Որոնել

WhatsApp-Image-2022-07-25-at-04.59.14.jpg

Մելպուրնի մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումը Մելքիդ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ

Հայ Համայնքը Աւստրալիայի մէջ ունեցաւ դրական ներդրում եւ մեծապէս գնահատուած է Աւստրալիական ընկերութեան կողմէն» հաստատեց Մելքիդ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը, դրական նկատելով նաեւ այն իրողութիւնը որ հայկական համաշխարհային սփիւռքը մեծ դեր մը ունեցաւ մշակելու եւ զարգացնելու «ազատ հայրենիքի մը» գաղափարը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 25 Յուլիսին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Մելպուրնի մէջ այցելեց Մելքիդներու Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցին հանդիպում ունենալով Մելպուրնի Մելքիդ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ռոպերթ Ռապպաթի ու տեղւոյն կղերական դասին հետ։ Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացան տեղւոյն Ժողովրդապետը` Հայր Բարսեղ Վրդ Սուսանեան, Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուարեան եւ Հայր նարեկ Մնոյանը։

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ քոյր եկեղեցիներու եպիսկոպոսներ եւ կղերական դասի անդամներ։

Մելպուրնի մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումը Մելքիդ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ
Մելպուրնի մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումը Մելքիդ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ

Այս առթիւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց հայրապետին ուղղած իր բարի գալուստի ողջոյնի խօսքին մէջ Գերապայծառ Ռապպաթը նշեց թէ «առիթը մեծ ուրախութեան, հրճուանքի եւ օրհնութիւններու պատճառ է» յիշելով 2018 թուականին իր Հայաստան կատարած ճամբորդութիւնը Աւստրալիայի այլ եպիսկոպոսներուն հետ միասին, եւ իրենց սիրալիր հանդիպումը այդ ժամանակուայ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Մինասեան գերապայծառին հետ։

Անդրադառնալով Աւստրալիայի եկեղեցական իրականութեան մասին Գերապայծառ Ռապպաթը դիտել տալով, թէ այլ ազգերու կողքին հայ ժողովուրդի զաւակները եւս, ըլլան կաթողիկէ ըլլան առաքելական, այդ հողին վրայ գտան ապահով տուն մը։

«Հայ Համայնքը Աւստրալիայի մէջ ունեցաւ դրական ներդրում եւ մեծապէս գնահատուած է Աւստրալիական ընկերութեան կողմէն» հաստատեց Մելքիդ Եկեղեցւոյ Առաջնորդը, դրական նկատելով նաեւ այն իրողութիւնը, որ հայկական համաշխարհային սփիւռքը մեծ դեր մը ունեցաւ մշակելու եւ զարգացնելու «ազատ հայրենիքի մը» գաղափարը։

Մատնանշելով ապա հայոց ցեղասպանութեան Գերապայծառ Ռապպաթը նշեց, որ աշխարհը սուղ գին վճարեց ցեղասպանութեան ընթացքին հայեացքը այլուր դարձուցած ըլլալուն համար։ «Չարամիտ մարդոց մտքին մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը բնական դարձուց ցեղային հասարակութիւններու ոչնչացումի փորձը» ըսաւ Ան հաստատելով, որ «հակառակ ահաբեկութեան, որ ի վերջոյ ձախողեցաւ  կարելի չէ որեւէ մէկուն կողմէ վերականգնում` մինչեւ այն ժամանակ որ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Պետութիւնը` չընդունի կատարուածը եւ դիմէ ներումի հայցին»։

Խօսքի աւարտին Մելքիդ Եկեղեցւոյ առաջնորդը մաղթեց, որ Հոգեւոր Տիրոջ այս այցելութիւնը նոր սլացք տայ հայ կաթողիկէ համայնքին եւ ամրապնդէ համայնքի եւ Պատրիարքութեան միջեւ զօդը ու նաեւ բոլոր Աւստրիայի հայերու միջեւ եղբայրական կապերը։

«Հայաստանի որոշ շրջաններ վերջին ժամանակներուն եւս փորձարկեցին տառապանքի պահեր։ Մեր ողջ յոյսն է` որ Սուրբ Կոյս Մարիամը իր հովանիին տակ համախմբէ հայ ազգի իր զաւակները եւ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, Աւագ եւ Յաւիտենական Քահանան, որ Ձեզ կոչեց Պատրիաքական Գահին, պահապան կանգնի ձեզի մինչ կ՜արածէք հօտը` որ կը կրէ անոր անունը» ըսաւ հուսկ գերապայծառ Ռապպաթը եզրափակելով իր խօսքը։

Մելպուրնի մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումը Մելքիդ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ
Մելպուրնի մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումը Մելքիդ Եկեղեցւոյ առաջնորդին հետ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր եւ պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ջերմ ընդունելութեան համար յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառ Ռապպաթին հայ ազգին նկատմամբ ցուցաբերած անկեղծ սիրոյն եւ բարեկամական զգացումներուն համար ապա մաղթեց որ Ամենակալ Աստուած պահապան կանգնի Մելքիդ Եկեղեցւոյ համայն կղերին ու համայն աշխարհի մէջ տարածուած հաւատացեալներուն։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ համար մօտէն տեղեկանալու ու ծանօթանալու Մելքիդ համայնքի իրականութեան ու Եկեղեցւոյ տարած գործունէութեան։ Այս ուղղութեամբ Ան մաղթանք յայտնեց ու քաջալերեց միջ եկեղեցական համագործակցութեան ամրպանդումը, որպէս խթան հաւատացեալներուն ի սպաս աւելի արդիւնաւէտ ծառայութեան համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/07/2022, 16:30