Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Ղ)
Ղ. Հաղորդում
Այսօր մեր հաղորդումի ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Ներսէս Շնորհալիի նպաստին հոգեւոր երգերու ստեղծման մէջ:
Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակաշրջանին, յատկապէս ԺԱ. ԺԲ. դարերուն, շարականագրութիւնը մեծ զարգացում կ'ապրի: Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան զարգացման զուգահեռ, կ'աճին երգերու թիւը եւ կը յայտնուին երգեցողութեան նորանոր տեսակներ՝ ճոխացնելով հայ եկեղեցւոյ ժամերգութիւնները և Պատարագը: Այդ օրերուն, Ներսէս Դ. Կլայեցի Հայրապետը, շարականներու երգարուեստին խորապէս տիրացած ըլլալով՝ մօտ երկու հարիւր շարականներ և հոգեւոր երգեր գրած է. իւրաքանչիւրին վրայ դրոշմելով իր բանաստեղծական տաղանդը, և անոնց տալով իւրայատուկ երաժշտութիւն:
Երգեցող Հայրապետը հայկական եղանակներուն տուած է Խոսրովային ոճ, որ կը նշանակէ թագաւորական եղանակաձեւ, որ ըստ շարականագէտներու եւ երաժիշտներու, ամենագեղեցիկն է: Ըստ Աճառեանի, Թագաւորական իմաստը կ'առնչուի երկարի զօրութիւն ունեցող մի քանի խազագրերու հետ. այսպէս՝ «երկար, քաշ, յարեշտ, ձայնդարձ եւ տրոպները Խոսրովայինին յատուկ են»: Պատարագի երգեցութեան մէջ մեծ թիւ կը կազմեն Շնորհալի Հայրապետի յօրինած երգերը կամ սրբասացութիւնները: Այս առնչութեամբ առաջին վկայութիւնը կու տայ Կիրակոս Գանձակեցին, ըսելով. «Արար նա եւ զքարոզ սրբոյ պատարագին քաղցր եղանակաւ և տունս շարականաց նմին խորհրդաբար»:
Շնորհալի Հայրապետը իր հովուապետական աշխատանքին առընթեր՝ վերատեսութեան ենթարկած է միջնադարեան ծիսական հոգեւոր երգերը, և Պատարագի երգեցողութեան պակասները ամբողջացուցած ու լրացուցած է: Ան նուիրուելով Պատարագի երգեցողութեան՝ զայն ճոխացուցած է նոր յօրինումներով և «վայելչացուցած» նոր եղանակներով՝ ըստ տարբեր վկայութիւններու. «Քաղցրանուագ եղանակօք վայելչացուցանէր զսուրբ Պատարագի խորհրդական երգն», որպէսզի նոյնիսկ թանձրագոյն միտքերը կարենան հաղորդուիլ սուրբ Խորհուրդին (անանուն կենսագիր): Հայկական շարականները յօրինուած էին երգուելու համար, և հետեւաբար պէտք է ունենային տաղաչափական կազմ մը:
Ե. և Է. դարերուն, հնագոյն հոգեւոր երգերը գրուած էին արձակ և ազատ չափերով, առանց յանգերու, թէեւ տաղաչափական որոշ ձեւեր նկատելի են անոնց մէջ, սակայն յանգի դրութիւնը՝ յանգերգութիւնը կը տեսնենք հոգեւոր երաժշտութեան մէջ լոկ Ժ. դարէն յետոյ յատկապէս Նարեկացիի, Գրիգոր Մագիստրոսի և Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութիւններուն մէջ, որոնց մեծ ու փոքր ծաւալի գործերը գրուած են տաղաչափեալ յանգերով: Բայց և այնպէս, Շնորհալիէն մեզի հասած չափածոյ ժառանգութեան մեծ մասը միայանգ է, որովհետեւ Շնորհալին այն կարծիքէն էր, թէ միայանգութիւնը արուեստի կատարելութիւնն է, թէեւ որոշ գործեր ստեղծեր է փոփոխական յանգերով: Ասիկա արդէն նոր երեւոյթ էր հայ բանաստեղծութեան մէջ, որուն հետեւած էին յաջորդ դարերու տաղասացները: Շնորհալին իր հանճարի ուժով համեմատելի է բիւզանդական Եկեղեցւոյ երաժշտագէտ` Ռոմանոս Երգեցողին, ինչպէս նաեւ ասորի երաժշտագէտ` Եփրեմ Խուրիի և Յովհաննէս Դամասկացիի հետ: Ներսէս Շնորհալիէն ետք, հայ շարականագրութիւնը չտուաւ նմանօրինակ նշանաւոր դէմքեր: Այսուհանդերձ՝ Ներսէս Շնորհալի որ առատօրէն կը ստեղծագործէր և ինք անձամբ նաեւ կ'երգէր. սակայն իր այդ ստեղծագործութիւններուն մեծ մասը յետագային էր որ ընդհանրացաւ և կանոնականացաւ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ