Որոնել

2023.04.02 Sua Beatituidine Raphael Bedros XXI Minassian

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Մենք բոլորս մարդկութեամբ եղբայրներ ենք, այն մարդասէր մէկ Տիրոջ զաւակներն ենք, որ նոյնիսկ ղրկեց իր Միածին Որդին որ մեզ փրկէ այս իրավիճակէն: Ուստի, այսօր՝ օրն է վերանորոգուելու եւ մեր խղճին վերադառնալու՝ անկեղծ ապաշխարութեամբ: Եթէ անկեղծօրէն պատրաստ եմ այս հրաւէրին, ուրեմն խաղաղութիւն պիտի տիրէ սրտիս մէջ եւ կեանքով պիտի լեցուիմ, եւ բազմութեան հետ պիտի աղաղակեմ. «Օրհնեա՛լ է, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Ովսաննա՛ բարձունքներու մէջ»:
Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատոյց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ՝ խումբ մը քահանաներու ու սարկաւագներու, եւ ներկայութեամբ՝ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Հետեւեալ օրը՝ մեծ բազմութիւն մը, որ եկած էր տօնին, երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ Երուսաղէմ, առաւ արմաւենիի ոստեր, դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու, աղաղակելով. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով» (Յովհ. 11-12):

Այո՛, այսպէս անոր մեծ պատուով ընդունեցին Երուսաղէմ, անոր փառաբանեցին եւ մեծարեցին որովհետեւ անոնք ականատես եղան անոր հզօր հրաշքներուն, որ գործած էր իրենց եւ անոնց ազգակիցներուն համար: Անոնք շտապ ընդունեցին զինք, որովհետեւ իր հետ ապրեցան բոլոր այդ հրաշալի պահերը, երբ յարութիւն տուաւ մեռեալներուն, նախ՝ այրի կնոջ միակ որդւոյն, ապա սիրելի Ղազարոսին, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է. բայց կ՚երթամ՝ որպէսզի արթնցնեմ զայն» (Յովհ. 11-11): Ինչպէս նաեւ, երբ ան Բեթանիա եկաւ, Ղազարոսի քոյրը՝ Մարթա, զինք դիմաւորեց յուսալքուած հաւատքով ըսելով. «Տէր, եթէ դուն հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ»: Այսինքն, ան կը հաւատար, թէ անոր ներկայութիւնը կ'արգիլէր որ մահը մօտենայ իր եղբօր: Յետոյ ճշդեց իր խօսքը եւ ըսաւ. «Գիտեմ սակայն թէ ի՛նչ որ Աստուծմէ խնդրես՝ պիտի տայ քեզի», հաւատալով որ ան միակ կարողն էր, որ կրնար զինք մխիթարել եւ նոյնիսկ մահէն փրկել իր եղբօրը:

Հոս՝ կարելի է հարց տալ. Իսկ ես ո՞ւր կը գտնուիմ այս բոլոր խմբաւորումներէն ու հատուածներէն, Տէրս եւ Փրկիչս ընդունելու համար:

Արդեօ՞ք ես՝ այն մեռեալներէն եմ որ զիս յարութիւն տուաւ, երբ մեղքին մէջ մխրճուած էի: Ինչպէս որ Թովմաս (երկուորեակը) ըսաւ առաքեալներուն. «Եկէ՛ք երթանք մենք ալ իր հետ մեռնինք»:

Կամ ես՝ Մարթայի եւ Մարիամու նման, երբեմն Յիսուսին կը լսեմ, իսկ երբեմն զինք կը ծառայեմ: Կամ՝ անոնցմէ եմ, որոնք զինք տօնին կը սպասեն Երուսաղէմի մէջ:

Արդեօ՞ք այսօր կʾաղաղակեմ իմ Փրկչիս ըսելով. «Օրհնեա՜լ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով»: Կամ կ’ըսեմ. «Եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ»:

Արդեօ՞ք ես պատրաստ եմ հանդիպելու Տէր Աստծոյս այս դժուար պայմաններուն մէջ որ կʾապրիմ եւ զինք ընդունելու որպէս իմ անձիս եւ աշխարհիս Տէրը (Թագաւորը): Հարցերը շատ են, սակայն պէտք է խոստովանիմ եւ հրճուիմ այն բորոտներուն ու կոյրերուն նման, երբ Տէրը բուժեց անոնց եւ բացաւ անոնց աչքերը (Յովհ. 8-9). «Զիս նաեւ բուժէ՛ իմ վիշտերէս ու ցաւերէս, հայրենիքի մը մէջ, որ կը տառապի ատելութենէն, շահագործութիւններէն, եսասիրութենէն ու գողութիւններէն: Հայրենիք մը, որ նախապէս ճանչցուած էր՝ երախտագիտութեամբ, յառաջդիմութեամբ, մարդկային արժէքներով, սիրով ու օտարին հանդէպ իր հիւրասիրութեամբ՝ հակառակ իր աղքատ կարողութիւններուն, սակայն այսօր կը կարօտի մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքներուն:

Հետեւաբար, ո՞վ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով: Ան մարմնացեալ Աստուածն է, որ կը շնորհէ կեանք եւ իսկական երջանկութիւն՝ անոնց, որոնք կը հաւատան Իրեն: Այո՛ այս մարմնացեալ Տէրը, ինքն է որ կը նուիրէ կեանք եւ ներքին խաղաղութիւն: Ան է, որ ըսաւ. «Եկէ՛ք ո՜վ տառապեալներ եւ ես ձեզի կը հանգստացնեմ»: Այո՛ մենք ենք, որ աղքատութեան եւ տառապանքին մէջ թաղուած ենք, դարձած ենք զոհեր մարդոց անձնասիրութեան եւ անպարկեշտութեան, որոնք գերակայեցին իրենց անօրէն շահերը՝ անմեղ մարդոց հաշւոյն: Այո՛ մենք այն բազմութիւններուն նման ենք, որոնք զինք ընդունեցին եւ գոչեցին՝ «Օրհնեալ է որ կու գայ Տիրոջ անունով», ձերբազատուելու համար բռնապետերէն, որպէսզի հայրենիքը վերականգնէ իր ծաղկուն ու բարգաւաճ դիրքը, հանդիսանալով որպէս օթեւան եւ երջանկութեամբ ու արժանապատուօրէն ապրելու վայր, ամէն շնորհք եւ խաղաղութիւն ներշնչուելով մարմնացեալ Տիրոջմէն:

Մենք բոլորս մարդկութեամբ եղբայրներ ենք, այն մարդասէր մէկ Տիրոջ զաւակներն ենք, որ նոյնիսկ ղրկեց իր Միածին Որդին որ մեզ փրկէ այս իրավիճակէն: Ուստի, այսօր՝ օրն է վերանորոգուելու եւ մեր խղճին վերադառնալու՝ անկեղծ ապաշխարութեամբ:

Եթէ անկեղծօրէն պատրաստ եմ այս հրաւէրին, ուրեմն խաղաղութիւն պիտի տիրէ սրտիս մէջ եւ կեանքով պիտի լեցուիմ, եւ բազմութեան հետ պիտի աղաղակեմ. «Օրհնեա՛լ է, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Ովսաննա՛ բարձունքներու մէջ»:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի աւանդական թափօրը եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր մանուկները մոմերով եւ արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղերով ընկերացան շեփորախումբին եւ հաւատացեալներու բազմութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2023, 10:14