25 Մարտին տօնն է Ս. Կոյս Մարիամի Աւետման, Գաբրիէլ հրեշտակէն:
Աւետում
26 Եւ վեցերորդ ամսուն, Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլեայի մէկ քաղաքը որուն անունն էր Նազարեթ, 27 կոյսի մը որ նշանուած էր Դաւիթի տունէն Յովսէփ անունով մարդու մը հետ. եւ կոյսին անունը Մարիամ էր։ 28 Հրեշտակը, անոր մօտենալով` ըսաւ. «Ողջո՛յն քեզի, շնորհքներո՛վ լի, Տէրը քեզի հետ է»։ 29 Այս խօսքերը լսելով, Մարիամ վրդովեցաւ եւ կը խորհէր թէ ինչ կը նշանակէ այս ողջոյնը։ 30 Հրեշտակը ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտար. 31 ահա՛ պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ 32 Ան մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի. 33 Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը` Դաւիթի աթոռը, եւ Յակոբի տան վրայ պիտի թագաւորէ յաւիտեան. եւ անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ 34 Մարիամ հարցուց հրեշտակին. «Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ինծի ատիկա, քանի որ ես այր չեմ ճանչնար»։ 35 Հրեշտակը պատասխանեց. «Սուրբ Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի, որովհետեւ Սուրբը որ քեզմէ պիտի ծնի` Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ 36 Ահա՛ Եղիսաբեթ, քու ազգականդ ալ, որդի մը յղացած է իր ծերութեան ատեն եւ արդէն վեցերորդ ամ-սուայ մէջ է, ինքը որ ամուլ կոչուած էր. 37 որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ»։ 38 Մարիամ ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ, Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Եւ հրեշտակը մեկնեցաւ անոր քովէն։
Մարիամ կ՛այցելէ Եղիսաբեթին
39 «Այն օրերուն Մարիամ, ճամբայ ելլելով` փութով գնաց լեռնակողմը, Յուդայի մէկ քաղաքը. 40 եւ մտնելով Զաքարիայի տունը` ողջոյն տուաւ Եղիսաբեթին։ 41 Եղիսաբեթ, հազիւ լսեց Մարիամի ողջոյնը, մանուկը խայտաց իր որովայնին մէջ. եւ Եղիսաբեթ լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով, 42 ու բարձրաձայն գոչեց. «Օրհնեա՛լ ես դուն կիներուն մէջ, եւ օրհնեալ է պտուղը քու որովայնիդ։ 43 Այս ի՞նչպէս կþըլլայ որ Տիրոջս մայրը ինծի գայ։ 44 Որովհետեւ ահա, երբ քու ողջոյնիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկս ցնծալով խայտաց որովայնիս մէջ։ 45 Եւ երանի՛ անոր որ հաւատաց, որովհետեւ պիտի կատարուի ինչ որ Տիրոջ կողմէ ըսւեցաւ իրեն»։
46 Մարիամ պատասխանեց. «Իմ անձս Տէրը կը փառաւորէ, 47 եւ Հոգիս կը ցնծայ իմ փրկիչ Աստուծովս. 48 որովհետեւ իր աղախինին նուաստութեան նայեցաւ։ Ահա, ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանի՛ պիտի տան, 49 որովհետեւ Հզօրն ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ. եւ սուրբ է անոր անունը։ 50 Անոր ողորմութիւնը` իր երկիւղածներուն վրայ է, սերունդէ սերունդ։ 51 Հրաշքներ գործեց իր բազուկով, ամբարտաուանները՝իրենց սրտին խորհուրդովը ցրուեց։ 52 Հզօրներն իրենց գահէն տապալեց, եւ խոնարհները բարձրացուց։ 53 Անօթիները բարիքներով լիացուց եւ հարուստները ձեռնունայն արձակեց։ 54 Պաշտպան կանգնեցաւ իր Իսրայէլ ծառային` յիշելով իր ողորմութիւնը, 55 ինչպէս խօսած էր մեր հայրերուն` Աբրահամին եւ անոր սերունդին, յաւիտեան»։
56 Մարիամ շուրջ երեք ամիս կեցաւ Եղիսաբեթի մօտ, եւ իր տունը դարձաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ