Որոնել

IMG_20220416_145053.jpg

«Յիսուս գլուխն է Եկեղեցւոյ եւ կ՛ուզէ` որ մենք ըլլանք մէկ մարմին». Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր ժողովի բացման նիստին։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Ունկնդրէ լուրը

Այս օրերուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը գտնուի Գահիրէ՝ ուր քրիստոնեայ Եկեղեցիներու այլ հովուապետերու հետ միասին, կը մասնակցի, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն։

Երկուշաբթի` 16 Մայիսին վերոնշեալ ժողովի բացման նիստին առթիւ ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ուրախութիւն յայտնեց հաւաքին մասնակցելուն համար շնորհակալութիւն յայտնելով ու գնահատելով մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքին համար, տրուած ըլլալով, որ ինք` անցեալ տարի իր ընտրութենէն ետք առաջին անգամն է, որ կը մասնակցի սոյն հաւաքին։

«Կ՛ուզեմ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել բարեսիրական գործունէութեան եւ կարիքաւորներու եղբայրական օգնութեան միջոցաւ քրիստոնէական վկայութեան համար» ըսաւ ի միջի այլոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ մատնանշելով յատուկ կոչումին` զոր ունին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ղեկավարները, «ղեկավարներ ծառաներու իմաստով, այս Եկեղեցւոյ` որ ղեկավարուած է միակ Վարդապետէն` Աւագ Վարդապետը` Յիսուս Փրկիչը», աւելցուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ ապա շեշտը դրաւ միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ։

«Բայց մենք, միակ Եկեղեցւոյ զաւակները, ցրուած ու բաժնուած ենք, այսօր կը հանդիպինք, սակայն հանդիպման աւարտին դարձեալ բաժնուած պիտի ըլլանք։ Միթէ այս լաւ առիթով, որ մեզ համախմբեց այս օրհնեալ հողին վրայ, որ եղաւ Մանուկ Յիսուսին` Աստուծոյ Որդւոյն պատսպարանը, կարող պիտի ըլլանք որոնել արդիւնաւէտ ձեւ մը, միասին յառաջ ընթանալու համար դէպի Քրիստոս... ձեռք բերելու համար Քրիստոսի մէջ միութիւնը» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հաստատելով, որ` «Յիսուս գլուխն է Եկեղեցւոյ եւ կ՛ուզէ, որ մենք ըլլանք մէկ մարմին»։ Ան ապա մատնանշելց Եկեղեցւոյ Սուրբ հայրերու խօսքերուն ու մասնաւորապէս Մեծն Ներսէս Շնորհալիին, «որոնք, ըսաւ միշտ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, թէեւ կը տառապէին բաժանումին համար բայց հաստատ մնացին ու յարատեւեցին աղօթքի մէջ ձեռք բերելու համար միութիւնը, որ այսօր եւս տակաւին կը բացակայի»։

«Մենք այս ուղղութեամբ ունինք մեծ պատասխանատուութիւն մը, Աստուծոյ ժողովուրդը միացած է բայց մենք իրարմէ բաժնուած ենք» դիտել տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, շեշտելով դարձեալ միութեան կարեւորութիւնը եւ զեկոյցը աւարտեց Յիսուս Քրիստոսին խօսքերով «Ան որ ձեր մէջ կ՜ուզէ մեծը ըլլալ թող ձեր սպասաւորն ըլլայ» (Մատթ 20,26) ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2022, 11:00