Արհ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան. Եկած եմ ձեզի ըսելու մի վհատիք` Եկեղեցին ձեր կողքին է
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի Ընդհանուր Փոխանորդ Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան այս օրերուն հովուական զօրակցական այցելութեամբ կը գտնուի Սուրիա, մխիթարութիւն եւ սփոփանք տանելու համար, վերջին երկրաշարժի զոհերուն։
28 փետրուարին Ան այցելեց Քեսապի Հայ կաթողիկէ համայնքը ապա փոխադրուեցաւ Հալէպ, ուր չորեքշաբթի մէկ Մարտին հանդիպումներ ունեցաւ Հալէպահայ ընտանիքներու հետ ու տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցաւ աղքատախանմ միութեան անդամներուն հետ, անոնց յանձնելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ տրամադրուած որոշ գումար մը, որպէս անմիջական աջակցութիւն եւ զօրակցութեան արտայայտութիւն։
«Այսօր ձեր մօտ Հալէպ կը գտնուիմ, որպէս մեր շատ սիրելի Հոգեւոր Տէր Ամենապատիւ եւ Գերերջ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանի պատուիրակ։ Եկած եմ ձեզի ըսելու, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ձեր կողքին է։ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը ձեզի կը մտածէ։ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեզի հետ է։ Մենք կը հասկնանք ձեր ցաւն ու անհանգստութիւնը այս ձեր ապրած դժուար պահի ընթացքին եւ գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ ձեր կեանքերը անվնաս պահեց երկրաշարժի պատուհասէն, հակառակ որ ձեզմէ ոմանց տուներն ու գործատեղերը վնասներ կրեցին։ Աստուած ձեզ պաշտպանն է։ Մի յուսահատիք։ Ձեր Յոյսը դրէք Աստուծոյ վրայ։ Մնացէք ամրացած ձեր հաւատքին մէջ եւ եղէք Աստուծոյ ու Քրիստոսի Աւետարանին առաքեալները։ Կը խրախուեմ որ չվախնաք որովհետեւ Աստուած ձեզի հետ է» եղաւ այս առիթով Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի ուղղած մխիթարական ու քաջալերական խօսքերը անոնց որոնց հետ հանդիպեցաւ։
Այս առիթով յայտնենք որ Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Բարեսիրական Միութիւնը կազմակերպած է ու կը շարունակէ կազմակերպել նուիրատուներու աջակցութեամբ երկրաշարժի տուժողներուն ի նպաստ տրամադրուած զանազան օժանդակութիւններու բաշխումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ