Որոնել

2022.08.06 Vangelo della XIX domenica del Tempo Ordinario (anno C)

Բ. Կիրակի Յայտնութենէն ետք (Յովհաննէս 5, 19-30) «Աշխարհ եկած եմ Հօրս կամքը կատարելու համար»

Ինչպէ՞ս կատարել Աստուծոյ կամքը: Օրէնք մը կայ որուն եթէ հետեւինք, անսխալ կերպով կ'ընթանանք Աստուծոյ գծած ճամբէն: Այդ օրէնքը երկու մասէ կը բաղկանայ. - Առաջին՝ սիրել զԱստուած, ամէն բանէ վեր եւ փառք մատուցանել իրեն: - Իսկ երկրորդը՝ սիրել մեր ընկերը, մեր մերձաւորը, մեր անձին պէս:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի թէ ի՞նչ է նպատակը մեր ստեղծումին, ինչու՞ մենք աշխարն եկած ենք: Ամէն անձի մէջ որ կը ծնի այս աշխարհի վրայ, յաոաջ կու գայ տենչը ապրելու եւ օրէ օր, տարուէ տարի, իր ապրելու այս փափաքը կ՛աւելնայ եւ կը զարգանայ:

       Ուստի մարդս ծնած է ապրելու համար. Կեանքը որ ընծայուած է մեզի օգտագործելու ենք լաւագոյն կերպով, պահելով մենք մեզ առողջ, կուշտ եւ հանգիստ, դիմագռաւելով բոլոր դժուարութիւնները կեանքին ընթացքին եւ յաղթելով այն ամէն խոչընդոտներուն որոնք կը սպառնան մեզի:

       Բայց արդեօ՞ք այս է միայն նպատակը մեր կեանքին: Պիտի ըսէի այո եթէ մենք լոկ անասուն ըլլայինք: Սակայն մենք անասուններէն բարձր ենք, մեր խելքով, մեր մտքով եւ մանաւանդ մեր հոգիով, որ սահմանուած է անմահ ու յաւիտենական կեանքի. Ուստի վստահ ուրիշ նպատակ մը կայ որուն համար կոչուած ենք ապրելու:

Մենք կը հաւատանք թէ ստեղծուած ենք հզօր Աստուծոյ մը կողմէ, որ մեզ կը կոչէ բաժնելու իր հետ յաւիտենական կեանքը:

       Ուստի մեր ստեղծումին բուն նպատակն է ապրիլ այնպիսի կեանք մը որ մեզ արժանի դարձնէ յաւիտենական երջանկութեան:

Եւ նախաքայլը այս կեանքին՝ հաւատքն է. Արդեօք կը հաւատա՞նք Աստուծոյ գոյութեան, որ ստեղծած է այս աշխարհը ուր կը գտնուինք եւ որ կը կառավարէ մեր կեանքը իր կամքին համաձայն:

       Մի քանի տարիներ առաջ՝ վիճակագրութիւն մը եղած է նայելու համար թէ Եւրոպայի, - ներառեալ Կովկասի - ազգերէն որո՞նք աւելի շատ կը հաւատան Աստուծոյ գոյութեան: Երեւան եկած է թէ Հայերը առաջին տեղը կը գրաւեն 80 առ հարիւր տոկոսով. Իսկ եւրոպական կարգ մը երկիրներ, ներառեալ Ֆրանսան, վերջին տեղերը կը գրաւեն 10 առ հարիւր տոկոսով միայն, ինչ որ մեր ազգին համար մեծ պարծանքի առիթ է:

       Սակայն չի բաւեր հաւատալ, հարկ է գործել այդ հաւատքին ցուցմունքներուն համաձայն, հարկ է ընթանալ՝ Աստուծոյ կամքը կատարելով:

Ահա հոս կը միանանք այս օրուայ աւետարանին խօսքին զոր կ'ըսէ Յիսուս թէ եկած է աշխարհ, կատարելու համար իր Հօր կամքը : Մենք եւս, սիրելի ունկնդիրներ, միանանք Յիսուսի, խնդրենք իր օգնութիւնը եւ կատարենք Աստուծոյ կամքը, այսինքն այն ծրագիրը զոր ան ի յաւիտենից պատրաստած է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար:

Իսկ ինչպէ՞ս կատարել Աստուծոյ կամքը: Օրէնք մը կայ որուն եթէ հետեւինք, անսխալ կերպով կ'ընթանանք Աստուծոյ գծած ճամբէն: Այդ օրէնքը երկու մասէ կը բաղկանայ.

-       Առաջին՝ սիրել զԱստուած, ամէն բանէ վեր եւ փառք մատուցանել իրեն:

-       Իսկ երկրորդը՝ սիրել մեր ընկերը, մեր մերձաւորը, մեր անձին պէս:

        Այս է ճանապարհը, այս է միակ ճշմարիտ ուղին, եւ ի վերջոյ, այս է որ մեզ պիտի  տանի դեպի յաւիտենական կեանք. Ամէն:

                                                                              Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2023, 07:56