Հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ ի յիշատակ Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեանի
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ամերիկայի և Գանատայի հայ կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդ` Մանուէլ արքեպիսկոպոս Պաթագեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-րդ Մինասեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Ճէյթայուիի Տիրամօր Աւետման եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահեց հոգեհանգստեան սուրբ պատարագին, Ներկայութեամբ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի նախկին արքեպիսկոպոս Գէորգ Խազումեանի, խումբ մը քահանաներու ու սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Արհ. Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեանը իր մահկանացուն կնքած էր 92 տարեկանին, անցեալ տարուայ 18 հոկտեմբերին, երկարաժամկէտ հիւանդութեան մը աւարտին։
Ան եղած է Քրիստոսի իսկական աշակերտը, մեծ անձնուիրումով եւ անխոնջ նուիրուածութեամբ ծառայելով իրեն յանձնուած հօտին։
Ծնած էր Գոգինիա (Յունաստան) 5 նոյեմբեր 1929ին։ Քանի մը տարի Զմմառու կղերանոցը անցընելէ ետք` ուղարկուած է Լեւոնեան Ք. Վարժարան 1946ին։
Քահանայ ձեռնադրուած է` 8 դեկտեմբեր 1954ին Հռոմի մէջ անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան ապա մեկնած է Պէյրութ, ուր ծառայութիւն մատուցած է տարբեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ 1978էն մինչեւ 1984 Ան եղած է Պատրիարքական Փոխանորդ` որպէս Զմմառու վանքի մեծաւոր ապա պաշտօնավարած է Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմէն ներս։ 1990-ին նշանակուած է Հռոմի Քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր։
Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է` 12 մարտ 1995-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքին, դառնալով Պէյրութի Թեմին օգնական եպիսկոպոս։ 30 նոյեմբեր 2000 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Թեմին առաջնորդ, ուր իր ծառայութիւնը մատուցեց մինչեւ իր տարիքի բերումով հրաժարականը` 2011 թուականին։
Վերջին տարիներուն փոխադրուած էր Լիբանան, ուր հակառակ յառաջացած տարիքին շարունակած է մեծ նուիրումով ծառայել իր համայնքին։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ Եղիցի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ