Որոնել

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը։  

Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Երկուշաբթի 9 Մայիսին Հոգեւոր Տիրոջ այցելեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար` Զարեհ Սինանեան
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2022֊ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար` Զարեհ Սինանեանը, որուն կ՜ընկերանար Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Համայնքային եւ ազգային հարցեր, որոնց շարքին նաեւ Հայաստան֊Սփիւռք կապերու եւ համագործակցութեան հայող ծրագիրներ։

Իսկ այսօր` երեքշաբթի 10 Մայիսին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեցաւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Դասին նախագահ`  Գերապայծառ Էրիք Տը Մուլըն Պօֆորի, որոնք 8էն 12 մայիս կը գտնուին Լիբանան, հանդիպելու համար տեղական Պատրիարքներուն ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ։ 

Անոնք 9 մայիսին յատուկ աղօթք կատարեցին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ, ուր  4 օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած էր ահաւոր պայթումը։

Ամենապատիւն Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը։
Ամենապատիւն Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը։

Վերոնշեալ պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ «Oeuvre d’Orient»ի ընդհանուր տնօրէնը` գերապայծառ Փասքալ Կոլնիշը։

Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատուիրակութեան հետ կայացած սիրալիր հանդիպումի ընթացքին  քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր կացութեան հայող հարցեր ու յատկապէս Հայ Կաթողիկէ համայնքի իրավիճակը, իր կառոյցներով, դպրոցներով, ու խնամակալական կեդրոններով։ 

Խօսուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակի մասին, ու յիշուեցաւ Կաթողիկոս Պատրիարքին անցեալ ամիսներուն Ֆրանսա կատարած  պաշտօնական այցելութիւնը։

Ամենապատիւն Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը։
Ամենապատիւն Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն այցը։

Պատուիրակութեան անդամները մտահոգութիւն յայտնեցին Արցախի գրաւեալ շրջաններուն մէջ իրականացուող  մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան կործանումին համար ու  խաղաղ բնակչութեան դէմ  ոտնձգութիւններուն ի տես,  վերահաստատելով իրենց յանձնառումը միշտ զօրավիգ կանգնելու հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին ու նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն եւ մաղթելով` որ հակամարտութիւններն ու լարուածութիւնները լուծուին խաղաղ ու դիւանագիտական ճանապարհներով եւ ոչ թէ զէնքի եւ ուժի կիրառումով։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2022, 13:31