«Կաթողիկէները եւ Շիիները ապագային դիմաց» վերնագիրով համաժողով Իրաքի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ տարեդարձին ի տես, չորեքշաբթի, 8էն-10 մարտ, Իրաքի Նաճաֆ քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ «Կաթողիկէները եւ Շիիները ապագային դիմաց» վերնագիրով 3-րդ համաժողովը, կազմակերպութեամբ Սան Աճիտիօ հասարակութեան,համագործակցութեամբ, Նաճաֆի մէջ Al-Khoei հաստատութեան։
Յիշեալ համաժողովի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սան Էճիտիոյ հասարակութեան պատուիրակութիւն մը, հասարակութեան հիմնադիր Տիար Անտրէա Ռիքքարտի, Սան Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ, Մարքօ Իմփալիացցօ, գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, Այուզօր, Քութթս եւ Սաքօ կարդինալները։
Շիիներու պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Նաճաֆի բարձր նորընծայարանի բազմաթիւ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Միջին արեւելքի երկիրներէն ժամանած ներկայացուցիչներ։
Կաթողիկէներու եւ Շիիներու միջեւ բարեկամական այս նոր փուլը մաս կը կազմէ 2004ին, յունուար ամիս մեկնարկած գործընթացին, երբ Սան Էճիտիոյ հասարակութենէն պատուիրակութիւն մը, Շիիներու կրօնաւորներու հրաւէրով Նաճաֆ քաղաք հրաւիրուեցան՝ Ասիզզի հոգիով երկխօսութեան համար՝ հանդիպում ունեցան Այաթոլլա Ալ Սիթանի հետ։
2015ին, տեղի ունեցաւ Շիիներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ առաջին միջազգային հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Շիիներու բազմաթիւ կրօնաւորներ, Սան Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ նախաձեռնուած խաղաղութեան ի սպաս աղօթքին, Ասիզզի հոգիով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ