Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը բացումը կատարեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին։

Սիւնհոդոսին կը մասնակցին Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Արքեպիսկոպոսներն ու Եպիսկոպոսները։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին բացման պատարագ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին բացման պատարագ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Նարեկի Տիրամօր մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագով բացումը կատարեց իր Պատրիարքութեան ժամանակաշրջանի առաջին

 Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որ սկիզբ կ՜առնէ այսօր` Լեւոնեան Ք. Վարժարանի պաշտօնական դահլիճին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ, ու վերջ կը գտնէ յառաջիկայ 12 փետրուարին։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը

Սիւնհոդոսին մասնակցող Արքեպիսկոպոսներն ու Եպիսկոպոսներ են` Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Արհ. Պետրոս Արք, Միրեաթեան, Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Էքզարքութեան առաջնորդ` գերապայծառ Յովսէփ Եպիսկոպոս Առնաութեան, Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ թեմին առաջնորդ` գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի թեմին առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան, Ֆրանսայի Փարիզի Սուրբ Խաչ թեմին առաջնորդ Արհ. Եղիա Եպիսկոպոս Եղիայեան, Փարիզի հայ կաթողիկէ թեմի երբեմնի առաջնորդ Արհ. Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան եւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդ` Արհ. Գէորգ Արք. Խազումեան։

Սիւնհոդոսական նիստերու օրակարգը հիմնականօրէն պիտի ընդգրկէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանուր կացութեան արժեւորումն ու կարիքներու ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ թեմերու հարցերն ու մարտահրաւէրները։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոս
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոս

Նիստերը բաժնուած են երկու մասերու` մէկը առաւօտեան` ժամը 9էն 13 եւ երկրորդը  կէսօրէն ետք ժամը 4էն 7ը։  Շաբաթ օր նախատեսուած է միայն առաւօտեան նիստը։

Սիւնհոդոսի աւարտին` 12 Փետրուարին նախատեսուած է նաեւ հաղորդագրութեան հրապարակումը։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոս
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոս
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոս
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոս

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2022, 10:00