Եկեղեցական գիտելիքներ Եօթներորդ շաբաթ Խաչին (23_30 Հոկտեմբեր 2022)
Կիրակի 23 Հոկտեմբերին, Սուրբ Խաչի 7-րդ շաբաթը` կը տօնենք Խաչի Գիւտը, որ հանդիսաւորապէս կը կատարուի Հայ Ծէսի մօտ. Կոստանդին Առաջին կայսեր մայրը, Սրբուհի Հեղինէ, 326 թուին, ամէն ճիգ թափեց գտնելու եւ երեւան հանելու համար այն խաչափայտը, որուն վրայ իր արիւնը թափած էր Յիսուս-Քրիստոս։ Բազմաթիւ ապարդիւն պրպտումներէ ետք` ի վերջոյ Յուդա անունով Հրեայի մը ցուցմունքներուն վրայ (Երուսաղէմէն) գտնուեցաւ թաքստոցը Գողգոթայի երեք խաչերուն, որոնք պահուած էին առաջին քրիստոնեաներուն կողմէ։ Որպէսզի կարելի ըլլար անոնց մէջէն ճանչնալ թէ որն էր Յիսուսի Խաչը, մեռած պատանի մը բերուեցաւ եւ դրուեցաւ իւրաքանչիւր խաչի վրայ: Անոնցմէ մէկուն վրայ պատանին յարութիւն առաւ եւ այսպէսով յայտնի եղաւ թէ որ մէկը երեքէն Յիսուսի իսկական խաչափայտն էր։
Կիւրեղ Երուսաղէմի այդ շրջանի Հայրապետը բարձրացուց այդ խաչը բոլորին առջեւ եւ հրաւիրեց ամէնքը անոր երկրպագութիւն կատարելու։ Այդ օրէն ի վեր, Յիսուսի խաչը յայտնի եղաւ բոլոր աշխարհի քրիստոնեաներուն. Մաս մը պահուեցաւ Երուսաղէմ, ուրիշ մը բերուեցաւ Կոստանդնուպոլիս, որ փոխադրուեցաւ Հռոմ։ Այսօր Հռոմի Սուրբ Խաչ Պազիլիքային մէջ կը պահուի այժմ ամենամեծ կտորը Սուրբ Խաչին, ինչպէս նաեւ գամերը եւ տախտակը որուն վրայ գրուած է երեք լեզուով Յիսուս Նազովրեցի Թագաւոր Հրէից. Իսկ փշէ պսակը կը գտնուի. Ֆրանսա, Փարիզ քաղաքին մէջ։
Երկուշաբթի 24 Հոկտեմբերին կը տօնենք Սուրբ Անաստաս քահանան. Շատ հետաքրքրական է անոր կեանքին պատմութիւնը. Բուն անունն էր Մակունդոս եւ ազգով պարսիկ էր, զինուոր` թագաւորին։ Երբ Հերակլ կայսրը, 629 թուին, յաղթեց պարսիկներուն եւ սուրբ խաչը, զոր անոնք գերի տարած էին, ետ վերադարձուց Բիւզանդիոն, Մակունդոս` տեսնելով քրիստոնեաներու պաշտամունքը խաչին նկատմամբ եւ վկայ ըլլալով անոր միջոցաւ գործուած շատ մը հրաշքներու, դարձի կու գայ, եւ հետագային` աւելի մօտէն ուսումնասիրելով քրիստոնէական կրօնը, քահանայ կը ձեռնադրուի Պաղեստինի Սուրբ Սապայ վանքին մէջ, ուր եւ կ՛ապրի որպէս կրօնաւոր. Սակայն երբ Սուրբ Երկիրը կ՛անցնի դարձեալ Պարսիկներու ձեռքը, ան կը ձերբակալուի եւ բազմաթիւ տանջանքներէ վերջ` կը նահատակուի։ Նոյն օրը` նաեւ տօնն է Վարոս անունով Հռովմայեցի նահատակ զինուորի մը, Դ. դարուն։ Տօնն է ի վերջոյ նաեւ Թէոդիտէ վկայուհիին, Իկոնիացի բարեպաշտ այրի մը որ իր երեք զաւակներուն ջամբած էր քրիստոնէական կրօնը. Ան կը նահատակուի իր երեք որդիներուն հետ, 300 թուականին։
Երեքշաբթի 25 Հոկտեմբերին` կը տօնենք Հիպերիքեանք կոչուած Սամոսատցի նահատակները, որոնք Եօթը բարեկամներ էին եւ, իրենց գլխաւորին` Հիպրիքոսի հետ մէկտեղ նահատակուեցան խաչի վրայ գամուելով, Մաքսիմիանոս կայսեր օրով։
Հինգշաբթի 27 Հոկտեմբերին, տօնն է Սեւերիանոս հռովմէացի զօրավարին, որ մխիթարող պահակն էր Սեբաստիոյ քառասուն քրիստոնեայ զինուորներուն։ Երբ յայտնի եղաւ թէ ինք եւս քրիստոնեայ է, ինքն ալ նահատակուեցաւ 322 թուին։ Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Բաբելաս ծերունի ուսուցիչը որ Մաքսիմիանոս կայսեր օրով` նահատակուեցաւ իր 84 աշակերտներուն հետ։
Ուրբաթ օր` 28 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայ Ազգի մեծանուն հայրապետ` երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարքին սրբադասման դատի թեմական փուլի բացման արարողութիւնը։
Շաբաթ օր, 29 հոկտեմբերին, տօնն է Բարաղամ Անտիոքացիին, որ նահատակուեցաւ չզոհելու համար կուռքերուն։ Տօնն է նաեւ Եփեսոսի եօթը երիտասարդներուն որոնք հալածանքներէ փախչելով ապաստանեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ հարիւր տարուայ քուն մը եկաւ. եւ արթնցան երբ Բիւզանդիոնը Քրիստոնեայ էր արդէն։
Կիրակի 30 Հոկտեմբերը, Ը. կիրակին է զկնի Խաչի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ