Որոնել

minassianAEM.jpg

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կը ժամանէ Հռոմ Միջազգային Քարիթասի համաժողովին մասնակցելու համար

«Ես պիտի աղօթեմ սիրոյ, համերաշխութեան, ներդաշնակութեան, անկեղծութեան, ազնւութեան, միութեան և միասնութեան համար։ Այս է Լիբանանի փրկութիւնը։ Այս է Լիբանանի ճանապարհային քարտէզը, Անոր պատգամը» նշեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Լիբանանի Անկախութեան տօնին կապակցութեամբ ուղղած հակիրճ յայտարարութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Հայ կաթողիկէներու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, այսօր` 21 նոյեմբերին, Լիբանանէն մեկնեցաւ ուղղուելով դէպի Հռոմ՝ մասնակցելու Քարիթասի միջազգային համաժողովին և այնտեղ ներկայացնելու համայնքի գործունէութիւնը, յատկապէս հաշուի առնելով, այն նուրբ պայմանները, որոնց մէջէն կ՛անցնին Լիբանանը, Միջին Արևելքը և յատկապէս Հայաստանը։

Պէյրութի օդակայանէն չմեկնած Պատրիարք Հայրը յայտարարութիւն մը կատարեց Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով, որուն մէջ Ան մասնաւորապէս դիտել տուաւ, որ «Անկախութեան օրը հասած է, և Լիբանանը մէկը միւսի ետեւէն կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ, ան կը դիմագրաւէ իր պատմութեան ամենածանր ճգնաժամերէն մին»։

Պատրիարքը ակնարկեց ապա Լիբանանի մեծանուն երգչուհի Ֆէյրուզին հրաւիրելով եւ կոչ ուղղելով «անորմէ սորվիլ» եւ «աղօթել լիբանանցիներու անվտանգութեան, ապահովութեան, խաղաղութեան և անկախութեան համար և հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան համար»: «Որպէսզի, աւելցուցած է Հայրապետը, Լիբանանի մայրին վառ մնայ Լիբանանի դրօշին վրայ»։

«Ես պիտի աղօթեմ սիրոյ, համերաշխութեան, ներդաշնակութեան, անկեղծութեան, ազնւութեան, միութեան և միասնութեան համար։ Այս է Լիբանանի փրկութիւնը։ Այս է Լիբանանի ճանապարհային քարտէզը, Անոր պատգամը» նշեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Լիբանանի Անկախութեան տօնին կապակցութեամբ ուղղած հակիրճ յայտարարութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2022, 12:55