2022.08.25.jpg

Հայրապետական կոնդակով Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան նշանակուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարքական Եկզարք։

Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան անուանուեցաւ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարք, եւ անոր շնորհուեցաւ Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսը, եպիսկոպոսական խոյր եւ գաւազան գործածելու իրաւունքով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի Հայրապետական կոնդակով, «յետ խորհրդակցութեան եւ որոշումի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսին», Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան անուանուեցաւ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքական Եկզարք, եւ անոր շնորհուեցաւ Թագադիր Ծայրագոյն Վարդապետի տիտղոսը, եպիսկոպոսական խոյր եւ գաւազան գործածելու իրաւունքով։

«Լիայոյս ենք թէ քու Մեծաւորի պաշտօնիդ երկար տարիներու փորձառութեամբ պիտի ըլլաս ճշմարիտ հովիւ հոգիներուն, հսկող աչքը անոնց հոգեկան կարիքներուն։ Ընտանիքները այցելել, հիւանդներն ու թշուառները հոգալ եւ ամբողջ համայնքը պահես եկեղեցւոյ շուրջ» գրուած է վերոնշեալ հայրապետական կոնդակին մէջ, որ աւարտած է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ աղօթքով առ Ամենակալ Աստուած, որպէսզի նոր ընտրեալ Եկզարքին պարգեւէ «բարի հովիւին եռանդը եւ իմաստութիւնը, փնտռելով միշտ Աստուծոյ փառքը եւ հաւատացեալներուն բարիքը»։

“Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի խմբագրական կազմը իր անկեղծ եղբայրական շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ Հայր Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյանին Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Պատրիարքական Եկզարք անուանումին համար, Անոր մաղթելով պտղաբեր առաքելութիւն ի սպաս Աստուծոյ հաւատաւոր ժողովուրդին։”

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2022, 08:30