Որոնել

1672138969712.jpg

Միասին` աշխարհի մէջ խաղաղութեան ուղիներ ծրագրելու համար. Մէկ Յունուարի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ձեռնարկը

Պիտի համախմբուինք «միասին» Հռոմի մէջ ու նաեւ աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ, կազմակերպելով երթեր եւ աղօթքի հսկումներ, որովհետեւ ինչպէս կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ օրուայ առիթով իր հրապարակած պատգամին մէջ, համաճարակը մեզի սորվեցուց որ միայն «միասին» կարելի է գտնել խաղաղութեան ուղիները:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի օր` մէկ Յունուարին կը յիշատակուի Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ օրը, որուն առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի կ՜ունենայ ձեռնարկ մը որուն ընթացքին ցուցապաստառներ պիտի ցուցադրուին, որոնք պիտի կրեն աշխարհի այն երկրներուն և տարածաշրջաններուն անունները, որոնք տակաւին կը շարունակէն հակամարտութիւններու և համատարած բռնութիւններու դաշտ հանդիսանալ։

«Պիտի համախմբուինք «միասին» Հռոմի մէջ ու նաեւ աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ, կազմակերպելով երթեր եւ աղօթքի հսկումներ, որովհետեւ ինչպէս կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ օրուայ առիթով իր հրապարակած պատգամին մէջ, համաճարակը մեզի սորվեցուց որ միայն «միասին» կարելի է գտնել խաղաղութեան այդ ուղիները, զոր շատ մը ժողովուրդներ կը սպասեն, որպէսզի կարողանան վերաբացուիլ դէպի ապագայ», կը կարդանք այս առթիւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Կիրակի օրուայ ձեռնարկը պիտի սկսի ժամը 11ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Սրբազան Պապին գլխաւորելիք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2023 տարուայ Խաղաղութեան Համաշխարհային Օրուան պատգամը հրապարակուեցաւ անցեալ 16 դեկտեմբերին «Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին։ Վերամեկնիլ Քովիտ-19էն` միասին գծելու համար խաղաղութեան արահետները» խորագիրով։

Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը իր այս նախաձեռնութեամբ կ՜ուզէ միանալ խաղաղութեան համար աղօթքին ու հայցել բոլոր պատերազմներուն աւարտը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2022, 11:26