Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ Կաթողիկէ Ընտանիքի Խորհուրդի ներկայացուցիչ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Ժողովը որ այս օրերուն գումարուած է Գահիրէի մէջ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը ընտրեց` որպէս Խորհուրդին մէջ կաթողիկէ ընտանիքի ներկայացուցիչ։
Յայտնենք, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Գահիրէ մեկնած էր անցեալ շաբաթ` 14 մայիսին եւ Լիբանան կը վերադառնայ վաղը` 21 Մայիսին։
Հոգեւոր Տիրոջ կ՜ուղեկցի Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Գերապայծառ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանը, անոր հետ միասին մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն։
Գահիրէ կեցութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը առիթը ունեցաւ նաեւ այցելելու Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Գահիրէի թեմը եւ Կիրակի, Մայիս 15-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մասր ըլ-Ժետիտէի Սուրբ Թերեզայի եւ Յիսուս Մանկան եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագին։
Անցեալ Երեքշաբթի, 17 Մայիսին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) 12-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերու հետ միասին այցելեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ-Ֆաթթահ Ալ-Սիսին իսկ Երկուշաբթի` 16 Մայիսին վերոնշեալ ժողովի բացման նիստին առթիւ ան ներկայացուց զեկոյց մը զոր կեդրոնացուց համամիութեան կարեւորութեան վրայ հաստատելով` որ «Յիսուս գլուխն է Եկեղեցւոյ եւ կ՛ուզէ` որ մենք ըլլանք մէկ մարմին»։
Յայտնենք` թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) իր ընդհանուր հաւաքը կը գումարէ ամէն չորս տարին անգամ մը, քննարկելու համար Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան հայող հարցեր։ Համավարակի պատճառաւ` 12-րդ համաժողովը երկու տարիով յետաձգուած էր։
Մ.Ա.Ե.Խ.ը հիմնուած է 1974-ին Նիկոսիայի մէջ եւ այժմ անոր աթոռը կը գտնուի Պէյրութ։ Անոր նպատակն է դիւրացնել մերձաւոր արևելեան քրիստոնէական համայնքներու մերձեցումը ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ և նպաստել դաւանանքային հակամարտութիւններու յաղթահարմանը: Անոր մաս կը կազմեն մօտ երեսուն եկեղեցիներ և եկեղեցական համայնքներ, որոնք կը պատկանին չորս տարբեր քրիստոնեայ «ընտանիքներու»՝ կաթողիկէ, ուղղափառ, արևելեան ուղղափառ և աւետարանական:
Մ.Ա.Ե.Խ.ի այս տարուայ հաւաքին բնաբանը քաղուած է Մատթէոսի Աւետարանէն եւ կը հայի Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած խօսքերուն, երբ անոնք կը տարուբերուէին փոթորիկին մէջ. «Քաջութիւն, ես եմ` մի վախնաք»։
Վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին բացի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքէն, Քաղդէացիներու Պատրիարք` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, Օրթոտոքս Ասորիներու Պատրիարք Մար Ինիացիոս Էֆրէմը, Անտիոքի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքը` Եոհաննա Ժ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա, Կաթողիկէ Մելքիթներու Պատրիարք Եուսէֆ Ա Ապսի, Ասորի Կաթողիկէներու Պատրիարքը Եուսէֆ Գ Եունան եւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք Գերերջանիկ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ