Որոնել

312504167_3465686206988344_7519409165394445863_n.jpg

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։

Սուրբ զոհը մատուցանեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Լեւոնեան Ք. Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, ուր պահպանուած է նաեւ երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանի դամբանը։
Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։
Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2022-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, գոհաբանական Ս. եւ Անմահ Պատարագ Մատուցանեց Աստուծոյ Ծառայ` Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանացման դատի թեմական քննարկման Ա. նիստի բացման առիթով, առընթերակայութեամբ`  Երուսաղէմի ու Յորդանանի Եկզարք եւ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հայր Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նամոյեանի եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գերյարգելի Եղիա Ծ.Վ. Գիրէջեանի:

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։
Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։

Գերերջանիկ Կաթողիկոսը իր քարոզին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթը ընձեռնեց ականատես դառնալու, պատմական այս մեծ իրադարձութեան, որմէ ետք իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Կարդինալի կեանքի վերջին րոպէներուն մասին։

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։
Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։

Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը ի միջի այլոց նշեց որ կարդինալ Աղաճանեանի երանացման գործի բացումը մեր մէջ կը վերակենդանացնէ «Սուրբ եղէք» կոչը որ հրաւէր է ուղղուած իւրաքանչիւրիս՝ նորոգուելու և ապրելու այդ ուրախութիւնը։

Իր հաւատքի, սիրոյ և մերձաւորի ծառայութեան միջոցով, սիրոյ լեզուն ապրեցաւ Կարդինալ Աղաճանեանը` լռութեամբ, խոնարհութեամբ և վկայութեամբ, անխոնջ ծառայելով եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան։

Պատրիարք Մինասեանը նշեց նաեւ թէ կարդինալ Աղաճանեանը այսօր մեզ երկնքէն մեզ կը պարուրէ իր հոգածութեամբ և սիրով։ Կենաքի վերջին պահուն Անոր վերջին խօսքը եղաւ. «Ես շատ բաներ ունիմ ձեզի տալու, բայց ժամանակը նեղ է ու ես անոնք ձեզի կու տամ երկինքէն»:

«Եկէք խորհինք այս լաւ առիթի մասին՝ բարձրացնելով յոյսի և փրկութեան բաժակը մեր ինքնութեան և մեր երկրի վրայ, խնդրելով Աստուծմէ, որ մեզի, մեր ժողովրդին և մեր հայրենիքին ու վիրաւոր Արևելքին շնորհէ առատ օրհնութիւններ»:

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։
Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։

Ս. Զոհին մասնակցեցան` Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց թեմին առաջնորդ` Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Եգիպտոսի եւ Սուտանի Կաթողիկէ Հայոց թեմին առաջնորդ` Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Օգոստինոս Եպս. Գուսան, Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց թեմին վաստակաւոր առաջնորդ` Արհիապատիւ Հայր Վարդան Եպս. Պօղոսեան, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաքելական կառավարիչ` Գերապատիւ Հայր Միքայէլ Վրդ. Պասալէ, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ վարդապետներ, Արժանապատիւ Տէր Հայրեր, Առաքինազարդ քոյրեր, Բարեշնորհ սարկաւագներ ու ժառանգաւորներ, Հայրենիքէն ու սփիւռքէն ժամանած եւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներ:

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։
Գոհաբանական Ս. Պատարագ Կարդինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատի բացման առիթով։

Պատարագի աւարտին Հայրապետի նախագահութեամբ Աստուծոյ Ծառայ` Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի դամբարանի մատրան մէջ, Աստուծոյ Ծառայի միջնորդութեամբ շնորհքի հայցման աղօթք բարձրացաւ առ Ամենակալ Աստուած, ապա «Ամէն հայի» մաղթերգով վերջ գտաւ օրուայ հոգեպարար արարողութիւնը որուն աւարտին բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի վարժարանի դահլիճը, ուր սիրոյ սեղանի մը շուրջ կիսեցին հանապազօրեայ հացը: 

ՍԱՀԱԿ ՎՐԴ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2022, 08:09