Որոնել

«Աստուածային Ողորմութեան Պատկերը» Հայր Ղազար Վրդ. Պետրոսեան

Զատկուայ յաջորդող Առաջին Կիրակին, զոր կը կոչուի հայկական ծէսի օրացոյցին համաձայն Նոր Կիրակի, Աստուածային Ողորմութեան Տօնն է. Յիսուս յատուկէն կը խնդրէ, այդ օրը Խոստովանիլ եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալ, նաեւ ամէն օր կէսօրուայ ժամը «3»ին Աստուածային Ողորմութեան վարդարանը աղօթել, որովհետեւ Աստուած միշտ ողորմած է, ամէն օր, ուր որ ալ ըլլանք, մեզի ցոյց կու տայ Իր Սէրը. Աստուածային Ողորմութեան օրը յատուկ օր մըն է, ուր իւրաքանչիւր մեղաւոր առիթը ունի, իր անցեալը Ողորմած Աստուծոյ ձեռքը ձգել եւ ամէն բան նոր սկսիլ. Ամէն:

Աստուածային Ողորմութեան Պատկեր

Քրիստոսի Անդորրութիւնն ու խաղաղութիւնը ձեր հետ ըլլան, Սիրելի հաւատացեալներ:

Շատեր ձեզմէ լսած են կամ տեսած, Աստուածային Ողորմութեան Պատկերը: Ան Միակ պատկերն է, Քրիստոնէութեան պատմութեան ընթացքին, զորս Յիսուս Քրիստոսի խնդրանքին եւ ցուցմունքին համաձայն գծուած է:

Երեւումը: 22 Փետրուար 1931ին Բոցք – Լեհաստան Քաղաքին մէջ, Տէրը Անձամբ կ՛երեւնայ Սրբուհի Ֆաուսjինա Քովալսքային եւ կը խօսի Աստուածային Ողորմութեան պատկերին մասին:

Գծագրութիւնը: 1934ին Վիլնիուս – Լեհաստան Քաղաքին մէջ գծագրութիւնը տեղի կ՛ունենայ:

Յիսուս անձամբ Սրբ. Ֆաուսդինային կ՛ըսէ.«կը խոստանամ, այն անձին զոր յատուկ բարեպաշտութիւն, ցուցաբերէ այս պատկերին հանդէպ, պիտի չ՛կորսուի. Նաեւ կը խոստանամ իրեն յաղթանակ այս աշխարհիս վրայ գտնուող իր թշնամիներուն հանդէպ, յատուկէն իր մահուան ժամուն Ես անձամբ զինք պիտի պաշտպանեմ, որպէս իմ փառքս». Օրագիր, 48

 

• Պատկերին (8) Մասնիկները:

1. Աչքերը

Իւրաքանչիւր հանդիպում փոխադարձ նայուածքով մը կ՛սկսի, Յիսուս կ՛ըսէ.«Նայուածքս այս նկարին մէջ, խաչափայտի վրայի նայուածքիս նման է» Օր. 326: Գողգոթայի նայուածք(Սէր, ընդունելութիւն, ներում, ցմահ գուրգուրանք եւ ողորմութիւն որոնք կամուրջ մը կը ստեղծէն մեղաւորին անդունդէն դէպի Սուրբ Աստուած):

2. Աչ Ձեռքը Բարձրացած (կ՛օրհնէ)

Երբ մօտէն նայինք, կը տեսնենք քամին հետք ձգած վէրքը, զոր մահուան դատապարտած էինք, սակայն Տէրը զայն կը բարձրացնէ ոչ թէ վրէժ խնդրելու, այլ մեզ օրհնելու: Յիսուս նոյնը սորվեցուց Քոյր Ֆաուսդինային ըսելով.«Եթէ մէկը քեզի վնաս հասցնէ, մտածէ ինչպիսի բարիք մը ընելով կրնաս այդ անձին հատուցանել» Օրակարգ, 1760:

Իսկ Աւետարանին մէջ, Տէրը կ՛ըսէ.«Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարի՛ք ըրէք ձեզ ատողներուն: Օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ ձեզ կը զրպարտեն»: (Ղուկ. 6, 27-28 )

Ողորմութիւնը Սէր մըն է որու արժանի չենք, սակայն այսպիսի սիրոյ մը փորձառութիւնը, մեզ աւելի Աստուծոյ կը մօտեցնէ:

3. Ձախ Ձեռքը (Սրտին վրայ դրուած)

Այս ձեռքը կը նշէ ամէնակարեւոր անդամը զոր կը գտնուի պատկերին մէջ, Յիսուսի խոցուած Սիրտը:

Սիրտը այն վայրն է, ուր կը ծնին՝ զգացումները, մտածումներն ու որոշումները ... Սիրտը այն վայրն է ուր մարդս որոշում կ՛առնէ Սիրելու: Յիսուս Իր Սրտին մէջ որոշում առաւ, Իր կեանքը զոհելու մեզի համար ըսելով.«Չեմ ուզեր պատժել ցաւող համայն մարդկութիւնը, այլ կը փափաքիմ դարմանել, սեղմելով զանոնք անյետաձգելի օրէն, Իմ Ողորմած Սրտիս» Օրակարգ, 1588:

4. Լոյսի երկու Շողեր

Տէրը կ՛ըսէ.«Սրտէս կը յորդի հզօր Ողորմութիւնս` հոգիներուն համար, մանաւանդ մեղաւորներուն հանդէպ. Միայն անոնք կարող են հասկնալ, թէ ես իրենց լաւագոյն Հայրն եմ եւ իրենց համար սրտէս յորդեցան Ջուրն ու Արիւնը» Օր. 367:

Երկու շողերու մասին Յիսուս կ՛ըսէ Սրբուհի Ֆաուսդինային.«Ձողանշան ճառագայթը կը խորհրդանշէ ջուրը, զորս հոգիները կ՛արդարացնէ, իսկ կարմիր ճառագայթը կը խորհրդանշէ արեան, զոր կը սնուցանէ հոգիները» Օր. 299:

Ջուրը կը ներկայացնէ Մկրտութեան եւ Խոստովանանքի խորհուրդներուն մասին, նաեւ Ս. Հոգիին պարգեւներուն մասին:

Արիւնը կը ներկայացնէ Ս. Հաղորդութեան մասին, որուն միջոցաւ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ իր Հզօր Ողորմութիւնն ու մեր մեղքերուն քաւութիւնը, իր Անձը մեզի նուիրելով:

5. Ոտքերը

Քրիստոսի ոտքին հետքերը մեզի ցոյց կու տան, իր կրած տառապանքները, անոնք վիրաւորուած են մեր մեղքերուն երեսէն, սակայն Յիսուս միշտ առաջին քայլը կը նետէ չսպասեր մեզի, այլ անառակ որդիին առակին մէջի, Հօր նման, առանց սպասելու որ մենք սուրբ ըլլանք, դարձի գանք եւ կատարեալ ըլլանք, այլ միշտ ինքը կը շրջի տկարը փնտռելու եւ զինք գտնելու:

Ինչպէս կը կարդանք աւետարանին մէջ.« Ու մինչ դեռ հեռու էր, Հայրը տեսաւ զինք, գութը շարժեցաւ, ելաւ, ընդառաջ գնաց, վզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց զինք»: (Ղուկ. 15, 20)

6. Ճերմակ Պատմուճանը

Յիսուս Պատկերին մէջ Ճերմակ պատմուճան հագած կը ներկայանայ որպէս խորհրդանիշ իր Յարութեան: Տիրոջ մարմնին կ՛արտացոլան իր հինգ վէրքերը, սակայն իր տարազին ճերմակ քղանցքը կը մատնանշէ Տիրոջ յաղթանակը մահուան: Այս Գերբնական Տիրոջ կեանքի երեւոյթները մեզի կը ներկայացնեն Աստուածային Ողորմութեան յայտնումը համայն մարդկութեան:

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Կ՛ըսէ.«Քրիստոս իր Յարութեամբ, Հօր Աստուծոյ կատարեալ Սէրը յայտնեց, իրեն հանդէպ եւ իր միջոցաւ բոլոր ազգերուն»:

7. Պատկերին Խաւար մասը

Պատկերին խաւար մասը կը խորհրդանշէ մեր մեղքերուն խաւարը, որուն մէջ մեր կեանքի ոլորտը կը ներկայանայ լի ցաւով ու վախով, սակայն Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթական ներկայութիւնը մեզի ներումի յոյսը կը ներշնչէ:

Ուր կ՛ըսէ.«Ես իբրեւ լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ»: (Յովհ. 12, 4)

8. Գրութիւնը.«Յիսուս, ես քեզի կը վստահիմ»

Յիսուս խնդրեց սրբուհի Ֆաուսդինայէն այս նախադասութեան տպագրութիւնը պատկերին վարի մասը, որպէս զի մարդոց սրտէն շող մը ուղղուի դէպի Աստուածային Ողորմութեան Սիրտը, որոնք պատասխան են Յիսուս Քրիստոսի Անսահման Սիրոյն:

9. Աստուածային Ողորմութեան Տօնը

Զատկուայ յաջորդող Առաջին Կիրակին, զոր կը կոչուի հայկական ծէսի օրացոյցին համաձայն Նոր Կիրակի, Աստուածային Ողորմութեան Տօնն է. Յիսուս յատուկէն կը խնդրէ, այդ օրը Խոստովանիլ եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալ, նաեւ ամէն օր կէսօրուայ ժամը «3»ին Աստուածային Ողորմութեան վարդարանը աղօթել, որովհետեւ Աստուած միշտ ողորմած է, ամէն օր, ուր որ ալ ըլլանք, մեզի ցոյց կու տայ Իր Սէրը. Աստուածային Ողորմութեան օրը յատուկ օր մըն է, ուր իւրաքանչիւր մեղաւոր առիթը ունի, իր անցեալը Ողորմած Աստուծոյ ձեռքը ձգել եւ ամէն բան նոր սկսիլ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 09:37