Որոնել

Պահրէյնի Արաբիոյ Տիրամայր Եկեղեցին Պահրէյնի Արաբիոյ Տիրամայր Եկեղեցին 

Պահրէյնի մէջ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրականութիւնը

Ազգաբնակչութեան 70%-ը մահմետականներ են, 15%-ը կամ 182.000-ը քրիստոնեաներ, որոնցմէ 161.000 կաթողիկէներ են, երկու ծխական համայնքներով: Կան նաև հրեայ և հինտու փոքր համայնքներ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարեամ Երեմեան - Վատիկան

Քրիստոնէական համայնքի ներկայութիւնը Պահրէյնի, ինչպէս նաև Արաբական Ծոցի մահմետական միւս երկիրներուն մէջ, պատմական առումով համեմատաբար նոր է՝ առաւելապէս կապուած դիւանագիտական անձնակազմի և օտարերկրեայ ձեռնարկութիւններու աշխատողներու հետ:

Ազգաբնակչութեան 70%-ը մահմետականներ են, 15%-ը կամ 182.000-ը քրիստոնեաներ, որոնցմէ 161.000 կաթողիկէներ են, երկու ծխական համայնքներով: Կան նաև հրեայ և հինտու փոքր համայնքներ։

Բացի այդ, Պահրէյնը Ծոցի այն քիչ երկիրներէն է, որ ունի տեղացի քրիստոնեայ բնակչութիւն: Արաբական ծագում ունեցող մօտ հազար կաթողիկէներ հոն հաստատուած են 1930-1950 թուականներուն և ունին Պահրէյնի քաղաքացիութիւն:

Կաթողիկէ Եկեղեցին կը զբաղի ի մասնաւորի հովուական գործունէութեամբ և բարեգործական որոշ նախաձեռնութիւններով: Չ’իրականացներ կրթական՝ բացի դպրոցէն, կամ առողջապահական գործունէութիւն:

Մահմետական ըլլալով հանդերձ Երկրի միապետական իշխանութիւնը որդեգրած է հանդուրժողական քաղաքականութիւն, որուն ծիրէն ներս քրիստոնէական համայնքները և այլ կրօնները կ’օգտուեն պաշտամունքի ազատութեան օրէնքէն:

Դիւանագիտական յարաբերութիւնները

Սուրբ Աթոռը Պահրէյնի հետ ունի լաւ յարաբերութիւններ: Երկու պետութիւններու միջև դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 2000 թուականին:

Այդ յարաբերութիւնները զգալի առաջընթաց գրանցած են՝ 2014 թուականի 19 մայիսին Թագաւոր Համատ Իսա Ալ Խալիֆանի Վատիկան այցէն ետքը:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումի ընթացքին Համատը Պապին ընծայած էր Արաբիոյ Տիրամայր եկեղեցւոյ մանրակերտը, որուկառուցումի համար 2013-ին նուիրաբերած էր հողաշերտ մը, և հրաւիրած էր Սրբազան Քահանայապետը այցելել Թագաւորութիւն:

Արաբիոյ Տիրամայր Եկեղեցին

«Արաբիոյ Տիրամայր» եկեղեցւոյ կառուցումը տևած է եօթը տարի: Օծումը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, 2021 թուականի դեկտեմբերի 10-ին, մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի Աւետարանութեան վերատեսչութեան վերատեսուչ Լուիս Անթոնիօ Թակլէի և Հարաւային Արաբիայի առաքելական փոխանորդ Գերապայծառ Փոլ Հինտէրի: Տաճարի կառուցման գաղափարը Արաբիոյ առաքելական նախկին փոխանորդ` Գերապայծառ Քամիլլօ Պալիինն էր, որ սակայն մահացաւ 2020-ին:

Նշենք նաև, որ Ծոցի տարածաշրջանի մէջ առաջին կաթողիկէ եկեղեցին, որ «Սուրբ Սիրտ» անունը կը կրէ, կառուցուած է դեռևս 1939 թուականին՝ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամային մէջ:

Հրաւէր այցելելու Թագաւորութիւնը

2021-ի նոյեմբեր 25-ին Պահրէյնի Թագաւորը՝ իր դիւանագիտական խորհրդականի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնած է Պահրէյն այցելութեան պաշտօնական հրաւէրը՝ նոյն ատեն տեղեկացնելով «Աշխարհի խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան համար Մարդկային եղբայրութեան» հայող միասնական յայտարարութեան միանալու մասին: Խօսքը մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթի կը հայի, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ստորագրեց Ապու Տապի կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ 2019 թուականի 4 փետրուարին Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ ալ Թայեպին հետ միասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2022, 07:55