Սուրբ Պենետիկտոս` Եւրոպայի պաշտպան սուրբը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
11 Յուլիսին Տիեզերական Կաթողիկէ Եկեղեցին կը յիշատակէ 1964-ին Եւրոպայի Պաշտպան սուրբ հռչակուած Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը, որ եղած է Պենետիկտեան միաբնութեան հիմնադիրը։
Լուսաւոր աստղ մը՝ խաւար դարու մը մէջ:
Սուրբ Պենետիկտոս ծնած է Իտալիոյ Նորչիա քաղաք՝ 480 թուականին: Ան, Մեծն Գրիգորի կողմէ նկատուած է, որպէս լուսաւոր աստղ մը՝ արժէքներու ծանր տագնապով բնորոշուած դարու մը մէջ:
Սուրբին ուսուցումները հասած են այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր Հռոմէական քաղաքացիութիւնը մեծ անկումի մէջ էր։ Այդ ուսուցումները հիմնական նկատուեցան Եւրոպական մշակոյթին վերածնունդին համար:
Սուրբին հեղինակած գիրքերուն շարքին, ամենէն փայլուն եւ հռչակաւորը կը նկատուի վանական կեանքի կանոնագիրքը։
Անհատին նայիլ որպէս Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած արարած
Հռոմէական կայսրութեան բռնակալ եւ բարբարոսական արարքներով բնորոշուած ժամանակաշրջանին, Սուրբ Պենետիկտոսի բերած նորութիւնը հիմնուած էր այն գաղափարին վրայ, թէ պէտք չէ անհատին նայիլ անոր ընկերային պայմաններուն կամ հարստութեան հիման վրայ, այլ նայիլ անոր` որպէս անհատ մը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն:
Սուրբ Պենետիկտոսը իր մահկանացուն կնքած է Մոնթեքասսինոյի աբբայարանին մէջ 21 մարտ 547-ին։
540 թուականին Մոնթեքասսինօ աբբայարանին մէջ Պենետիկտոս յօրինած է «Ռեկոլան» Պենետիկտեան միաբանութեան կանոնագիրքը հիմնուած Աւետարանին ուսուցումներու վրայ, որով կը հաստատէ կրօնաւորական կեանքի պայմաններն ու օրէնքները եւ որուն բնաբանը եղած է «Օրա էթ Լապորա - Աղօթէ եւ աշխատէ»։
24 Հոկտեմբեր 1964-ին, Պօղոս Զ Քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան Սուրբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ