Որոնել

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան եւ Պապակն Նուիրակ Փաոլօ Պորճա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան եւ Պապակն Նուիրակ Փաոլօ Պորճա 

Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ Աւագ Ուրբաթ օրուայ արարողութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. նախագահութեամբ

«Քեզի կը դիմեմ Տէ՛ր, զղջացած սրտով եւ ոգիով, եւ կը խնդրեմ որ ներես ինծի, ինչպէս որ բարեգութ նայուածքովդ ներեցիր Պետրոսին, որ յիշեց ամէն ինչ որ անոր ըսած էիր եւ դառնապէս լացաւ իր Տէրը դաւաճանելուն եւ ուրանալուն համար. իր Տէրը՝ որ ամէն ինչ անոր շնորհեց այս աշխարհին վրայ: Երանի՜ մենք եւս այս վշտալի յիշատակին, ողբանք մեր մեղքերուն դիմաց եւ վերադառնանք մեր Փրկչին, մաքուր սրտով ու հոգիով, վերանորոգուած իր շնորհքով ու առատ լոյսով: Եկէ՛ք բոլորս` երկրպագենք եւ փառաբանենք խաչեալ Փրկիչը»:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Աւագ Ուրբաթի երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Քրիստոսի խաչելութեան ու թաղման կարգի արարողութիւնը, Պուրճ Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ խումբ մը քահանաներու եւ ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Առաքելական Նուիրակ՝ Փաուլօ Պորճային, դեսպանատան առաջին ու երկրորդ քարտուղարներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Չեմ գիտեր ինչ դիտաւորութիւններով համախմբուած ենք այսօր՝ Քրիստոսի Խաչելութեան յիշատակին:

Արդեօ՞ք հաւաքուած ենք, այստեղ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, կարճատեւ ժամանակամիջոցի մը համար ականատես ըլլալու ողբերգական թատրերգութեան մը, կամ առ ի հետաքրքրութիւն մասնակցելու Աստուածորդւոյն խաչելութեան եւ մահուան իմանալու համար այս իրադարձութեան կարեւորութիւնը:

Անցեալին` մեծաթիւ բազմութիւնները, բարձր աղաղակներով եւ խուռներամ ամբոխով Բոլորը համախմբուած՝ խաչին շուրջ,կը դիտէին բարի անձնաւորութեան մը խաչին ծանրութեան տակ կքած ընթացքը դէպի Գողգոթայ:

Կը դիտէին այն հանրածանօթ անձին, որ ջուրը գինիի փոխեց Կանայի հարսանիքին: Այն բարի եւ հեզ անձին, որ կոյրերը բուժեց, հաց շնորհեց անօթիներուն եւ յարութիւն տուաւ մեռեալներուն, ինչպէս օրինակ՝ հրամանատարի աղջկան:

Բազմութիւնները կը հետեւէին եւ կ՚ընկերակցէին այն մարդուն, որ իր ժողովուրդին օգնեց եւ անոնց շնորհեց իր անսահման սէրը, մինչեւ իսկ իր անձը զոհեց անոնց հոգիներուն փրկութեան համար:

Բայց անոնք ,Անոր հետ քալեցին մինչեւ Գողգոթա եւ սրտերը լեցուած ատելութեամբ եւ ոխով. Անոր ընկերացան մինչեւ վերջին հանգրուանը խաչելութեան, ստուգելու համար անոր ստոյգ մահը:

Ի՜նչ դաւաճանութիւն եւ խայտառակութիւն, ի՜նչ ապերախտ ժողովուրդ, որ կերաւ եւ խմեց Անոր հետ, բուժուեցաւ Անոր միջոցաւ, ականատես դարձաւ մարմնացեալ Աստուծոյ հրաշքներուն:

Ի՜նչ յուսախաբութիւն Անոր, որ իր անձը զոհեց եւ նուիրաբերեց, որպէսզի համայն մարդկութիւնը փրկուի Սատանայի ստրկութենէն:

Սակայն ափսոս, որ փոխանակ երախտագիտութեան, դաւաճանութիւն եւ ապերախտութիւն տեսաւ, ո՛չ միայն ժողովուրդէն, այլ եւ Ի՛ր աշակերտներէն… Յուդան, որ զինք երեսուն արծաթով ծախեց, Պետրոսը որ զինք ուրացաւ եւ միւս աշակերտները, որոնք փախուստ տուին եւ զինք անգութ ոճրագործներուն ձեռքին մէջ առանձին ձգեցին:

Այս ցնցիչ եղելութիւնը, այս անմարդկային վարուելակերպը, տակաւին դժբախտաբար կը կրկնուի մինչեւ մեր օրը: Մեր անձնական, ընկերային եւ համազգային կեանքերուն մէջ, եւ նոյնիսկ՝ միջազգային գետնի վրայ, կը շարունակենք մեր տմարդկային կեանքը ապրիլ: Չհասկցանք աստուածային սիրոյ չափն ու իմաստը:

Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք

Երկնային շնորհքներուն ներքեւ համակեցութեան ու իրար հանդէպ սիրոյ փոխարէն, զիրար կ՚ոտնակոխենք եւ այսպէս՝ երեսուն արծաթէ պակաս գնով հայրենիքներն ու ժողովուրդները կը ծախենք:

Այո, մենք ալ ինչպէս, որ Փրկիչը ընտրեալ ժողովուրդին նուիրեց խաղաղութիւն, մենք ալ լի ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ Կերանք ու վայելեցինք մեր հայրենիքին մէջ. սակայն մենք, հիներու նման, որոնք Քրիստոսի հետ ապրեցան, խոցեցինք ու կը խոցենք սիրտը մեր փրկարարին:

Թերեւս կ՚ուզէք, որ քաղաքականութեան դրութեան անդրադառնամ հոս եւ մեր հայրենիքէն ներս, որպէսզի պատգամ մը կամ վկայութիւն մը ստանաք եւ կրկնէք այլուր. սակայն միայն կը ստանաք, այն ինչ որ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը խաչին վրայ ըսաւ:

«Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, վասնզի չեն գիտեր՝ թէ ի՛նչ կ՚ընեն» (Ղկ. 23.34):

Ես ալ չեմ գիտեր, եթէ կը գիտակցինք թէ ի՞նչ կ’ընենք իրար նկատմամբ, թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ համազգային կեանքին մէջ:

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ իրար դէմ կը պատերազմինք, երբ ճշմարտապէս գիտենք որ մենք անցորդներ ենք այս աշխարհին վրայ: Ինչպէս որ յիշուած է Դանիէլի մարգարէի տողերուն մէջ (մաս՝ 3-29), սխալեցանք եւ մեղանչեցինք Քեզ ուրանալով, ամէն բանի մէջ ծանր մեղքեր գործեցինք, չլսեցինք Քու պատուիրաններդ եւ չկատարեցինք ինչ որ մեզ պատուիրեցիր ու մեզ փորձեցիր: Ո՛վ Տէր, երեսդ մի դարձներ մեզմէ, եւ քու ողորմութեանդ արժանի դարձուր մեզ այսօր՝ քու չարչարանքներուդ, խաչելութեանդ ու մահուանդ յիշատակին:

Քեզի կը դիմեմ Տէ՛ր, զղջացած սրտով եւ ոգիով, եւ կը խնդրեմ որ ներես ինծի, ինչպէս որ բարեգութ նայուածքովդ ներեցիր Պետրոսին, որ յիշեց ամէն ինչ որ անոր ըսած էիր եւ դառնապէս լացաւ իր Տէրը դաւաճանելուն եւ ուրանալուն համար. իր Տէրը՝ որ ամէն ինչ անոր շնորհեց այս աշխարհին վրայ:

Երանի՜ մենք եւս այս վշտալի յիշատակին, ողբանք մեր մեղքերուն դիմաց եւ վերադառնանք մեր Փրկչին, մաքուր սրտով ու հոգիով, վերանորոգուած իր շնորհքով ու առատ լոյսով:

Եկէ՛ք բոլորս` երկրպագենք եւ փառաբանենք խաչեալ Փրկիչը»:

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման թափօրը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2023, 22:46