Ղազախստանի Կաթողիկէ փոքրիկ եկեղեցին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
13էն 15 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթան, երբեմնի Ասթանան, մասնակցելու համար այնտեղ գումարուած Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարին։
Սրբազան Քահանայապետին եռօրեայ այցելութիւնը կը նախատեսէ նաեւ Սուրբ Պատարագ` որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի 14 սեպտեմբերի յետմիջօրէին եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տեղական կաթողիկէ փոքր հասարակութեան անդամները։
Արդարեւ Ղազախստանի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 125 հազար հաւատացեալներէ, 18 միլիոն 756 հազար բնակչութիւն ունեցող երկրի մը մէջ։ Այնտեղ կը գործեն հինգ Եկեղեցական թեմեր` իրենց 81 ժողովրդապետութիւններով եւ այլ հովուական ծառայութեան 146 կեդրոններով։
Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի վեց եպիսկոպոսներ, 78 թեմական քահանաներ եւ 26 կրօնաւորներ, մէկ մնայուն սարկաւագ, հինգ կրօնաւոր եղբայրներ եւ 133 կրօնաւորուհիներ։ Ասոնց պէտք է աւելցնել 18 աշխարհական միսիոնարներ եւ 50 կրօնուսոյցներ։
Ղազախստանի մօտ Առաքելական նուիրակ է Գերապայծառ Ֆրանսիս Ասսիզի Շուլլիքաթը։
Բացի վերոնշեալ Սուրբ Պատարագէն Սրբազան Պապը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Ղազախստանի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող անհատներուն հետ` հինգշաբթի 15 սեպտեմբերի առաւօտեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ