Որոնել

005-copia--rsz.jpg

Սուրբ Յակոբ Մեծբնայ Հայրապետին սրբազան մասունքը դուրս բերուեցաւ «Կիլիկիա» թանգարանէն

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին օրհնութիւնն ու բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ մեր ազգին, մեր ընտանիքներուն եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայէն։

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի աշակերտներուն, Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն ու ժողովրդային սուրբերէն՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին, ինչպէս նաեւ Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին։

Արդարեւ, Հայրապետական տնօրինումով, մեծ սուրբին՝ Ս. Յակոբի սրբազան մասունքը, որ կը գտնուի Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ եւ մաս կը կազմէ Կաթողիկոսութեանս բազմադարեան եւ բազմաթիւ այլ մասունքներու հարստութեան, դուրս բերուեցաւ թանգարանէն եւ հոգեպարար արարողութեան նախագահող եպիսկոպոսին՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի (մատենադարանապետ) ձեռամբ, եկեղեցական թափօրի պահուն բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովրդեան։

Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին օրհնութիւնն ու բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ մեր ազգին, մեր ընտանիքներուն եւ մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2022, 07:30