Տէր որո՞ւն երթանք։ Դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքը. Փոքր կարգերու եւ կիսասարկաւագութեան տուչութեան արարողութիւն։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Տէր որո՞ւն երթանք։ Դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքը»: Սուրբ Պետրոսին Յիսուսին ուղղած խօսքերն են ասոնք երբ Տէրը առաքեալներուն հարց կու տայ եթէ իրենք եւս կ՜ուզեն թողուլ զինք ու հեռանալ ինչպէս ըրին շատ մը աշակերտներ երբ Անոր բերնէն լսեցին խօսքեր զոր «խիստ» նկատեցին. Յիսուս արդարեւ ըսած էր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինը եւ չճաշակէք անոր արիւնը կեանք չունիք ձեր մէջ» աւելցնելով. «Ան որ կ՜ուտէ իմ մարմինս եւ կը ճաշակէ իմ արիւնս յաւիտենական կեանք ունի, եւ անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յովհաննէս 6, 58 - 71)։
Այլ ոմն Քրիստոսներ
«Տէր որո՞ւն երթանք։ Դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքը» որոշ տեսակէտով եղաւ նաեւ խօսքը զոր արտասանեցին անցեալ շաբաթ օր Հռոմի Սուրբ Վլաս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, փոքր կարգերն ու կիսասարկաւագութեան աստիճանի արժանացող հինգ կղերիկոսները, որոնք յօժարակամ ընդունեցին մօտենալ Սուրբ Խորանին եւ Պատարագը մատուցող Ամեն. եւ Գերերջ. Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի ձեռքէն ընդունեցան վերոնշեալ կարգերը` ի պատրաստութիւն աւելի մեծ ծառայութեան եւ առաքելութեան` այն է դառնալ այլ ոմն Քրիստոսներ, Քահանաներ։
Սրբազան արարողութեան սկիզբը Գրիգոր Պոյաճեան, Իշխան Պօղոսեան, Արտիոմ Յովհաննիսեան, Վարդան Հայկեան եւ Սիմաւոն Մկրտչեան-ը մօտենելով Սուրբ Խորանին նախ ընդունեցան Եկեղեցական ծառայութեան դպրութեան կարգերը, մինչ երկրորդ հանգրուանով Գրիգոր Պոյաճեան, Իշխան Պօղոսեան եւ Արտիոմ Յովհաննիսեան ընդունեցան կիսասարկաւագութեան աստիճանը։
Այս առթիւ նորընծաներուն փոխանցած հայրական իր խօսքին մէջ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յիշեցուց օրուան աւետարանական հատուածը, դիտել տալով` թէ իրենք եւս գտնուեցան երկընտրանքի դիմաց, շարունակել հետեւիլ Յիսուսին, կամ թողուլ ու հեռանալ Անկէ, «խիստ» նկատելով Անոր խօսքերը։
«Ասիկա առաջին քայլն է մօտենալու Սուրբ Խորանին եւ սպասաւորելու Աստուծոյ տան մէջ» յարեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. ընդգծելով հաւատք ունենալու կարեւորութիւնը։
«Դուք մնացիք Քրիստոսի հետ տեսնելով Անոր մէջ յաւիտենական կեանքին խոստումը» ըսաւ Ան վստահեցնելով` թէ պիտի շարունակէ աղօթել անոնց համար, որպէսզի չսայթաքին եւ ապրին միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ, ըլլալով` պարզ, խոնարհ, եղբայրասէր, զիջող, ու ծառայ։ Ասոնք պիտի ըլլան ձեր զէնքերը պահպանելու համար ձեր կոչումը եւ նուիրումով կատարելու խորանի սպասաւորութիւնը, Քրիստոսի Աւետարանը տարածելով համայն աշխարհ, մնալով Քրիստոսի հետ մինչեւ խաչելութիւն եւ յարութիւն» ըսաւ ապա Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը որ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ նորընծաներու կազմաւորումով զբաղող հաստատութիւններուն ու անոնց մեծաւորներուն։
Դպրութեան կարգերուն ներկայացող ժառանգաւորներուն խարտաւիլակն էր՝ Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի տեսուչ՝ հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը։
Սուրբ պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, կղերական դասը, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանակիցները, Արեցցօ քաղաքի նորընծայարանին տեսուչն ու աշակերտները, ուր կարգերը ընդունող նորընծաներէն ոմանք կը կատարեն իրենց ուսմունքը։ Արարողութեան մասնակցեցան իտալացի եւ Հռոմաբնակ հայ հաւատացեալներ։
Իսկ կիրակի 20 փետրուար 2022ին նոր ձեռնադրեալ տիրացուները կատարեցին սուրբ Սեղանի սպասաւորութիւնը Ք. Լեւոնեան վարժարանի Ս. նիկողայոս Թոլենդինացի Եկեղեցւոյ մէջ, ձայնաւոր սուրբ և անմահ Պատարագի ընթացքին։
Փոքր կարգերն ու կիսասարկաւագութեան աստիճանը ընդունող ժառանգաւորներուն հակիրճ կենսագրական գիծեր
Եղբ. Իշխան Պողոտան` 1996 թուականի սեպտեմբերի 30֊ի ծնուն է։ Շիրակի մարզի Աշոցքի շրջանի Սիզավետ գիւղէն։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի միջնակարգ դպրոցին մէջ։ 2014-ին ընդունուած է Ղազախստանի հանրապետութեան Կարագանդա Քաղաքի, միջ-Ժողովրդապետական Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ բարձր Հոգևոր Ճեմարան ուր ստացած է փիլիսոփայական բարձր կրթութիւնը։ 2015 - 2017թթ. Կատարած է իր զինուորական ծառայութիւնը։ 2019թ. տեղափոխուած է Իտալիա, ուր կը շարունակէ իր Աստուածաբանական ուսումները։
Եղբ. Գրիգոր Պետրոս Պոյաճեան, ծնած է 14 Նոյեմբեր 1994-ին Պէյրութ, Լիբանան: Ան միջնեկն է իր եղբայրներուն միջեւ։ 2006 Սեպտեմբերին մուտք գործած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան եւ իր նախնական ուսումը ստացած է Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ բարձրագոյն վարժարանէն ներս: 2013-ի Սեպտեմբերին Զմմառու կղերի միաբանութեան վարչութիւնը զինքը Հռոմ կ'ուղարկէ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան, ուր վեց տարիներ շարունակ Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան համալսարանը յաճախելէ ետք կը ստանայ փիլիսոփայական վկայականը 2016-ին եւ աստուածաբանական վկայականը 2019-ին:
Եղբ. Սիմավոն Մկրտչեանը ծնունդով Շիրակի մարզի Ազատան համայնքէն է (ծն. 05.11.1998): 2018-ին ընդունուած է Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց հայ կաթողիկէ միացեալ հոգևոր ճեմարան։ 2021-ին մեկնած է Հռոմի Լևոնեան քահանայապետական հայ կաթողիկէ վարժարան, շարունակելու համար փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան բարձրագոյն ուսումը` Գրիգորեան Քահանայպետական Համալսարանին մէջ։
Եղբ. Արտիոմ Յովհաննիսեան. Ծնած է 1997 թ Յունուարի 29-ին։ 2014 թ օգոստոսի 28-ին մեկնած է Ղազախստան` յաճախելով Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ բարձր Հոգևոր Ճեմարան։ 2015 վերադառնալով Հայրենիք մեկնած է պարտադիր զինուորական ծառայութեան։ Մասնակցած է Քառօրեայ պատերազմին։ 2017 թուականին աւարտելով զինծառայութիւնը դարձեալ մեկնած Ղազախստան շարունակելու համար իր ուսումը եւ աւարտելով փիլիսոփայութեան բաժինը։ 2019-ի Հոկտեմբերին մեկնած է Իտալիայի Արեցցօ քաղաք` «Seminario Vescovile di Arezzo» Ճեմարանին մէջ շարունակելու համար Աստուածաբանութեան մէջ մասնագիտութիւնը։
Եղբ. Վարդան Հայկեանս ծնած է 1998 թուականի Յունիսի 14-ին Ազատան գիւղին մէջ։ Հիմնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի միջնակարգ դպրոցին մէջ, յաճախելով նաեւ Գիւմրիի արհեստագործական ուսումնարանը։ 2016 թուականին մատուցած է զինուորական ծառայութիւնը մինչեւ 2018 թուական երբ աւարտելով զինծառայութիւնը մուտ կը գործէ Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ հոգևոր ճեմարան եւ մէկ տարի ետք մեծարոներուն քաջալերանքով կը մեկնի Իտալիայի Արեցցօ քաղաք` քաղաքի Եպիսկոպոսների ճեմարանին շարունակելու համար փիլիսոփայութեան մասնագիտութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ