«Մէկ վայրկեան Խաղաղութեան համար. Ձեռք երկարենք խաղաղութեան»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
8 Յունիսը յատկանշական թուական է, որ կը յիշատակէ` 2014ին Վատիկանի մէջ կայացած կարեւոր մէկ հանդիպումը` ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներուն` Շիմոն Փերեսին եւ Մահմուտ Ապպասին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը Բարթողոմէոս Ա.-ը եւ որուն առիթով աղօթք կատարուեցաւ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան, հաշտութեան եւ համակեցութեան համար։
Այդ աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հրեայ, իսլամ եւ քրիստոնեայ հաւատքի պատկան եկեղեցական ու կրօնական անձնաւորութիւնիններ։
Այս յիշարժան հանդիպումին առթիւ է, որ այդ օրէն ասդին ամէն տարի 8 յունիսին կը յիշատակուի «Մէկ վայրկեան Խաղաղութեան համար» ձեռնարկը, որով հրաւէր կ՜ուղղուի բոլորին, կաթողիկէներուն, այլ դաւանանքներու քրիստոնեաներուն, այլ կրօններու հաւատացեալներուն ու բարի կամքի մարդոց եւ կիներուն միանալու համար աղօթքի մէջ` վասն խաղաղութեան, այդ օրուայ ժամը մէկին, իւրաքանչիւրը իր հաւատքի եւ համոզումներու հիման վրայ ձեւակերպելով խաղաղութեան մտածումներ ու բոլորը միասին գործելու` ի նպաստ համայն աշխարհին մէջ խաղաղութեան հաստատումին։
Այս տարուայ «Մէկ վայրկեան Խաղաղութեան համար» ձեռնարկը նուիրուած է յատուկէն Ուքրանիոյ, Սուրբ Երկրին ու բոլոր այն երկիրներուն, որոնք կը տառապին պատերազմներու եւ անոնց հետեւանքներու պատճառաւ։
Անցեալ 17 ապրիլին Սուրբ Զատկուայ «Ուրպի էթ Օրպի» իր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատած էր. «Խաղաղութիւնը կարելի է. Խաղաղութիւնը պարտականութիւն է. Խաղաղութիւնը բոլորիս առաջնահերթ պատասխանատուութիւն է»։
«Ուստի եկէք բոլորս յանձնառու ըլլանք այդ ուղղութեամբ ու մասնակցինք այս ձեռնարկին, սատարելով խաղաղութեան մշակոյթի տարածման ու անոր հաստատումին» հրաւէր կ՜ուղղէ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի միջազգային Ֆորումը, որուն ջանքերով է որ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը։
«Մէկ վայրկեան Խաղաղութեան համար» ձեռնարկը առաջին անգամ նշուեցաւ Վատիկանի մէջ կայացած վերոնշեալ հանդիպումի նախօրեակին` 6 յունիս 2014-ին, նախաձեռնութեամբ Ացիոնէ Քաթթոլիքա միջազգային Ֆորումին, Ացիոնէ Քաթթոլիքայի իտալական եւ արժանթինական մասնաճիւղերուն, Կաթողիկէ իգական կազմակերպութիւններու համաշխարհային միութեան ու մասնակցութեամբ այլ կազմակերպութիւններուն եւ ընկերակցութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ