Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան ընդունեց Լիբանանի Տիւրզի համայնքի Պետ` Շէյխ Սամի Ապիլ Մունան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան, հինգշաբթի 6 հոկտեմբերին, Աշրաֆիէի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի Տիւրզի համայնքի Պետ` Շէյխ Սամի Ապիլ Մունան եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, Կարապետ Քահանայ Թաթէոսեանը եւ Հայր Արամ Սաատօ ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի հասարակական տեղեկատուական միջոցներու հետ կապերու պատասխանատու Շարպել Պասթուրին։
Այս առթիւ արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Պատրիարք Մինասեան, այցը համարեց «Աստուածային օրհնութիւն», որ կը հրաւիրէ «ամրապնդել բարեկամական կապերը» ու նաեւ ստանձնել «հոգևոր, սոցիալական և հայրենասիրական պատասխանատուութիւնը»։ Ան ապա ընդգծեց արարչութիւնն ու ողջ տիեզերքի պահպանման կարեւորութիւնը ու նաեւ իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս ամենակարիքաւորին աջակցելու հարկաւորութիւնը նշելով, որ «այս մէկը մեզ կը միաւորէ», որովհետեւ «մենք բոլորս մարդկութեան մէջ եղբայրներ ենք, Միակ Աստուծոյ, Երկնքի և Երկրի Արարիչին զաւակները»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մատնանշեց հուսկ սիրելի Երկիր` Լիբանանին ապրած ծանր ու տագնապալից իրավիճակին, այս առընչութեամբ կարեւորելով կրօններու միջեւ համագործակցութիւնը` ի նպաստ ժողովուրդի բարօրութեան, տարածելով «սէր, խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն» ու աշխատելով` «պահպանելու մարդկային արժանապատուութիւնը»։
Հոգեւոր Տէրը հուսկ յիշեց Կարդինալ Աղաճանեանը, որ յայտնի էր, ըսաւ Ան «իմաստութեամբ, խոհեմութեամբ, խոնարհութեամբ և զոհաբերութիւններով, սիրոյ ու խաղաղութեան տարածման գործին մէջ, և իր մշտական պայքարով` յանուն մարդկային արժանապատուութեան»։ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը` ակնարկեց հուսկ ամսուայ աւարտին Հռոմի մէջ կայանալիք Կարդինալ Ապաճանեանի սրբադասման դատի առաջին փուլի մեկնարկին։
Ի տես Լիբանանցիներու ապրած իրավիճակին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը «մեկնելով կրօնական, բարոյական և մարդասիրական պատասխանատուութենէն», կոչ ուղղեց «չյոգնելու և չյանձնուելու», «խնդրելով մեր անձերէն ու մեր ղեկավարներէն, մեր ժողովուրդին համար արժանապատիւ կեանքի իրաւունքներ» և «լուրջ յանձնառութիւն` տարածելու համար հանդուրժողականութեան, համակեցութեան և խաղաղութեան մշակոյթ մը համայն երկրի զաւակներուն մէջ», ապա «հնարաւորինս շուտ միջամտելու՝ վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն և տնտեսական, բնապահպանական, կենցաղային, մշակութային և բարոյական վատթարացման մարտահրաւէրներուն»։
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանը խօսքը եզրափակեց Աստուծմէ հայցելով` որ պահպանէ պատուաւոր հիւրերը և առատ օրհնութիւններ զեղու անոնց վրայ ու «ամրապնդէ մեր միջև եղբայրական յարաբերութիւնները, որպէսզի մենք կարողանանք ըլլալ Աստուծոյ ճշմարիտ զաւակներն ու ծառաները, միշտ կատարելով Անոր կամքը» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։
Իր կարգին խօսք առնելով Շէյխ Սամի Ապիլ Մունան նշեց` թէ իրեն համար մեծ պատիւ է այսօր հիւրընկալուիլ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս։ Ապա մատնանշելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Մերձաւոր Արևելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ ընտրութեան, յոյս յայտնեց, որ «հոգևոր դիրքերէն մեկնելով» կարելի պիտի ըլլայ` «միասին աշխատիլ յանուն մարդու, հասարակութեան և ազգի», և «Աստուած տայ» աւելցուց Ան, «որ կարողանանք բուժել որոշ վէրքեր եւ մեղմացնել ցաւը»։ Տիւրզի համայնքի Պետը իր կարգին կոչ ուղղեց որ «պաշտօնեաները ստանձնեն իրենց պարտականութիւնները» ու այդ կոչը ընդլայնեց նաեւ «լիբանանեան գործերով զբաղուող երկիրներուն», որոնք, յարեց Ան, «նոյնպէս պէտք է օգնեն ու պաշտօնեաները մղեն բարեփոխումներու և պահանջուածին հասնելու»։
«Ազգի բարձր շահը կը պահանջէ բոլորէն փոխզիջումներ, և աշխատիլ յանուն ազգային շահին», հաստատեց հուսկ Շէյխ Սամի Ապիլ Մունան ակնարկելով Լիբանանի Կրօնական Գագաթնաժողովին ու զայն նկատելով «անհրաժեշտ», որ կարող է «նպաստել բարեփոխումներու ճանապարհին»։
«Հոգևոր հանդիպումը չի լուծեր Լիբանանի խնդիրը, բայց կարևոր գործօն է խնդիրները լուծման մղելու համար, այս է մեր յոյսն ու մաղթանքը, Աստուծոյ կամօք» ըսաւ Շէյխ Սամի Ապիլ Մունան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ