Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ ընդունեց Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ցամաքային սիւնհոդոսին մասնակցող Հայ Կաթողիկէ համայնքին անդամները
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Չորեքշաբթի 15 Մարտ 2023ի կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Պեթանիա կեդրոնին մէջ սկիզբ առած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու ցամաքային սիւնհոդոսին մասնակցող Հայ Կաթողիկէ Համայնքին անդամները հանդիպում մը ունեցան ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ:
Բացման խօսքով Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան համառօտօրէն ընդհանուր պատկերացում մը տուաւ Սիւնհոդոսի ուղեւորութեան մասին: Որմէ ետք ներկաները Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցին սիւնհոդոսի աւարտին յատուկ մէկ հաւաքին մասնակից հայ կաթողիկէ անդամներուն կողմէ առնուած առաջարկները:
Հոգեւոր Տէրը ուշադրութեամբ ունկնդրեց ներկաներուն, եւ իր օրհնութիւնը տալէ ետք թելադրեց, որ սոյն առաջարկները ներկայացուին բոլոր ժողովրդապետութիւններուն:
Որոշում առնուեցաւ, որ մասնակիցներէն կազմուած յանձնախումբ մը այցելէ ժողովրդապետութիւնները, որպէսզի աշխատանք սկսի տարուիլ, սիւնհոդոսին աւարտական որոշումները ներկայացնելու համար հայ կաթողիկէ հասարակութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ