Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց - Ներսէս եպիսկոպոս Կաթողիկոսի օգնական (2)

Հաղորդաշար (4) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ներսէս Շնորհալի իր Կաթողիկոս եղբօր լիարժէք օգնականն էր ամէն հարցի մէջ։ Եդեսիայի կոմսութեան սահմաններէն ներս, խաչակիրներու իշխանութեան տակ, հայերը ապաստան գտած էին ասորիներու երկիրը։ Ամէնօրեայ կեանքի մէջ անխուսափելի էին ընդհարումները, որ չարին դրդումով կը ծաւալուին ու կը հասնին այն աստիճանի որ ասորիները կ՚ամբաստանեն թէ Գրիգորիս Կաթողիկոս գրութեան մը մէջ քննադատած եւ նախատած ըլլայ իրենց սովորութիւնները։ Ասոր դէմ Յովհաննէս Բար-Անդրէաս ասորի վանահայր մը, քաջատեղեակ հայերէն լեզուին, պարսաւագիր մը կը շարադրէ հայ ծիսական սովորութիւններու դէմ։ Ի սէր ժողովուրդի հաշտ ու համերաշխ կեանքին, շատ հաւանաբար Ներսէս Շնորհալիի խորհուրդով, Գրիգորիս Կաթողիկոս հրապարակի վրայ այրել կու տայ երկու գրութիւնները, 1134ին։

Այսպիսի խառնաշփոթ Ներսէս Շնորհալի արդէն դիմագրաւած էր Թլկուրանի Առիւծ իշխանի խնդրանքով, բացատրելու համար տեղւոյն հայ անուս հոգեւորականութեան Քրիստոսի չարչարանքներու եւ մահուան, ինչպէս նաեւ դրախտի գոյութեան եւ մատաղի մասին։ Աստուածաբանական խրթին խորհուրդներու քննութեան համար Շնորհալի մեզ ալ կը յորդորէ ըսելով՝ «մտքի քննարկումով չհասածիդ՝ հաւատքի ոյժով իսկոյն կը հասնիս»։

1136ին Անտիոքի առաջին լատին պատրիարքը՝ Բեռնարդոս  կը մահանայ եւ Ռատուլֆ ֆրանսացի եպիսկոպոսը կը բազմի աթոռին։ Հոգեւորական դասի մէջ երկպառակութիւն կը ծագի, այն աստիճանի որ Հռոմ կը ստիպուի միջամտել եւ Անտիոք կ՚ուղարկուի Պապական Լեկադը՝ այսինքն Նուիրակ Կարդինալ Ալպերիկ Օստիայի եպիսկոպոսը, որ Անտիոքի մէջ եկեղեցական ժողով կը գումարէ 1139ի Նոյեմբերի վերջին օրը։ Կը հրաւիրուի նաեւ Հայոց Կաթողիկոսը, որ իր եղբօր հետ միասին կը փութայ հասնիլ Անտիոք։ Մեծ պատիւներով կ՚ընդունին զիրենք, եւ Ներսէս խօսք կ՚առնէ ժողովի ընթացքին, շատ հաւանաբար սիրոյ եւ համերաշխութեան հրաւիրելով բոլորը։ Ինչպէս Կիրակոս պատմիչ եւ Լամբրոնացին կը հաղորդեն, անոր խօսքերը հաճելի կ՚անցնին եւ հաւանութեան կ՚արժանանան։

Այս հանդիպումէն տպաւորուած Պապական Նուիրակը կը հրաւիրէ Գրիգորիս Կաթողիկոսը միասին երթալու Երուսաղէմ, Ս. Սիոնի եկեղեցիի տօնախմբութեան։ Շատ հաւանաբար Ներսէս եպիսկոպոսն ալ կ՚ընկերակցի եղբօր։ Մեծ պատիւներով զիրենք կ՚ընդունին երբ Երուսաղէմ մուտք կը գործեն։

Այդ օրերուն միօրեայ ժողով մըն ալ կը գումարեն, որու ընթացքին հայոց Հայրապետը կը փայլի ոչ միայն իր արտաքին փառաշուք կեցուածքով եւ շքեղ զգեստաւորումով եւ եպիսկոպոսներու շքախումբով, այլ առաւել եւս հաւատքի խօսքը բացատրելուն՝ ճշմարտութեան հաւատարմութեամբ, յստակ եւ պայծառ տեսութեամբ, կանոնաւոր ընթացքով, վարդապետական ճոխութեամբ եւ հեղինակաւոր կշիռով։ Ինչպէս կը վկայէ Սամուէլ Անեցի պատմիչը՝ «ուրախ եւ լի բարեհաճութեամբ՝ մեր ազգին եւ Հայրապետին հանդէպ մեծ սիրով կապուեցան»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2023, 08:09