Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Թուղթէ, բայց ամո՛ւր
Թուղթին բարակութեան ու ամենախոցելի փափկութեան մասին յաւելեալ բացատրութիւն տալու կարիք չունինք: Ամէն մարդ նաեւ գիտէ, որ թեթեւ կարծուած թուղթը, երբեմն երկաթէն աւելի՛ ծանր կը կշռէ, երբ քով-քովի գայ, տրցակներու վերածուի եւ կամ գիրքի ձեւ ստանայ:
Այս գրութիւնը թուղթի ու տպագրութեան մասին չէ՛, ոչ ալ` գիրքի ու կազ-մարարութեան: Միւս կողմէ թուղթէ աստիճաններն ալ երեւակայական գաղափար են միայն, որոնց կրնանք հանդիպիլ հեքիաթներու մէջ, եւ կամ անոնց մասին մանուկներ մեզի կրնան պատմել, իրենց տեսած երազներուն մասին խօսելով: Այլապէս ինչպէ՞ս կրնայ թուղթէ աստիճան գոյութիւն ունենալ, որ մարդու մը ծանրութիւն կարենայ կրել իր վրայ: Աւելին, թուղթէ աստիճան կրնա՞յ ըլլալ, զոր կարենանք ամուր կոչել: Թուղ-թին փափկութիւնը արդէն բացատրութեան կարիք չունի, ինչպէս ըսինք:
Այս մասին մեր ունեցած զրոյցները որոշ անձերու հետ, առաջին իսկ առիթով զանոնք մղած են մտածելու թուղթին վրայ գրուած գրութեան մը մասին, որ ինքնին կրնայ «զօրաւոր» ըլլալ: Ուրեմն, անոնց կարծիքով, այդ գրութիւնն է որ ծանրակշիռ կը դարձնէ թուղթը, որ այլապէս շատ թեթեւ նիւթ մըն է եւ շուտով խոցելի: Բան մը, որ պատռուելով աղբամանը կը նետուի, կամ ուղղակի կ՛ոչնչանայ երբ ջուրին մէջ նետուի: Ասիկա դրական մօտեցման եղանակ մըն է մեր արծարծած նիւթին: Ընդհակառակը, մեր մտածումները պիտի բանաձեւենք թուղթին վրայ գրուած ժխտական գրութիւններու մասին, որոնք սակայն հակառակ ազդեցութիւն կ՛ունենան ինքնավստահ մարդու հոգեկանին վրայ:
Բոլորս ալ կ՛ընդունինք որ կատարեալ մարդ չկայ այս աշխարհին մէջ: Իբրեւ մարդ ծնիլ՝ կը նշանակէ արդէն թերութիւններ ունենալ: Այս գիտակցութիւնը պէտք է մղէ իւրաքանչիւր մարդ անհատ զգուշութեամբ վարուելու ուրիշներու հետ, նոյնիսկ երբ անոնց սխալները պէտք ըլլայ մատնանշել, նկատի ունենալով որ ինք եւս ունի իրեն յատուկ թերութիւններ: Ոմանց թերութիւնները բացայայտ կ՛ըլլան, իսկ ուրիշներունը՝ աննկատելի:
Ֆիզիքական թերութիւններու պարագային պատկերը աւելի յստակ կ՛ըլլայ եւ մեր տալիք օրինակը՝ աւելի՛ հասկնալի: Եթէ կաղ մէկուն հանդիպինք, անմիջապէս կը նկատենք անոր ոտքին թերութիւնը, որովհետեւ քալելու ստիպողութեան դիմաց, ա-նոր թերութիւնը շուտով կը յայտնուի: Ուրիշ մը կրնայ մարմնին վրայ վէրք մը ունենալ, որ շապիկին տակ ծածկուած ըլլալուն պատճառով, մարդ չի՛ տեսներ զայն: Վերոյիշեալ երկուքը թերութիւններ ունէին, մէկունը բացայայտ էր, իսկ միւսինը՝ ծածուկ:
Մենք ուզե՛նք կամ ոչ, մարդիկ ազատութիւն կու տան իրենք իրենց քննադատելու մեր անձն ու գործը: Ոմանք կը դժուարանան ընդունիլ այս իրականութիւնը, պայքարելով, ու գէթ չարտօնելով որ ուրիշներ վիրաւորեն զիրենք: Մէկը կ՛ըսէր. «Չեմ արտօներ որ առանց իմ գիտութեան ամբաստանեն զիս, կամ իմ մտքերուն վրայէն քալեն իրենց կեղտոտ ոտքերով»: Իրաւացի եւ արդար մարդու ինքնավստահ կեցուածք է ասիկա, երբ փոխադրաձ յարաբերութիւններու իր կեանքին մէջ եղած է ուղիղ ու հաւասարակշռուած: Այսպիսի կերպարներ ներողամտութեան ամէնէն նուրբ զգայարանքով օժտուած կ՛ըլլան, որոնք ինչքան ալ մեղքը կ՛ատեն, բայց մեղաւորը կը սիրեն, հաւատալով իր իրենց ներողամտութեան ոգիով անպայման կրնան զայն դարձի հրաւիրել: Ինքնամոռացութեան կամ անձնուիրումի իւրայատուկ ձեւ մըն է ասիկա, երբ մարդիկ իրենց անձը կը կորսնցնեն, ուրիշներու ծառայելու ընթացքին: Ճիշդ այս անկեղծ անձնազոհութիւնն է որ կը վիրաւորուի, երբ անոնք իրենց ցուցաբերած նուիրումին դիմաց զրպարտութիւն եւ բամբասանք գտնեն, ի պատասխան իրենց անկեղծութեան:
Ծերունի բարեկամս այս մասին խորհրդածելով յաճախ կը քաջալերէր այն անձերը, որոնք իրենց կարելին կ՛ընեն ուրիշներուն ծառայելու համար, իսկ այն խրատը զոր կու տար ան այդ անձերուն, այդ օրերուն զարմանալի կը թուէր ինծի, սակայն այսօր ամբողջութեամբ համամիտ են իր կարծիքին: Ան կ՛ըսէր.
– Ինչ բամբասանք, զրպարտութիւն կամ քեզ վարկաբեկող խօսք լսես որ ըսած են քու մասիդ, առանձին էջի մը վրայ գրէ: Ինչքան շատնան այդ էջերը, զանոնք շարէ իրարու վրայ եւ այդ թուղթերու աստիճանին վրայ կոխելով, դուն աւելի՛ պիտի բարձրանաս: Ապա ան կ՛աւելցնէր ըսելով. քեզի դէմ հակառակ արտայայտուողները, քու անվճառ մունետիկները են:
Տարիներ անցեր են ծերունի բարեկամիս մահէն, սակայն դեռ ականջիս մէջ կը զնգայ անոր ձայնը, որ նոյնիսկ աւելի յստակ կը թուի ըլլալ, քան այդ օրերուն: Թուղթէ աստիճաններուն վրայ շատ բարձրացած էր ան, վստահաբար, որովհետեւ իւրայատուկ ինքնավստահութեամբ կը խրատէր իր ունկնդիրները: Այդ թուղթէ աստիճաններուն ամրութիւնը զգացած էր ան իր ոտքերուն տակ, որոնք բնա՛ւ չէին փափկացեր, ո՛չ ալ ծռեր էին կամ ծալլուեր: Ճիշդ է, անոնց վրայի գրութիւնները նպաստաւոր չէին այն անձին համար, որ անոնց վրայ կը կոխէր, սակայն եւ այնպէս թուղթերը խտանալով աստիճանի վերածուեցան եւ ան կրցաւ բարձրանալ դէպի վեր:
«Ամէն չարիքի մէջ բարիք կայ», կ՛ըսէ ժողովրդային առածը, եւ այս պարագային անգամ մը եւս ճշմարտութիւն կը դառնայ անոր մէջ գտնուող խորիմաստ միտքը: Արհամարհանքը եւ անտեսումը լաւագոյն միջոցները կը համարուին այն մարդոց կողմէ, որոնք գործ ունին կատարելիք այս կեանքին մէջ: Ասոնք կարեւորութիւն չեն տար նաեւ այն ականջներուն, որոնք տեղեկահաւաքի կամաւոր աշխատանք կատարելով, իրենց ականջներուն մէջ կը կաթեցնեն անհաճոյ խօսքեր:
Մեղանչումներու շարքին պէտք է աւելցնել ժամավաճառ ըլլալու մեղքը, որմէ խուսափելու լաւագոյն միջոցը, բամպակ դնելն է ականջներուն մէջ, շարունակելու համար դրական աշխատանքը: Առածին մէջ յիշուած կարաւանին բոլոր չորքոտանի-ներու ականջներուն մէջ ալ բամպակ դրած էին հաւանաբար զանոնք առաջնորդողները, այլապէս կենդանիները պիտի լսէին շան հաջոցները, երբ անցնէին գիւղերու քովէն: Սակայն իրենց ականջներուն մէջ «բամպակ» ունենալուն պատճառով, կարաւանին չորքոտանիները հանդարտ անցան ու իրենց ճամբան շարունակեցին, մինչ շուները իրենց կոկորդը պատռելու չափ կը հաջէին: Խե՜ղճ շուներ…:
Բարոյագիտական օրէնքներէն ոմանք, որոնք դարեր առաջ բանաձեւուած են համամարդկային որոշումներով, ամփոփոխ կը մնան բոլոր ժամանակներուն համար: Սակայն, կան ըմբռնումներ, որոնց արտայայտած կանոնները տողին երկու կողմերէն ալ ընթեռնելի եւ ըմբռնելի կը մնան: Փոփոխութեան ենթարկուածներէն մէկն է, օրինակ, թուղթին վրայ գրուած բամբասանքներուն ու զրպարտութեանց դրական ազդեցութիւնը մեր ապագայ գործունէութեան վրայ: Ինչո՞ւ մտահոգուիլ կամ տագնապիլ լսելով մեր մասին եղած աւելորդ արտայայտութիւնները: Անոնք մեր օգտին համար են, որովհետեւ առանձին թուղթերու վրայ համբերութեամբ գրուած այդ տհաճ նախադասութիւնները, մեր բարձրացման գործընթացին պիտի նպաստեն: Այլապէս ինչքա՜ն պիտի խնդրէինք, եւ նոյնիսկ վճարէինք բարձրաղաղակող մարդոց, որպէսզի մեր արժանիքներուն մասին պատմէին բեմերէն: Մինչ այդ մեր ունեցած կա-րողութիւններուն դէմ այդ պայքարողները, միա՛յն կը կարծեն թէ մեզի դէմ հակաքարոզչութիւն կատարած են: Ընդհակառակը, անոնք ձրիօրէն պիտի շարունակեն ծառայել մեզի, պիտի շրջին լեռներ ու ձորեր, իրենց մաղձը թափելով աջ ու ձախ: Սակայն հանրային կարծիքը այս ու այն կողմ թեքելը, այսինքն մարդոց տպաւորութիւնը փոփոխութեան ենթարկելը, հիմնաւորուած պէտք է ըլլայ: Այլապէս ի՛նք՝ դրական աշխատանքով հիմնաւորուած անձը մի՛շտ պիտի յաղթանակէ, ինչքան ալ ծանօթ առածին մէջ, անցորդ կարաւանին ունկնդրած համոյթին ներկայ գտնուի ան, աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:
Հաւաքէ՛ ամուր թուղթերը, որպէսզի կարենաս հանգիստ բարձրանալ եւ տեսնել վարի խեղճութիւնները:
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ