Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու համագումարները
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Համաշխարհային և աւանդական կրօններու առաջնորդներու համագումարները սկիզբ առած են 2003-ին Նուր Սուլթանի, երբեմնի Ասթանայի մէջ՝ Ղազախստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարբայևի նախաձեռնութեամբ:
Համագումարը եզակի իրադարձութիւն էր, քանի որ առաջին անգամ ողջ կրօնական աշխարհի ներկայացուցիչները հաւաքուելով մէկ վայրի մէջ՝ ստեղծեցինմիջազգային մշտական հաստատութիւն մը՝ միջկրօնական երկխօսութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։
Այս տարի ան տեղի կ’ունենայ սեպտեմբերի 14-էն 15-ը, Նուր Սուլթանի Անկախութեան պալատէն ներս և նուիրուած է առաջնորդներու դերին` յետհամաճարակային շրջանի՝ մարդկութեան հոգևոր և սոցիալական զարգացման ի սպաս։
Համաժողովները կը կազմակերպուին երեք տարին մէկ անգամ, հետևաբար՝ 2006, 2009, 2012, 2015 և 2018 թուականներուն: Բացառութիւն կը կազմէ այս վերջինը, որ պէտք էր կայանար 2021-ին, սակայն համավարկի պատճառաւ յետաձգուեցաւ 2022 թուականին:
Անոր մասնակցած են իսլամ, քրիստոնեայ, հրեայ, պուտտիսթ և այլ աւանդական կրօններու առաջնորդներ և ականաւոր ներկայացուցիչներ և իւրաքանչիւր հանդիպում եզրափակուած է ամփոփիչ փաստաթուղթի հրապարակումով, որ կը պարունակէ յայտարարութիւններ և կոչեր՝ ուղղուած աշխարհի ժողովուրդներուն և Պետութիւններու կառավարութիւններուն։ Քննարկումներու առանցքը միշտ եղած է միջկրօնական երկխօսութեան խթանումը` յանուն խաղաղութեան և զարգացման և կրօնական առաջնորդներու կարևոր դերը միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ