4-րդ Կիրակի Յարութեան (Յովհաննէս Ե 19-30) Ով որ կը փնտռէ փառքը զինք ղրկողին` անիկա ճշմարիտ է
Յիսուս կու տայ փաստը իր վարդապետութեան ճշմարտութեան, յայտնելով թէ ինք իր անձնական փառքը չէ որ կը փնտռէ այս պատգամը հաղորդելով եւ անոր կից` բազմաթիւ հրաշքներ կատարելով, որպէս վկայութիւն իր կարողութեան։ Հրաշքները չեն որ կը փաստեն իր աւետարանի ճշմարտութիւնը, այլ` որովհետեւ ինք կը փնտռէ մեծագոյն փառքը զինք աշխարհ ղրկողին, այսինքն Հօր, որ է Աստուած ու արարիչ բոլոր արարածներուն։
Ամէն մարդ կը սիրէ պարծենալ իր գործերով. Բնական է որ հպարտանք զգանք մեր յաջողութիւններուն համար։ Այս աշխարհի վրայ դրուած ենք իւրաքանչիւրս պաշտօն մը կամ դեր մը կատարելու համար. Եւ որքան ուրախ կ՛ըլլանք երբ, մասնաւորապէս բաւական յոգնութիւն ու ջանք թափելէ ետք` ի վերջոյ կ՛իրականացնենք մեր ծրագրած բոլոր գործերը։ Ամենապարզ պաշտօնեայէն սկսեալ մինչեւ ամենամեծ գործատէրը գոհունակութիւն կը զգայ երբ ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ եւ օրուայ մը վերջը` կրնայ հանգիստ քուն մը քաշել, ապահով ըլլալով թէ իր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով կատարած է։ Նոյնը կը զգայ ամէն ընտանիքի հայր եւ մայր, որոնք ունին ծանր հոգն ու պատասխանատւութիւնը լաւագոյն կերպով դաստիարակելու իրենց զաւակները։
Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ յարմարագոյն կերպը յայտնելու մեր գոհունակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն օգտակար նպատակի մը ծառայած ըլլալու. կատարել ամէն գործ Աստուծոյ փառքին համար։ Արդէն ինչ բարեմասնութիւն որ ունինք` ստացած ենք Արարիչէն, մեր խելքն ու կամքը, մեր բոլոր յատկութիւններն ու բարեմասնութիւնները աստուածատուր պարգեւներ են, որոնց համար յարատեւ շնորհակալութիւն յայտնելու ենք Տիրոջ եւ փառք ընծայելու իրեն։
Եկէք րոպէ մը անցնինք Փարիզի Նոթրը Տամ Եկեղեցւոյ առջեւէն որուն նորոգութեան համար բազմաթիւ գործաւորներ կ՛աշխատին: Հարց տանք գործաւորներէն մէկուն թէ ի՞նչ կ՛ընէ, ան պարզապէս կը պատասխանէ թէ կ՛աշխատի որպէսզի իր օրապահիկը ապահովէ, դրամ շահի ու կարենայ հանգիստ ապրիլ։ Նոյն հարցը տանք ուրիշ գործաւորի մը, որ պարծանքով ցոյց պիտի տայ իր վարպետութիւնը, նշելով թէ ջանք կը թափէ լաւագոյն կերպով կառուցանելու շէնք մը, որուն համար ըսուի յետագային թէ գլուխ գործոց մըն է։ Իսկ երրորդ գործաւորը կը յայտնէ թէ շինուող շէնքը եկեղեցի մըն է եւ թէ ինք կ՛աշխատի որպէսզի Աստուծոյ փառքը լաւագոյն կերպով երեւի յաջս բոլոր մարդկութեան եւ մանաւանդ անոնց որոնք պիտի գան մտնեն Աստուծոյ տունը, իրեն աղօթելու եւ զինք փառաբանելու համար։
Երեքն ալ նոյն գործը կը կատարեն, սակայն իրենց նպատակները իրարմէ տարբեր ե. Եւ անշուշտ երրորդին նպատակը վսեմագոյնն է, որովհետեւ գերագոյն իրականութիւնն է եւ լաւագոյն կերպը պաշտամունք մատուցանելու Աստուծոյ. կատարել ամէն գործ Տիրոջ մեծագոյն փառքին համար։
Յիսուս Աստուած է, եւ իր Հօր նոյն բնութիւնն ունի. Հակառակ ասոր չուզեց երբեք պարծենալ ինք իր անձով այլ ամէն ինչ վերագրեց իր Հօր, որ զինք աշխարհ ղրկեց իրագործելու իր ի յաւիտենից կանխամտածուած ծրագիրը մարդկութեան ի նպաստ։
Մենք եւս, սիրելի հաւատացեալներ, ամէն գործի մէջ տեսնենք Աստուծոյ ծրագիրը, որպէսզի նոյնիսկ երբ այդ գործը իրականացնենք մեր անձնական ջանքերով, արժանիքն ու պատիւը միշտ վերագրենք Աստուծոյ, որ մեզ ստեղծած է, մեզի խոնարհաբար միայն վերապահելով գոհունակութիւնը աշխատելու Աստուծոյ փառքին համար. Ամէն։
Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ