«Քրիստոնեաներու այսքան մեծ նահատակութեան ողբերգական պատմութիւնը սկսաւ «Հայասպանութենէն»` քսաներորդ դարու սկիզբը, հայ ժողովրդի ցեղասպանութիւնէն». Կարդինալ Քոխ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
« Բարեխօսութեամբ յիշատակաւ եւ աղօթիւք սրբոց նահատակացն, որք կատարեցան յընթացս հայոց ցեղասպանութեան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց որոց այսօր է յիշատակ, զխաղաղութիւն եւ զմեծ զողորմութիւն քո պարգեւեա մեզ, մարդասէր Տէր: Ամէն:» Աղօթքն է սա, որ բարձրացաւ Հռոմի «Isola Tiberina» թերակղզիի` Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ, հինգշաբթի 27 ապրիլի յետմիջօրէին տեղի ունեցած «Յանուն աշխարհի խաղաղութեան` աղօթք հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն հետ» վերտառութեամբ համամիութենական արարողութեան ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպանութիւններու, Էջմիածնի Աթոռի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան եւ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի կողմէ, որուն նախագահեց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեսչութեան վերատեսուչը ` Կարդինալ Քիւրդ Քոխը եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, հռոմաբնակ հայրենակիցներ ու իտալացի բարեկամներ։
Դեսպաններու ողջոյնի խօսքը
Արարողութեան սկիզբը` բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ս. Բարթողոմէոս պազիլիքային Ռէկտոր` Հայր Անճելօ Ռոմանոն ապա իտալերէն ու անգլերէն լեզուներով միասնական ողջոյնի խօսք արտասանեցին Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան` Տիար Կարեն Նազարեան եւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան` Տիկին Ծովինար Համբարձումեանը, որոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին ձեռնարկին նպատակը` «յիշել ու յիշատակել հայոց ցեղասպանութեան նահատակները», հաստատելով «արդարութեան, ճշմարտութեան իմացութեան, նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման յանձնառութիւնը» և «մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններուն, ինչպէս նաև խտրականութեան և անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարը»։
Համամիութենական աղօթքը
Համամիութենական աղօթքը ապա սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեց սաղմոսասացութիւնը, «լոյս զուարթ» շարականի երգեցողութիւնը, աղօթքներ եւ 1915ի հայոց Մեծ Եղեռնի զոհ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած տաղը ,որմէ ետք Կարդինալ Քիւրդ Քոխը ներկաներուն փոխանցեց յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն սկիզբը Ան նշեց թէ «Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումին առիթով նախատեսուած սուրբ գրային ընթերցումները մէկ կողմէ կը նուիրեն քաջութիւն եւ միւս կողմէն մխիթարութիւն» նշելով որ քրիստոնեաներս յաճախ կարիքն ունինք ըլլայ մխիթարութեան ըլլայ քաջալերանքին։
Հայասպանութիւնը սկիզբ նահատակութեան ողբերգական պատմութեան
«Քրիստոնեաներու այսքան մեծ նահատակութեան ողբերգական պատմութիւնը սկսաւ «Հայասպանութենէն», քսաներորդ դարու սկիզբը, հայ ժողովրդի ցեղասպանութիւնէն։ Այս սարսափելի իրադարձութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այն, ինչ որ քրիստոնէական հաւատքով արժանի է նահատակութիւն կոչումին» յարեց Ծիրանաւորը եւ խօսքը կեդրոնացուց քրիստոնեայ աշխարհին մէջ նահատակութեան իմաստին վրայ մեկնելով Յիսուսին խօսքերէն. «Չկայ անկէ աւելի մեծ սէր` քան իր կեանքը տալ բարեկամներուն համար» (Յովհ. 15,13)։
«Յիսուս սիրոյ արարքի փոխակերպեց իր վրայ մարդոց կողմէ կիրառուած բռնութիւնը եւ իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ, որպէս բարեկամութեան ծառայութիւն մեզի համար» շարունակեց Կարդինալ Քոխը հաստատելով, որ «Յիսուս Քրիստոսի խաչը նոյնինքն սէրն է իր ամենաարմատական դրսեւորումին մէջ» եւ «Յիսուս մեր աչքերուն առջեւ կը ներկայանայ, որպէս «առաջին նահատակ» ու «նահատակութեան տիպար» անոնց համար, որոնք իրեն կը հետեւին։
Հայերը կեանքով վկայեցին թէ ինչ ըսել է մարտիրոսութիւնը
«Քրիստոնէական նահատակութիւնը մահուան ազատ ընդունումն է յանուն Հաւատքին» ըսաւ ապա Կարդինալ Քոխը, հաստատելով. «Մենք բոլորս երախտագիտութեան պարտք մը ունինք քրիստոնեայ հայերուն նկատմամբ, որ իրենց կեանքով վկայեցին, թէ ինչ ըսել է մարտիրոսութիւնը»։
«Տրուած ըլլալով, որ մարտիրոսը հաւատքի վկան է, ոչ միայն խօսքով այլ իր գործելակերպով, ան հաւատքի վկաներուն շարքին մէջ ամենահաւատալին նկատուած է», ընդգծեց Քրիստոնեաներու միութեան խթանման Վերատեչութեան Վերատեսուչը, նշելով նաեւ, թէ «հայ մարտիրոսները համայն եկեղեցւոյ ցոյց տուին թէ նահատակութիւնը համամիութենական է», որուն մասին Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛արտայայտուի որպէս «արեան համամիութիւն»։ «Մարտիրոսներու հասարակութիւնը արդարեւ շատ աւելի լաւ լեզու մը կը խօսի քան բաժանումները. որոնք այսօր գոյութիւն ունին քրիստոնեայ աշխարհին մէջ» յարեց Ծիրանաւորը։
«Քրիստոնեայ հայերը, որ դաժանաբար հալածուեցան ու կրեցին ծանր նահատակութիւնը, նաեւ ցոյց տուին թէ կարելի է այդպիսի մարտիրոսութիւն մը հանդուրժել միայն երբ անոր կ՜աջակցի քրիստոնէական հաւատքի խոստումին վրայ վստահութիւնը։ Յիսուս իր աշակերտներուն կը խոստանայ Հօրը մօտ երթալ անոնց համար բնակարան պատրաստելու համար եւ ահա այս է քրիստոնեայի մը կեանքին նպատակը» ըսաւ ապա Կարդինալ Քոխը ակնարկելով նաեւ արդարութեան հարցին ու մատնանշելով զատկական շրջանին յիշատակուող հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման զուգադիպումը, այս ուղղութեամբ դիտել տալով որ «մարտիրոսներու հաւատքի վկայութիւնը կ՛ամրապնդէ մերելներու յարութեան քրիստոնէական յոյսը»։
Հայ քրիստոնեայ նպատակներուն բարեխօսութիւնը
Քարոզի աւարտին Կարդինալ Քոխը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Բարթողոմէոս պազիլիքային վրայ, որ, ըսաւ Ան. «նուիրուած է յատուկէն մարտիրոսներու յիշատակին» եւ ասկէ մեկնելով Աստուծոյ փրկարար սիրոյն յանձնեց սպաննուած հայ քրիստոնեաները աւելցնելով, թէ «անոնց կը դիմենք որպէս բարեխօսներ, խնդրելով, որ իրենց երկնային բնակարանին մէջ մեզի ընկերանան այսօր մեր հաւատքի վկայութեան մէջ եւ աղօթքով թիկունք կանգնին բազմաթիւ քրիստոնեաներուն, որոնք այսօրուայ աշխարհին մէջ հալածուած են ու ստիպուած են կրել մարտիրոսութիւնը»։
Շնորհակալութիւն հայ ժողովուրդին` հաւատքի վկայութեան համար
«Այս աղօթարար հոգիով շնորհակալութիւն յայտնենք հայ ժողովուրդին իր հաւատքի վկայութեան համար, որ կեանքով դրոշմեց Պետրոս առաքեալի առաջին նամակին խօսքերը. «Տէր Աստուածը սուրբ պահեցէք ձեր սրտին մէջ, եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամէնուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։ Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն։ Վասն զի աւելի աղէկ է բարեգործութիւն ընելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը այդ է, քան թէ չարագործութիւն ընելով (Ա Պետրոս 3,15-17)։ Ամէն ։
Քարոզէն ետք ընթերցուեցան այլ աղօթքներ եւ համամիութենական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայր Մեր աղօթքով, որմէ ետք, շնորհակալական խօսք արտասանեց Գերշ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպիչ յանձնախումբին, արարողութեան մասնակցող անձնաւորութիւններուն, կարդինալ Քոխին ու Սուրբ Բարթողոմէոս պազիլիքայի հոգեւոր հովիւին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ