ որպէս հասարակութիւն, երբ անոնց ըսաւ միասին մնացէ՛ք եւ սպասեցէ՛ք:

Ապա հասարակութեան անդամներու միջեւ որպէս հաղորդութիւն, որպէս բեկանուած հաց, որ զիրենք պիտի միացնէր եւ այդ հացը նոյն ինքն Քրիստոսը պիտի ըլլար: Կերակրող, միացնող եւ այլակերպող հաղորդութիւն:

Իրմով պիտի կերակրէր անոր երկրպագուները եւ այսօր ալ կը կերակրէ, ուրախութեամբ ճամբելով զանոնք դէպի աշխարհի չորս կողմերը:

Իրմով պիտի միացնէր եւ կը շարունակէ միացնել, անսասան պահելով իր Եկեղեցին, աշխարհի բարձր ալիքներուն դիմաց:

Իրմով, ամէն անգամ որ քրիստոնեան կը հաղորդուի, կ'այլակերպի Քրիստոսի մարմնին եւ կ'ըլլայ Եկեղեցի, կ'ըլլայ ուրախ երկրպագու, հիացող Աստուածային խորհրդաւոր ամպին դիմաց եւ կը դառնայ այլ ոմն Քրիստոս աշխարհի մէջ:

 

Համբարձման տօն

21 Մայիս 2020

Վարդան վրդ. Գազանճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2020, 07:20