Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շնորհաւորութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապին ծննդեան 86րդ տարեդարձին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 17 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բոլորեց ծննդեան 86 ամեակը, որուն առիթով բազմաթիւ եղան անոնք որոնք Անոր ուղղեցին շնորհաւորական ուղերձներ, որոնց շարքին էր նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Սրբազան Պապին ուղղած նամակին մը մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յանուն համայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին փոխանցեց ծննդեան 86րդ տարեդարձին կապակցութեամբ շնորհաւորութիւններ յիշելով նաեւ մի քանի օրեր առաջ յիշատակուած Քահանայական ձեռնադրութեան 53րդ տարեդարձը։
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Ֆրանչիսկոս Պապին ապահովեցուց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն աղօթքները Անոր անձին եւ առաքելութեան համար, որպէսզի «կարողանայ Քրիստոսին նաւը առաջնորդել հաստատ ձեռքերով` մեր ժամանակներու փոթորիկներու ընդմէջէն»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ