Հարաւային Սուտանի Պապական նուիրակը. «Պապէն կը սպասենք խաղաղութեան եւ արդարութեան համար զօրակցութիւն»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին հարաւային Սուտան կատարելիք ճամբորդութեան նախօրէին, Հարաւային Սուտանի Պապական նուիրակ Գերապայծառ Հուպերթուս Մաթէուս Մարիա վան Մէկէն, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդի սպասումներու ու յոյսերու մասին։
Գերապայծառ Հուպերթուս Մաթէուս յարեց, թէ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ ու անհամբեր կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան, այցելութիւն մը, որ կը ծառայէ որպէս աջակցութիւն եւ որպէս քաջալերանք ժողովուրդի մը համար, որ մեծ յոյսեր ունի Պապէն։
Անդրադառնալով Հարաւային Սուտանի ժողովուրդին ապրած դժուարութիւններուն, Պապական Նուիրակը նկատել տուաւ, որ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը տառապող ժողովուրդ մըն , ոչ թէ միայն վերջերս, այլ տարիներէ վեր, երկրի անկախացումէն ետք։
«ժողովուրդը շատ յոգնած վիճակի մէջ է, որ խաղաղութիւն կ՝երազէ ու ամէն անհատ կը փափաքի ազատութեան, արդարութեան մէջ ապրիլ, ուր իրենց զաւակները կրնան խաղաղութեամբ աճիլ, դպրոց երթալ ու սնունդ ստանալ, սակայն՝ Հարաւային Սուտանի շատ մը մարդոց համար անիկա իրականութիւն չէ, միայն երազ մըն է, որ կարելի չէ ապրիլ», ըսաւ Պապական նուիրակը աւելցնելով, որ ժողովուրդը մեծ յոյս ունի, որ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեամբ երկրի մէջ խաղաղութիւն եւ արդարութիւնը հաստատուի ու ժողովուրդին երազը իրականայ։
Այս առնչութեամբ Գերապայծառ Հուպերթուս Մաթէուս յիշեց 2019 թուականին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հարաւային Սուտանի պետական քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ, որուն ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ համբուրելով անոնց ոտքերը խնդրեց անոնցմէ, որ ամէն ջանք թափեն խաղաղութեան իրականացման համար։
Անդրադառնալով համամիութենական ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան կարեւորութեան, Պապական նուիրակը յարեց, թէ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներ են ու հարաւային Սուտանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին պիտի ընկերանան Քանթերպուրիի արքեպիսկոպոսը եւ Սքովտիոյ եկեղեցւոյ վարիչը «դա յաւելեալ արժէք է խաղաղութեան զօրաւոր պատգամին համար», ըսաւ Պապական նուիրակը աւելցնելով այս համամիութենական յատկութիւնը եկեղեցւոյ կողմէ վկայութիւն մըն է՝ ըսելու համար, թէ մենք որպէս եկեղեցի կը որոնենք մէկ ըլլալ, կը փնտռենք իրարու ձեռք տալ, կը որոնենք խօսիլ մէկ ձայնով եւ անիկա «կը խնդրենք նաեւ ձեզմէ քաղաքական առաջնորդներէն, որպէսզի մէկ ձայնով խօսիք եւ իրարու օգնէք եւ միասնաբար աշխատինք՝ որպէս եկեղեցւոյ առաջնորդներ եւ երկրի կառավարիչներ, խաղաղ եւ արդար երկրի մը համար։
Պապական նուիրակը ապա նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապի հարաւային Սուտան առաքելական ճամբորդութեան օրակարգ շատ խիտ է, սակայն ամենէն յուզիչ հանդիպումը պիտի ըլլայ գաղթականներու հետ հանդիպումը։
«Հարաւային Սուտանի գաղթականներու թիւը միլիոններով շատ բարձր է եւ գրեթէ ամէն ընտանիք նուազագոյնը ունի գաղթական մը ու շատ մը հարաւային Սուտանցիները իրենց քաղաքը ձգեցին գաղթելով, ուրիշ վայրեր, պատերազմի պատճառով։
Գաղթականներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապին այս հանդիպումը ամենէն կարեւոր հանդիպումն է։ Սրբազան Հայրը պիտի լսէ անոնց պատմութիւններն, վկայութիւնները։ Ըսաւ Հարաւային Սուտանի Պապական նուիրակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ