Որոնել

FILE PHOTO: 10th anniversary of Pope Francis' papacy

Եկեղեցական Գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Քառասնորդաց – Տնտէսի Շաբաթ (12_19 մարտ 2023)

Երկուշաբթի 13 Մարտը 10_րդ տարեդարձն է Ֆրանչիսկոս պապի ընտրութեան:  Արդարեւ 13 մարտ 2013_ին, հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին քահանայապետ ընտրեց  կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն, որ առաւ Ֆրանչիսկոս անունը:
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց չորրորդ շաբաթը անհաւատարիմ տնտեսի նուիրուած շաբաթն է. Յիսուս բնաւ չէր խօսած այս ձեւով, քաջալերելով նմանելու անհաւատարիմ եւ կաշառակեր մէկու մը. Բայց իր քարոզութիւնը կը հասկնանք եթէ դիտենք իր նպատակը. Ան կ՛ուզէ որ իրեն հետեւող անձերը նոյնքան ճարպիկ գտնուին հոգեւոր կեանքի եւ բարիքներու ստացման մէջ, որքան աշխարհականները հոգ կը տանին մարմնաւոր շահերու նկատմամբ։

Մենք Յիսուսի խօսքերը կը վերլուծենք այս ուղղութեամբ։

Իսկ միեւնոյն առակի վերջաւորութեան, Յիսուս աւելի յստակ կերպով կը խօսի, առաջքը առնելու համար ամէն տեսակի շփոթութեան. Կարելի չէ երկու տէրերու ծառայել, ամէն մարդ պարտի ընտրութիւն մը ընել. Կամ Աստուած, կամ Մամմոնան, այսինքն դրամը, նիւթը, այն ինչ որ մեզ կը կապէ մարմնաւոր աշխարհի։

Սկզբունքի հարցի կը վերածուի մեր ամէն մէկ որոշումը. Որովհետեւ կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին, ենթակայ ենք այս երկընտրանքին. Չենք կրնար միեւնոյն ատեն հաճելի ըլլալ Աստուծոյ, անոր կամքը կատարել եւ մեր սեփական հաճոյքներուն ու ցանկութիւններուն ենթարկուիլ, մեր ուզածը ընել, առանց կարեւորութիւն տալու Տիրոջ պատգամներուն ու մեզի տուած պատուիրաններուն։

Երկուշաբթի 13 Մարտը 10_րդ տարեդարձն է Ֆրանչիսկոս պապի ընտրութեան:  Արդարեւ 13 մարտ 2013_ին, հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին քահանայապետ ընտրեց  կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն, որ առաւ Ֆրանչիսկոս անունը:

Չորեքշաբթի  15 Մարտին, հայ տօնացոյցի համաձայն Միջինք է՝ Մեծ Պահքի  կէս ժամանակաշրջանը նուաճած ըլլալուն աւետումն է, կրօնական տօն մը չէ այլ պարզապէս ժողովրդական համախմբումի առիթ մը:  

Շաբաթ 18 Մարտին` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մուտքին Խոր Վիրապի մէջ: 

Նոյն Սուրբի երեք տօներուն առաջինն է, որ կը յիշեցնէ  մեզի իր չարչարանքներն ու բանտարկությունը 13 տարիներ ամբողջ ՝ մութ զնտանի մը մէջ: 

Կիրակի 19 Մարտը` Քառասնորդաց Ե. Կիրակին է կը կոչուի նաեւ՝ Դատաւորի կիրակի։

Տօնն է նաեւ Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր,  (ըստ լատինաց): Սուրբ Յովսէփ Դաւթի ցեղէն էր, աւետարանը զայն կը կոչէ ''Արդար'' մարդ: 

Նշանուած էր Մարիամի հետ,  Նազարէթի մէջ իր ապրուստը կը շահէր հիւսնութեամբ:  Երբ Յովսէփ իմացաւ որ Մարիամ յղի էր,  ազնիւ մարդ ըլլալով' որոշեց առանց պատճառը հրապարակելու լռելեայն արձակել Մարիամը,  սակայն Աստուծոյ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ ըսաւ.  ''Յովսէփ Դաւթի որդի,  մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ. Որովհետեւ անոր մէջ ծնածը Սուրբ Հոգիէն է. Պիտի ծնի որդի մը որուն անունը Յիսուս պիտի դնես որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ,  որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը մեղքերէն'':  Ասիկա կը կատարուի համաձայն Աստուծոյ Խօսքին Եսայի մարգարէի բերնով  ''ահա կոյսը պիտի յղանայ և պիտի ծնի որդի մը որուն անունը պիտի դնեն Էմմանուէլ որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ'': Յովսէփ հնազանդեցաւ ու իր մօտ առաւ Մարիամը,  աւելի սերտ սիրով ու յարգանքով կապուեցաւ անոր,  տէր կանգնեցաւ Մարիամին ու նաեւ Յիսուսին: Յիսուս բազմիցս կոչուած է Որդի Աստուծոյ,  Որդի Դաւթի ու Որդի Մարդոյ,  սակայն նաեւ կը մնայ Որդի Յովսէփայ,  ասիկա Յովսէփին անկապտելի եւ յաւիտենական փառքն է:  Արդար է եկեղեցւոյ բարձրագոյն յարգանքը Յովսէփի նկատմամբ ան կը ներկայացուի աստուածային իր մանուկը բարձր ու հայրաբար բռնած աշխատաւորի կարշնեղ  քաջակազմ բազուկներէն մէկուն մէջ եւ միւս ձեռքին մէջ բռնած շուշանածաղիկ մը,  խորհրդանիշ' իր անարատութեան եւ հոգեկան մաքրութեան: Յայսմաւուրքին մէջ Յովսէփ ներկայացուած է իբրեւ մարդ մը ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն, հեզ, ողորմած, մարդասէր, վշտակից այլոց եւ օժտուած ամենաբարի բնութեամբ:  

Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը Իտալիոյ մէջ կը նշուի նաեւ հայրերու տօնը:  

Միշտ Կիրակի 19 Մարտին կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան պաշտօնական մեկնարկը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2023, 08:00