Որոնել

Յարուցեալ Յիսուս Յարուցեալ Յիսուս 

«Ու՞ր է ապացոյցը ` թէ Յիսուս Քրիստոս իսկապէս Յարութիւն առաւ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Եթէ Յիսուսի յարութիւնը առաքեալներու յօրինած մէկ պատմութիւնն է, հարց մը կը յառաջանայ՝ աշակերտները ի՞նչ շահեցան այս բոլորէն: Կը տեսնենք իրենց կեանքերէն, որ անոնք ապրեցան հալածանքի եւ չարչարանքի կենաք մը: Եւ անոնց մեծ մասը նահատակուեցաւ Յիսուսի համար: Մարդ կրնայ ապրիլ սուտի մը համար, բայց երբեք նահատակուիլ սուտ վկայութեան մը համար:

«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց», «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»

Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքարն է: Քրիստոս իր յարութեամբ եւ մահուան վրայ տարած յաղթանակովը ՝ մեր առջեւ բացաւ յաւիտենական կեանքի դռները:
Յիսուսի մահը աշակերտներուն վրայ մեծ վախ ու յուսահատութիւն թողած էր: Աշակերտներէն ոմանք Երուսաղէմի մէջ պահուըտած, իսկ ուրիշներ որոշած էին իրենց գիւղերը վերադառնալ:
Յիսուսի թաղման յաջորդող Կիրակի օրն էր: Քանի մը բարեպաշտ կիներ գերեզման կ'երթան դիակը զմռսելու համար: Հոն քարը թաւալած կը տեսնեն եւ գերեզմանը՝ դատարկ: Յիսուսի մարմինի պատող վարշամակը ծալլուած ու մէկ կողմ դրուած էր, իսկ Յիսուսի մարմինը՝ բացակայ: Այս եղելութիւնէն ետք Յիսուս տարբեր առիթներով երեւեցաւ շատերուն, յայտնելով իր յարութիւն առնելը:

Դարեր շարունակ Քրիստոնեաներ ապրեցան այս յարութեան ճշմարտութեան հիման վրայ, ամէն տեղ յայտարարելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց կամ «Քրիստոս անեստի»: Այսուհանդերձ ոմանք կը մերժեն այս ճշմարտութիւնը:
Բայց իսկապէս՝ ի՞նչ փաստերու վրայ կրնանք հիմնել Քրիստոսի յարութեան իրականութիւնը:
Առաջին հերթին կարելի է նկատել ականատեսներու վկայութիւնները: Վկայութիւններ, որոնք գրի օրէն մեզի հասած են աւետարաններու ճամբով: Հոս կարեւոր է նշել, որ ըստ Տեքստաբանութեան (Critique textuelle) Աւետարանը ամենավաւերական պատմական գիրքն է:

Աւետարանները մեզի կը յայտնեն, որ Յիսուս իր մահուընէ ետք քառասուն օրերու վրայ երկարութեամբ շատ մը անձերու երեւեցաւ: Զատկուայ Կիրակի օրը Յիսուսը յայտնուեցաւ Մարիամ Մագդաղենացիին. ապա երեք կիներուն, որոնք եկած էին Յիսուսի գերեզման՝ պզտիկ Յակոբոսի ու Յովսէփին մայրը Մարիամ, Սողովմէն եւ Յովհաննան: Ետքը Ան երեւցաւ Պետրոսին. ինչպէս նաեւ Էմմաւուսի երկու աշակերտներուն: Այլ առիթով մը դարձեալ Գալիլեայի ծովեզերքը յայտնուեցաւ եօթը աշակերտներուն։ Ուրիշ առիթով մը Ան միաժամանակ յայտնուեցաւ աւելի քան հինգ հարիւր հոգիներու։ Ի վերջոյ յայտնուեցաւ Սողոսի:

Այսուհանդերձ, ոմանց համար Յիսուսի յարութիւնը առասպելական կը թուի: Օրինակի համար, ոմանք կ'ըսեն՝ «Քրիստոս, միշտ ողջ է մեր յիշողութեան եւ մեր սրտերուն մէջ. կը խոստանանք շարունակել իր առաքելութիւնդ եւ ապրիլ անոր խօսքերովը»: Այսպէս ըսելով անոնք կ'ուզեն ըսել, թէ Քրիստոսի յարութիւնը բարոյական գաղափար մըն է եւ ոչ պատմական իրականութիւն:

Ուրիշներ կ'առարկեն ըսելով՝ «Առաքեալները ինչպէ՞ս կրնան հաստատել թէ Յիսուս յարութիւն առաւ, երբոր անոնք ականատես չեղան Յիսուսի գերեզմանէն ելլելուն»: Ուրիշներ կըսեն, թէ Յիսուսի մարմնով յարութիւնը առասպելական պատմութիւն է, յօրինուած պատմութիւն մը՝ կարեւորութիւն տալու համար Յիսուսի անձին: Արդե՞օք կրնանք Յարութիւնը որպէս առասպել համարել:

Եթէ Յիսուսի յարութիւնը առաքեալներու յօրինած մէկ պատմութիւնն է, հարց մը կը յառաջանայ՝ աշակերտները ի՞նչ շահեցան այս բոլորէն: Կը տեսնենք իրենց կեանքերէն, որ անոնք ապրեցան հալածանքի եւ չարչարանքի կենաք մը: Եւ անոնց մեծ մասը նահատակուեցաւ Յիսուսի համար: Մարդ կրնայ ապրիլ սուտի մը համար, բայց երբեք նահատակուիլ սուտ վկայութեան մը համար:

Ս. Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք» (Ա. Կորնթ. 15:17): Այս վկայութիւնն է այն անձին, որ երբ տեսաւ յարուցեալ Քրիստոսը, իր կեանք փոխուեցաւ եւ դարձաւ հեթանոսներու առաքեալը, որպէսզի իր կեանքը աւարտէ գլխահատութեամբ:

Եկեղեցին դարեր շարունակ ապրեցաւ իր նախնիներէն առած աւանդը: Ամէն անգամ, որ Քրիստոս անձի մը կը հանդիպի, անոր կեանքը հիմնայատակ կը փոխուի: Եթէ նայինք յետ Քրիստոսի պատմութեան, կը նկատենք յարութիւն առած Քրիստոսին հետքը ամէն տեղ. բժշկութիւն, կրթութիւն, արուեստներ, բարեսիրական հաստատութիւններ, գիտութիւններ, բոլորն ալ Քրիստոնէական հիմքեր ունին, նոյնիսկ եթէ փորձեն ուրանալ այդ մէկը ներկայիս:
Աւելի բարի լուր մը չկայ մարդկութեան համար գան այն՝ թէ Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց: Անոր համար ալ կը պատասխանենք ՝ Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի: Հաւատայ այս ճշմարտութեան եւ կեանքդ բոլորուին պիտի նորոգուի եւ պիտի ժառանգես յաւիտենական կեանքը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2023, 08:46