Մեկնարկ «Խաղաղութեան աղաղակը» խորագիրը կրող միջազգային հանդիպումին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կիրակի՝ հոկտեմբերի 23-ին Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղաղութեան աղաղակը» խորագիրով միջազգային հանդիպումին բացումը ՝ մասնակցութեամբ, ի միջի այլոց, Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլայի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի և Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիի:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն օրը իր Մարեմեան աղօթքի ատեն մասնաւոր կերպով անդրադառնալով այդ արարողութեան ընդգծեց, որ «Աղօթքը խաղաղութեան ուժն է»:
Ան հաստատեց նաև, որ հոկտեմբերի 25-ին պիտի մասնակցի Քոլլոսէումի մէջ՝ «քրիստոնէական եկեղեցիներու և համայնքներու և համաշխարհային կրօններու ներկայացուցիչներու հետ միասին աղօթքին, Ուքրանիոյ և աշխարհին մէջ խաղաղութեան համար»:
Յիշեցնենք, որ Սանդ Էճիտիոյի կողմէ նախաձեռնած հերթական 36-րդ հաւաքին գագաթնակէտը պիտի հանդիսանայ երեքշաբթի՝ հոկտեմբերի 25-ի Հռոմի Քոլլոսէում ամփիթատրոնի տարածքին կազմակերպուած խաղաղութեան համար միջկրօնական աղօթքը, որուն առթիւ նաեւ կոչ պիտի ուղղուի քաղաքական ներկայացուցիչներուն:
Հոկտեմբերի 23-ի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցողները յատուկ կերպով շեշտեցին խաղաղութեան հրատապութիւնը:
Մասնաւորապէս Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր Անտրէա Ռիքքարտին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ունենալ «խաղաղութեան տեսլական՝ յոգնած ու յուսալքուած միտքերու դիմաց»: Երբ միտքերն ու սիրտերը կը բացուին, «կը ծնին ուղիներ՝ խաղաղութեան աղաղակին արձագանքելու համար», յարեց Ան։
Մինչդեռ Իտալիոյ նախագահը ընդգծեց, որ «Խաղաղութիւնը գործընթաց մըն է, ոչ թէ պատմութեան պահ մը. ան կը պահանջէ քաջութիւն, վճռականութիւն, քաղաքական կամք և անհատներու նուիրուածութիւն: Կրօններուն և անոնց առաջնորդներուն աշխատանքը այս ուղղութեամբ հիմնարար է»:
Հանդէս եկաւ նաեւ Նախագահ Մաքրոնը: Ան նշեց, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ «խաղաղութիւնը գերի դառնայ ռուսական իշխանութեան», շարունակելով, որ «ուքրանացիները կը պայքարին դիմակայելու, իրենց ազատութիւնը, իրենց սահմանները, տարածքներն ու ազգային ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար»:
Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին իր կողմէն շեշտեց, որ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան «հիւսած կտաւը» շատերուն թոյլ կու տայ ընտրել խաղաղութիւնն ու երկխօսութիւնը:
«Երկխօսութիւնն է խաղաղութեան ճանապարհը», ըսաւ Ան, քանզի չի շփոթեր յարձակում գործողը, անորմէ տուժողին հետ, այլ կը փորձէ ընդհատել պատերազմի անողոք տրամաբանութիւնը»։
«Պատերազմը պարտութիւն է չարի ուժերու դէմ» հաստատեց ապա Կարդինալ Ծուփփին յիշելով ։Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ