Sinodi-vescovi-armei-cattoliciAEM.jpg

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները հրաւիրուած են Հռոմ ընտրելու համար նոր Պատրիարքը։

Սիւնհոդոսը պիտի կայանայ Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանէն ներս 20 սեպտեմբերէն սկսեալ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու թեմերուն մէջ ծառայող Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները յառաջիկայ 20 սեպտեմբերէն սկսեալ հրաւիրուած են Հռոմ ընտրելու համար  անցեալ 25 մայիսին իր մահկանացուն կնքած երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոսի Ի կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը» լուրը «Ֆիտէս» լրատու գործակալութեան փոխանցած  է  Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Պատրիարքութեան թափուր աթոռի կառավարիչը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը ։

Սիւնհոդոսական նիստերը կը կայանան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի գլխաւորոթեամբ

«Անցեալ 22 յունիսին Լիբանանի Զմմառու մայրավանքին մէջ  կայացած սիւնհոդոսը չի կարողացաւ ընտրել Պատրիարքը տրուած ըլլալով որ թեկնածուներէն ոչ մէկը կարողացաւ հաւաքել քուէներու երկու երրորդը, ինչպէս նախատեսուած է Արեւելեան Եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնագրութեան մէջ» յայտնեց գերապայծառ Միրիաթեան նշելով նաեւ՝ թէ միշտ ըստ կանոնագրութեան Պատրիարքի ընտրութեան հարցը դրուեցաւ Քահանայապետի ձեռքերուն մէջ որուն որոշումով է որ յառաջիկայ 20 սեպտեմբերին հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսները պիտի համախմբուին Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանին մէջ ուր երկու օրուայ հոգեւոր կրթութենէն ետք 22 սեպտեմբերին պիտի սկսին ընտրութեան նիստերը, զոր պիտի նախագահէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։

Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրգի համաձայն Պատրիարքի ընտրութիւնը

Ինչ կը վերաբերի պատրիարքներու ընտրութեան ընթացակարգին, Արևելեան եկեղեցիներու կանոնագրութեան 72 -րդ յօդուածի, առաջին պարբերութեան մէջ, սահմանուած է, որ «կ՛ընտրուի ան, որ ձայներու երկու երրորդը կը ստանայ»: Նոյն կանոնի երկրորդ պարբերութիւնը կը պարզաբանէ, որ «Եթէ ընտրութիւնները չաւարտուին տասնհինգ օրուայ ընթացքին…հարցը կը յանձնուի Սրբազան Քահանայապետին »:

Եթէ ​​Հայ կաթողիկէ ​​եկեղեցւոյ ընտրական սինոդի ընթացքին նոր  փակուղի մը ի յայտ գայ, ընտրական ժողովի դրական արդիւնքը ամէն դէպքով ապահովուած է, որովհետեւ որոշակի անյաջող քուէներէն յետոյ  կարելի կը դառնայ  պատրիարք ընտրել այն թեկնածուն, որ ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը հաւաքէ (կէս գումարած մէկ): Եթէ ​​ընտրական փակուղին շարունակուի, պատրիարք կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ ձայներու յարաբերական մեծամասնութիւնը կը հաւաքէ: Իսկ, եթէ քուէարկող եպիսկոպոսներու ձայները բացարձակապէս հաւասարապէս կը կենտրոնանան երկու թեկնածուներու վրայ, Պատրիարք կը դառնայ անոնց միջեւ  քահանայական ձեռնադրութեամբ ամենաաւագ եպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2021, 10:16