Որոնել

Հռոմի մէջ բացում Ի եւ ԻԱ դարերու Նոր Նահատակներու յուշահամալիրին

«Նոր նահատակներու նուիրուած այս յուշահամալիրը խորհրդանիշ է բոլոր քրիստոնեաներուն եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ քրիստոնէական կեանքը պէտք է ամէն օր վկայութիւն տայ Աւետարանին և Յարութիւն առած Քրիստոսի մասին» հաստատեց Կարդինալ Քուփիք
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սան Սալվատորի մէջ 1980ին սպաննուած Գերապայծառ Օսքար Ռոմերոյի շուրջառը, Աուշվիցի մէջ մահացած Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի աղօթագիրքը, Շարլ Տը Ֆուքոյի ձեռային գործիքները` որով Ան Սահարայի մէջ կառուցեց իր ճգնարանը, Ժիհատիսթներու ձեռքով 2016ին Ֆրանսայի մէջ սպաննուած Հայր Ժաք Համելի ժամագիրքը, Մոսուլի մէջ Իսլամական Պետութեան յարձակումի բերումով սպաննուած Քաղդէացի Պուլոս Ֆարաժ Ռահոյի եւ Ռաղէտ Ազիզ Ղանիի ծիսական առարկաները, ինչպէս նաեւ 1915ին Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ Ինքնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյանի ձեռագիր մէկ նամակը...բոլորն ալ մաս կը կազմեն աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէ հաւաքուած անձնական այն առարկաներուն, որոնք ցուցադրուած են Հռոմի «Նոր Նահատակներու Յուշահամալիրի» մէջ, որուն բացումը կատարուեցաւ հինգշաբթի 23 Մարտին Հռոմի «San Bartolomeo all’Isola» պազիլիքայի գետնադամբանին մէջ, նախաձեռնութեամբ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան։

Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ երբեք յանուն Աւետարանի հալածուած այսքան մարդիկ չենք ունեցած

Բացման արարողութեան եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու շարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հռոմի թեմի Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը, որ այս առիթով հաստատեց, թէ «Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ երբեք յանուն Աւետարանի հալածուած այսքան մարդիկ չենք ունեցած», բացատրելով, թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը այս վայրը ուզեց նուիրել նահատակներուն, որպէսզի գիտակցինք, թէ այսօր եւս Եկեղեցւոյ մէջ նահատակութիւնը գոյութիւն ունի»։ «Արդարեւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կան տակաւին բազմաթիւ քրիստոնեաներ որոնք հալածուած են» դիտել տուաւ Հռոմի Թեմին Քահանայապետի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը։

Մեր ժամանակը տակաւին նահատակներու ժամանակ է

Անոր խօսքերուն արձագանգեց նաեւ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան քարտուղարը` գերապայծառ Ֆապիօ Ֆապենէ, որ մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, ուր Ան «արեան մարտիրոսութիւնը» կը ներկայացնէ «որպէս դաւանանքներէն անդին մկրտեալները միացնող իրականութիւն»։

Տպաւորիչ է,- ընդգծեց Գերապայծառ Ֆապենէ,- պատկերներու, գրութիւններու եւ անոնց յիշողութիւններու ընդմէջէն տեսնել, թէ քրիստոնէական վկայութեան գործնականութիւնը կը կայանայ կեանքը նուիրելու մէջ..... յատկապէս Ի եւ ԻԱ դարու ընթացքին. Անոնք նահատակուեցան։ Այստեղ մենք իսկապէս կարող ենք զգալ Քահանայապետին խօսքերը, որ կ՛ըսէ « մեր ժամանակը տակաւին նահատակներու ժամանակ է» ըսաւ Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան քարտուղարը:

Գերապայծառ Ֆապենէ յայտարարեց նաեւ, թէ 2025ի Յոբելենական տարւոյն ընդառաջ որոշուած է յանձնախումբ մը կազմել, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հաւաքել անուններ եւ վկայութիւններ այն անձերու մասին, որոնք «վերջին տասնամեակներու ընթացքին իրենց օրինակով եւ հեղած արիւնով կառուցեցին եկեղեցին»։

Վոյթիլա Քահանայապետը լաւապէս կը ճանչնար մարտիրոսութիւնը

Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Տիար Անտրէա Ռիքաարտին` հիմնադիրը Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան, որուն հոգատարութեան յանձնուած է Սուրբ Բարթողոմէոսի պազիլիքան, որ իր միջամտութեան մէջ նշեց, թէ «Վոյթիլա Քահանայապետը լաւապէս կը ճանչնար մարտիրոսութիւնը», եւ սատարեց աշխարհին բացայայտելու, թէ մարտիրոսութեան փորձառութիւնը միայն առաջին դարերու քրիստոնէութեան վերապահուած իրականութիւն մը չէ, այլ ողբերգութիւն է, որ ընկերացաւ համայն քսաներորդ դարուն, սկսեալ հայրերէն ու անոնց ապրած ցեղասպանութենէն։

Քրիստոնէական կեանքը ամէնօրեայ վկայութիւն

Նշենք թէ յուշահամալիրի վերանորոգման աշխատներուն մեծ նպաստ բերաւ Շիքակոյի Աւագ Թեմը, որուն առաջնորդը` Կարդինալ Պլէս Քուփիքը Թիպերինա Կղզիի Սուրբ Բարթողոմէոս պազիլիքային տիտղոսաւոր կարդինալն է։

«Նոր նահատակներու նուիրուած այս յուշահամալիրը խորհրդանիշ է բոլոր քրիստոնեաներուն եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ քրիստոնէական կեանքը պէտք է ամէն օր վկայութիւն տայ Աւետարանին և Յարութիւն առած Քրիստոսի մասին» հաստատեց Կարդինալ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2023, 10:12