Որոնել

xxxxxxxxxxxxx.jpg

Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ

Պատարագը պիտի մատուցէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը` Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30րդ տարեդարձին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեանի ձեռնարկով, յառաջիկայ 25 հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի Աստուածամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէ անուամբ Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ` նուիրուած «Հայաստանի Խաղաղութեան»։

Սրբազան արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Արարողութեան պիտի մասնակցին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներ, եկեղեցական անձնաւորութիւններ և պաշտօնատար անձինք, ինչպէս նեաւ Հռոմաբնակ եւ այլ վայրերէն ժամանած հայորդիներ։

Ներկայ կը գտնուի նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Այս առիթով Տիար Կարեն Նազարեան Ռատիօ Վատիկան- Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «30-ամեայ այս յոբելեանը մեզ համար լաւագոյն առիթն է, հիմնուելով նոյնակունք արժէքներուն, նախորդ շրջանի ձեռքբերումներուն և ապագայի հանդէպ ընդհանուր տեսլականին վրայ, առաւել խորացնելու եւ բազմազանեցնելու Սուրբ Աթոռի հետ երկկողմ միջպետական կապերը»։

«Կը ցանկանայի երախտագիտութիւնս յայտնել Հայաստանի հանրապետութեան մօտ հաւատարմագրուած բոլոր Առաքելական նուիրակներուն, իմ նախկին և ներկայ գործընկերներուն, Հայ առաքելական և կաթողիկէ եկեղեցիներուն, բոլոր մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք իրենց նուիրումով և կարողութիւններով մշտապէս նպաստած են Վատիկանի հետ սերտ կապերու և ջերմ երկխօսութեան հաստատման ու զարգացման շնորհակալ գործին» ըսաւ ի միջի այլոց Տիար Կարեն Նազարեանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2022, 08:00