Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ  

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ գահակալութեան առաջին տարեդարձին առթիւ «Մաղթանաց կարգը» յառաջիկայ 23 Հոկտեմբերին

Ըստ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին` յառաջիկայ կիրակի 23 հոկտեմբերին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս- պատրիարք ` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին նուիրուած «Մաղթանաց կարգը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2022-ի հոկտեմբերի 24-ին կը նշուի Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան գահ բարձրանալուն առաջին տարեդարձը, որուն առթիւ ըստ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին` յառաջիկայ կիրակի 23 հոկտեմբերին, Խաչգիւտի տօնին օրը, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ կաթողիկոս - պատրիարքին նուիրուած «Մաղթանաց կարգը»։

Կարգը կը սկսի Հրաշափառի երգեցողութեամբ, որուն կը յաջորդէ Պօղոս առաքեալի Եբրայեցիներու ուղղած նամակէն ընթերցուածը, ուր առաքեալը կը հրաւիրէ մտիկ ընել առաջնորդներուն, հնազանդիլ անոնց ապա աղօթել անոնց համար, որպէսզի Տէրը անոնց մէջ իրականացնէ այն ինչ որ իրեն հաճելի է։

Ընթրեցուածէն ետք կը կարդացուի Յովհաննէս առաքեալի աւետարանէն քաղուած այն հատուածը, ուր Յիսուս կը հաստատէ թէ Ինքն է բարի հովիւը, «բարի հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։ Իսկ վարձկանը որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ տեսնէ գայլը, որ ու գայ, կը փախչի, եւ գայլը կը յափշտակէ ու կը ցրուէ զանոնք։ Որովհետեւ վարձկան է եւ հոգ չընէր ոչխարներուն համար….», կ՜ըսէ Յիսուս։

Աւետարանին կը յաջորդէ աղաչանք Տիրոջ` վասն աշխարհի խաղաղութեան ու եկեղեցւոյ հաստատումին, Սրբազան Քահանայապետին ու Հայրապետին` կենաց ու հոգւոյն փրկութեան, որմէ ետք կ՛արտասանուի «Վասն Կաթողիկոսին» աղօթքը Աստուծմէ խնդելով որ զԻնք պահէ հաստատուն եւ անսասան «ի մեծի կոչմանն ընդ երկայն աւուրս»։

հայր մերի երգեցողութենէն ու պատարագիչին «Օրհնեալ եղերուք» աղօթքէն ետքը, Կարգը վերջ կը գտնէ «Կեցո զորդի ...» շարականով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2022, 12:23