Որոնել

Սուրբ Գիրք Սուրբ Գիրք 

Կիրանօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն. Ո՞վ է մեծը Քրիստոսի համար

Ըլլալ խոնարհ եւ պարզ, մանուկներու նման, չմտածել խորամանկութեամբ ուրիշներու տեղն ու պաշտօնը գրաւելու, այլ պարզապէս կատարելու մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը, թողլով որ ինք տնօրինէ մեր մասին եւ հասցնէ հոն ուր կը փափաքի որ հասնինք։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Առաքեալները կը վիճաբանին իրար հետ, եւ ի՞նչ է նիւթը իրենց վէճին, թէ ո՛վ է մեծը իրենց մէջ։ Հետաքրքրական է այս նիւթը, որովհետեւ անկէ առաջ` Յիսուս կը խօսի իրենց իր մահուան մասին. Անոնք յանկարծ կ՛ըմբռնեն թէ Յիսուս պիտի մեռնի եւ իրենք առանձին պիտի մնան, ու անմիջապէս կը սկսի ընտրապայքարը. Յիսուսէն վերջ` ո՞վ պիտի ըլլայ իր տեղը բռնողը, այն որ պիտի կառավարէ իրենց այս ընկերութիւնը։

Յիսուս բոլորովին յուսախափ է. Ասոնք չեն հասկցած իր պատգամը, բոլորովին շեղած են իր ուսուցումէն։ Ինք խօսած էր իրենց խոնարհութեան, առքատութեան եւ հալածանքներու մասին, իսկ իրենք կ՛երազեն փառքը, պատիւը, առաջնութիւնը եւ ինչու չէ, նաեւ հարստութիւնը։ Խօսած է իրենց եղբայրսիրութեան մասին, իսկ իրենք տեւապէս կը վիճաբանին իրար հետ։ Անոնք շատ հեռու են տակաւին իր քարոզած վարդապետութենէն։
Այսօր նոյն պատկերը կը պարզուի եկեղեցական կարգ մը շրջանակներէն ներս. Հսկայ պայքար մը կայ ասպարէզի համար, տիտղոսի մը տիրանալու համար, դիրքի մը հասնելու համար։ Ոմանք նոյնիսկ կ՛աշխատին իրենց ընկերները վարկաբեկելու, որպէսզի իրենք աւելի առաջ երթան։ Քրիստոս զարմացած կը դիտէ երկնքէն այս անտեղի պայքարները եւ կը հիասթափուի այս եղելութեան դիմաց։

Իսկ իշխանութեան գլուխ հասնողները կը լեցուին կասկածամտութեամբ, կը սկսին քննադատել իրենց ստորադասները եւ բռնաւորական կեցուածք մը որդեգրելով` կը դառնան աւելի պետ` քան հայր, աւելի իշխան` քան ծառայ իրենց յանձնուած հօտին։

Այսօր Յիսուսի նպատակն է սրբագրել այս սխալը, թէ իր առաքեալներուն նկատմամբ, թէ նաեւ գալիք սերունդներուն համար։ Որպէսզի այդ վիճաբանութիւնը կեցնէ, մանուկ մը կ՛առնէ եւ իրենց մէջ կը կայնեցնէ, ըսելով. Ահա, այս է մեծը ձեր մէջ։ Եթէ կ՛ուզէք մեծ ըլլալ, եղէք այս մանուկին պէս, պարզ, խոնարհ եւ հեզաբարոյ. Այն ատեն միայն իրաւունք կ՛ունենաք մեծ կոչուելու եւ մնացեալները կառավարելու։

Մենք կը մոռնանք յաճախ Քրիստոսի ուսուցումը եւ, տարուելով մարդկային նկատողութիւններէ, կը հետեւինք մեր կիրքերուն թելադրած ընտրանքներուն, հեռանալով քրիստոնէական սկզբունքմերէն։ Մեր եսը կը սնուցանենք յաճախ այլազան զգացումներով, մղուած նախանձէ կամ պատիւներու հասնելու մարմաջէն։ Առանց անդրադառնալու, ոտնակոխ կ՛ընենք մեր մերձաւորին անձնաւորութիւնն ու իրաւունքները։ Այսպէսով կը կարծենք հասնիլ մեր նպատակին եւ կատարել Աստուծոյ կամքը, մինչդեռ բոլորովին հակառակ ճամբով է որ կ՛ընթանանք։

Ի՞նչ կ՛ըսէ Յիսուս եւ ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այս աւետարանին մէջ։ Ըլլալ խոնարհ եւ պարզ, մանուկներու նման, չմտածել խորամանկութեամբ ուրիշներու տեղն ու պաշտօնը գրաւելու, այլ պարզապէս կատարելու մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը, թողլով որ ինք տնօրինէ մեր մասին եւ հասցնէ հոն ուր կը փափաքի որ հասնինք։

Խոնարհութիւնը մայրն է բոլոր առաքինութիւններուն։ Եթէ այս առաքինութիւնը չունենանք, աւելորդ է ուրիշ առաքինութիւններու մասին խօսք ընել։ Եթէ չըլլանք մանուկներու պէս, Աստուծոյ մօտ մեր անձը պիտի չկարենայ երբեք հասնիլ կատարելութեան։ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած է մեզմէ ամէն մէկուն. Մեծ պիտի կոչուի երկնքի մէջ` այն անձը որ ինքզինք կը նկատէ որպէս փոքր, նման մանուկի։

Մեր վարձատրութիւնը պիտի ստանանք երկնքի արքայութեան մէջ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2022, 07:00