Որոնել

2022.02.02 Ecclesiatica Communio - Messa del Papa consacrati

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ շնորհաւորական գիրը Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան տասնամեակին առիթով

«Այս տասը տարիներու ընթացքին Հայ ժողովուրդի զաւակները – ոչ միայն կաթողիկէ այլեւ առաքելական եւ բողոքական – իրենք զիրենք աւելիով մօտիկ զգացին Սուրբ Պետրոսի յաջորդի սրտին»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նորին Սրբութիւն, Սիրեցեալ Հայր, համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ այս ուրախալի օրուան առիթով, որ կը հրճուի Ձեր Սուրբ Պետրոսի Աթոռին վրայ ընտրութեան տասներորդ տարեդարձին առիթով, իմ ու համայն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ անունով կու գամ Ձեզի արտայայտելու մեր խնդակցութիւնները այս յիշարժան օրուան համար»։ Այս տողերով կը սկսի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց հայրապետ` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի շնորհաւորական նամակը, ուղղուած Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին, անոր Քահանայապետութեան տասներորդ տարեդարձին առիթով, որ կը յիշատակուի այսօր` 13 Մարտ 2023ին։

Հայ ժողովուրդը ինքզինք կը զգայ մօտիկ Պետրոսի յաջորդի սրտին

«Եղան տասը տարիներ որոնց ընթացքին հայ ժողովուրդի զաւակները – ոչ միայն կաթողիկէ այլեւ առաքելական եւ բողոքական – իրենք զիրենք աւելիով մօտիկ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի սրտին», կը գրէ ապա Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յիշելով յատկապէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ» տիտղոսի տուչութիւնը` 2015 թուականին, ինչպէս նաեւ այդ առիթով Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ մատուցած պատարագը ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, ու նաեւ Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութիւնը հայաստան` 2016ին, որ եղաւ «միանգամայն հովուական եւ համամիութենական», ապա Առաքելական հաղորդութեան պատարագը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց կատարել Սուրբ Պետրոսի մէջ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք ընտրութեան առիթով։

Եկեղեցւոյ բարեկարգումի ու նորոգումի տարիներ

«Տասը տարիները եղան նաեւ եկեղեցւոյ բարեկարգումի ու վերանորոգումի համար քաջ ձեռնարկներու տարիներ» կը նշէ հուսկ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորական նամակին մէջ, մատնանշելով թէ ինչպէս պատմութեան հոլովոյթին հայ կաթողիկէ Եկեղեցին եւս ջանացած է միշտ ըլլալ իր ժողովրդին մօտիկ, ըլլալ «Հովիւ` որ ունի ոչխարներուն հոտը»։

Հայ ազգին ճակատագիրը

«Եւ երբ մեր ազգը թիրախ դարձաւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն ու ստիպուած եղաւ տեղափոխուիլ նոր հայրենիք, Պատրիարքութիւնը հետեւեցաւ անոր, այսօրուայ Լիբանանի մէջ գտնելով հիւրընկալ նոր օճախ մը» կը գրէ միշտ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը դիտել տալով, որ «պատմութիւնը սակայն անգամ մը եւս ստիպեց, որ հայ ժողովուրդը յանձն առնէ գաղթականութեան նոր ճամբայ մը» եւ «այսօր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը զուրկ է իր հօտէն» որ տարածուած է ամենուրէք։

Աղօթքներ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նամակը կ՛եզրափակէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին վստահեցնելով համայն հայ ժողովուրդին աղօթքները ու «նաեւ», կը գրէ Ան, «կը միանայ ձեր աղօթքին աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար ու նաեւ արդարութեան եւ աղքատներուն համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2023, 09:02