Որոնել

2021.11.18 crocifisso

Երբ Զանցառութիւնը Կը Դառնայ Մեղք....

Գերյ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի քարոզը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ

Ս. Պատարագի խորհրդակատարութեան սկիզբը, տակաւին խորան չբարձրացած, պատարագիչը կ'աղօթէ. «Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ եւ սրբուհւոյ Աստուածածնին, եւ առաջի ամենայն սրբոց եւ առաջի ձեր հարք եւ եղբարք, զամենայն մեղս զոր գործեալ եմ: Քանզի մեղայ խորհրդով, բանիւ եւ գործով, եւ ամենայն մեղօք՝ զոր գործեն մարդիկ. մեղայ, մեղայ: Աղաչեմ զձեզ, խնդրեցէք վասն իմ յԱստուծոյ զթողութիւն»:

Որո՞նք են այդ բոլոր մեղքերը՝ զոր մարդիկ կը գործեն:

Կ'առանձնացնեմ անոնցմէ մին. Զանցառութիւնը:

Ինչպէս, որ կրնանք մտքով, խօսքով եւ գործով մեղանչել, այնպէս ալ կրնանք նաեւ՝ յաճախ մեղանչել զանցառութեամբ:

Զանցառութիւն կը նշանակէ պարտազանցութիւն, անհոգութիւն, թերացում:

Զանցառու ըլլալը, պարտականութեան մէջ անփոյթ ըլլալ է ։

Արդարեւ, գիտենք, թէ ինչ կը նշանակէ մտքով, խօսքով կամ գործով մեղանչելը. սակայն, զանցառութեամբ մեղանչելու իմաստը կնճռոտ է:

Մտքով կը մեղանչենք....շատ ընդարձակ տարածք մըն է:

Խօսքով կը մեղաչենք՝ ստութեամբ, հայհոյանքով, նախատինքով կամ չարախօսութեամբ... «Տգեղ խօսքեր թող չելլեն ձեր բերնէն, այլ միայն ինչ որ շինիչ է եւ օգտակար զանոնք լսողներուն» (Եփեսացիներուն 4, 29):

Գործով կատարուած մեղքերն են. գողութիւն, մարդասպանութիւն, շնութիւն, խարդախութիւն, մաքսանենգութիւն, սրբապղծութիւն, մանկապղծութիւն, բռնութիւն...

Զանցառութիւնը կը նշանակէ՝ չընել ինչ որ կրնանք ընել, կամ՝ պարտինք ընել:

Թերացում մըն է, զոր կը կատարենք գիտակից դիտաւորութեամբ...եւ ազատօրէն:

Պօղոս Առաքեալ կ'ընդգծէ. «Չեմ ըներ բարին՝ զոր կ'ուզեմ, այլ կ'ընեմ չարը՝ որ չեմ ուզեր» (Հռոմէացիներուն 7, 19):

Իր պատմած առակներուն մէջ, Յիսուս կը դատապարտէ զանցառութիւնը.

-Մարդ մը հարսանեկան խնջոյքէն վտարուեցաւ, որովհետեւ վայելուչ հագուստ չէր հագած (Մատթէոս 22, 12- 13):

-Հինգ յիմար կոյսերը դուրս դրուեցան, որովհետեւ անհոգ գտնուեցան իրենց լապտերներուն մէջ բաւարար ձէթ չդնելու (Մատթէոս 25, 3-11):

-Քանքարը, զոր ծառան հողին տակ թաղած էր փոխանակ զայն

շահագործելու՝ իրմէ առնուեցաւ ( Մատթէոս 25, 25-28):

-Հարուստ մը դատապարտուեցաւ որովհետեւ անտեսեց իր դուռին

առջեւ նստած աղքատը (Ղուկաս 16, 19-24) :

-Յիսուս նոյնիսկ անիծեց անպտուղ թզենին (Մարկոս 11, 12 -14):

Զանցառութիւն է

-Երբ բան մը չընեմ.

-Երբ խօսք մը չըսեմ.

-Երբ դիրք մը չորոշեմ,

ծուլութեան կամ վատութեան պատճառով:

Զանցառութիւնը յուշաթափութիւն (amnésie) կամ մոռացում չէ:

Ոմանք կ'ըսեն.

-«Ես գէշութիւն մը չեմ ըրած: Ո'չ կը գողնամ, ո'չ սուտ կը վկայեմ, ո'չ ուրիշին ունեցածին վրայ աչք ունիմ, ո'չ ալ կը շնամ...»:

-Շատ լաւ, գէշ չես ըրած, բայց լաւը ըրա՞ծ ես, երբ առիթը ներկայացած է բարի խօսք մը կամ գործ մը ընելու:

Յակոբոս առաքեալ կ'ազդարարէ. «Ով որ գիտէ բարին գործել եւ չի' գործեր զայն, կը մեղանչէ» (Յակոբոս 4, 17).

Օրինակ՝

-Կրնայի տարիքաւոր ծնողներուս այցելել, բայց չայցելեցի.

-Կրնայի յարմար խօսք մը ըսել խաղաղութիւն բերելու կռուող երկու անձերու միջեւ, բայց չըսի.

-Անարդարութիւն մը տեսայ եւ լուռ մնացի.

-Իշխանութեանս տակ եղող անձի մը պատճառած գայթակղութիւններուն վերջ չդրի.

-Կարիքաւորներուն ի նպաստ ինծի վստահուած նուիրատուութիւնները իմ անձնական նպատակներուս համար օգտագործեցի.

-Չհամարձակեցայ հաւատքս արտայայտելու կամ ամչցայ ըսելու՝ «ես հայ եմ, կամ քրիստոնեայ եմ».

-Շնորհակալութիւն չյայտնեցի ինծի բարիք ընողին, ինծի օգնողին:

Զանցառութիւնը Աւետարանի էջերուն մէջ պատմուած տասի վրայ ինը բորոտներուն մեղքն է: Հակառակ տասներորդին յայտնած երախտագիտութեան, միւս ինը բորոտները չեն դառնար՝ Յիսուսի շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց ընդունած բժշկութեան եւ փրկութեան համար:

Երբ առիթ ունենանք բարիք ընելու ընենք:

Քանի որ զանցառու կ'ըլլանք նաեւ երբ չենք ըսեր՝

-Խօսք մը երախտագիտութեան՝ անոնց, որոնք մեզի ծառայութիւնմատուցած են.

-Խօսք մը գնահատանքի՝ անոնց, որոնք մեզի բարեգործութիւն ըրած են.

-Խօսք մը շնորհաւորանքի՝ անոնց, որոնք յաջողութիւն ձեռք բերած են.

-Խօսք մը վշտակցութեան՝ անոնց, որոնք կը սգան.

-Խօսք մը քաջալերանքի՝ անոնց, որոնք վհատութեան վիճակ կ'ապրին.

-Խօսք մը ամոքումի՝ այն հիւանդներուն, որոնք անկողին մնալու դատապարտուած են..

-Խօսք մը ոգեւորումի՝ միայնակութեան մէջ ապրող անոք տարեցներուն:

Բարի Սամարացիին առակով Յիսուս մեզի տուաւ կատարեալ նկարագրական մը զանցառութեան մեղքին:

Արդ, ի՞նչ ընելու ենք խուսափելու համար զանցառութեան մեղքէն:

Չենք կրնար միջամտել ի ժամու եւ ի տարաժամու կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ: Սակայն, գիտնալու ենք՝

-Երբ պէտք է լռել.

-Երբ պէտք է փափկավարութեամբ, յարգանքով ու գաղտնապահութեամբ վարուիլ:

Հետեւաբար, պարտինք մեր խիղճը արթուն պահել եւ զայն պայծառացնել Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներու լոյսով:

Կրնայ ըլլալ, մեծ բան չկարենամ ընել պատերազմները դադրեցնելու, երկրաշարժ մը խափանելու, զոր կարելի է դասել այդ աղէտներու դասակարգին, որոնք կը վերանան միմիայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ:

Առ այդ դիմելու ենք

-Աղօթքի,

-Ծոմապահութեան իր զանազան երեսակներով.

Ծոմ պահենք՝ հրաժարելով վիրաւորիչ խօսք մը ըսելէ.

Ծոմ պահենք՝ հրաժարելով զայրոյթէն եւ գանգատներէն.

Ծոմ պահենք՝ հրաժարելով բարկութենէն.

Ծոմ պահենք՝ հրաժարելով դժգոհութիւններէն.

Ծոմ պահենք՝ հրաժարելով եսասիրութենէն.

Ծոմ պահենք, ի վերջոյ, հրաժարելով շատախօսութենէն...

Այսպէս ապրելով է, որ Յիսուս Իր խաղաղութիւնը մեզի պիտի շնորհէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2023, 07:57