Հայաստան. «Համայնքային երիտասարդական օրեր» 5-րդ յոբելենական հանդիպում
Վատիկան Նիուզ
Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի, Ուկրանիայի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը՝ 2021 թուականի Օգոստոս 1-էն 5-ը, Շիրակի մարզի Թորոսգիւղի «Աղաճանեան» կենդրոնին մէջ կազմակերպած է «Համայնքային երիտասարդական օրեր» 5-րդ յոբելենական հանդիպումը:
Այս տարի, Երիտասարդական հաւաքի բնաբանը ընտրուած է Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի կողմէ ներկայացուած աւետարանական հետեւեալ մէջբերումէն. «Վե՛ր կաց. ես քեզ նշանակում եմ վկայ այն բոլորի համար, որոնց մէջ ինձ տեսար» (հմմտ. Գործք Առաքելոց, 26:16):
Հանդիպման ընթացքին պիտի ներկայացուին բանախօսութիւններ եւ պիտի կատարուին քննարկումներ ինչպէս հոգեւոր, այնպէս ալ ուսուցողական թեմաներու շուրջ:
Հաւաքին պիտի մասնակցին 16-35 տարեկան երիտասարդներ Հայաստանի հայ կաթողիկէ տարբեր համայնքներէն:
Երիտասարդական հանդիպման պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 01 Օգոստոսի, 2021թ., ժամը՝ 18:00-ին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ