Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը միանայ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին համար աղօթքներուն։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին, 28 դեկտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ուղղած հրաւէրին` աղօթելու վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶի համար, որ ինչպէս նշեց Ֆրանչիսկոսը, «ծանրապէս հիւանդ է», Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքը հայ կաթողիկէ կղերական դասն ու հաւատացեալները հրաւիրեց որ միանան Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի խնդրանքին ու միաձայն աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, որպէսզի թիկունք կանգնի իր նուիրեալ Ծառային, մխիթարէ զինք ու սփոփէ անոր ցաւերը ու տառապանքները, զոր Ան վեհանձնօրէն կը նուիրէ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ