Որոնել

2023.03.15 San Giuseppe

19 Մարտին տօնն է Ս Յովսէփ Աստուածահօր

Յովսէփ հնազանդեցաւ, ու իր մօտ առաւ Մարիամը, ու աւելի սերտ սիրով եւ յարգանքով կապուեցաւ անոր հետ։ Ան տէր կանգնեցաւ Մարիամին ու նաեւ Յիսուսին։

Յովսէփ Դաւթի ցեղէն էր, աւետարանը զայն կը կոչէ «Արդար» մարդ։ Նշանուած էր Մարիամի հետ, Նազարէթի մէջ իր ապրուստը կը շահէր հիւսնութեամբ։ Երբ Յովսէփ իմացաւ որ Մարիամ յղի էր, եւ որովհետեւ ազնիւ մարդ էր, որոշեց, առանց պատճառը հրապարակելու, «լռելեայն արձակել զինք» սակայն Աստուծոյ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Յովսէփ Դաւթի որդի, մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ. որով հետեւ անոր մէջ ծնածը Ս Հոգիէն է. պիտի ծնի որդի մը, անոր անունը Յիսուս Էմմանուէլ պիտի դնես (որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ) որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը մեղքերէ»։

Ասիկա կը կատարուի համաձայն Աստուծոյ Խօսքին Եսայի մարգարէի բերնով. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ պիտի ծնի որդի մը որուն անունը պիտի դնեն Էմմանուէլ. (որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ)»։

Յովսէփ հնազանդեցաւ, ու իր մօտ առաւ Մարիամը, ու աւելի սերտ սիրով եւ յարգանքով կապուեցաւ անոր հետ։ Ան տէր կանգնեցաւ Մարիամին ու նաեւ Յիսուսին։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ «Յովսէփ» մեծ անուն ունի եւ հռչակուած է անոր պաշտպան սուրբը։

Յիսուս բազմիցս կոչուած է Որդի Աստուծոյ , Որդի Դաւթի ու Որդի Մարդոյ, սակայն նաեւ կը մնայ Որդի Յովսէփայ ասիկա Յովսէփին անկապտելի եւ յաւիտենական փառքն է։

Արդար է եկեղեցւոյ բարձրագոյն յարգանքը Յովսէփի նկատմամբ. ան կը ներկայացուի աստուածային իր մանուկը բարձր ու հայրաբար բռնած աշխատաւորի կարշնեղ - քաջակազմ բազուկներէն մէկուն մէջ, եւ միւս ձեռքին մէջ բռնած շուշանածաղիկ մը , խորհրդանիշ՝ իր անարատութեան եւ հոգեկան մաքրութեան։

Յայսմաւուրքին մէջ, Յովսէփ ներկայացուած է իբրեւ մարդ մը ՜՜ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն. հեզ, ողորմած, մարդասէր, վշտակից այլոց եւ օժտուած ամենաբարի բնութեամբ։

Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը Իտալիոյ մէջ հայրերու տօն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2023, 19:00