Միջազգային Քարիթասի յայտարարութիւնը, արարչագործութեան խնամքի միջազգային աղօթքի օրուան առթիւ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Արարչագործութեան խնամքի միջազգային աղօթքի օրուան առիթով, Միջազգային Քարիթասը հրապարակեց յայտարարութիւն մը մաղթելով , որ համաճարակի տագնապը հրաւէր դառնայ հասարակաց տունը յարգելու
Սեպտեմբեր մէկին , արարչագործութեան խնամքի նուիրուած աղօթքի միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած յայտարարութեան մէջ միջազգային քարիթասը յորդորեց որ Քովիտ 19 համաճարակը հրաւէր դառնայ հասարակաց տունը յարգելու, նկատել տալով, որ սոյն միջազգային օրը առիթ է նշելու քրիստոնէական հաւատքը, որ կ՝արտայայտուի նաեւ հասարակաց տան խնամքի միջոցաւ եւ վերանորոգելու սիրտն ու միտքը, վերականգնելով Աստուծոյ եւ ուրիշին հետ կապերը։
Միջազգային քարիթասի յայտարարութեան մէջ նշուած է որ տեղական հասարակութիւններ, արարչագործութեան խնամքի պակասի հետեւանքով , առաջին զոհերն են, եւ ասոր համար անհրաժեշտ է անմիջական գործողութիւնները, արարչագործութեան խնամքի ի խնդիր, սկսելով սննդեղէնի անվտանգութեան, խմելիք ջուրին եւ կենսոլորտի պահպանումէն։
«Մարդկային համապարփակ զարգացումը կարելի է իրականացնել լոկ բնապահնանողական, տնտեսական ընկերային եւ քաղաքական կայուն համակարգերու ստեղծումով։» նշուած է յայտարարութեան մէջ որուն աւարտին, միջազգային քարիթասը կոչ ըրած է աղօթելու եւ գործելու՝ կառուցելու համար զօրակցութեան եւ սիրոյ հասարակութիւն մը։
Յիշենք, որ Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի միջազգային օրը հիմնեց Ֆրանչիսկոս Պապ 2015 թուականին, որ այս տարի հասաւ իր 6-րդ փուլին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ